Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2026 տարին հայրապետական յատուկ հռչակագիրով յայտարարեց «Հոգեւոր կեանքի վերանորոգման տարի»:
Առ այդ, կիրակի, 11 յունուար 2026-ին, յընթացս սուրբ պատարագին, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ, ձեռագիրներու ու հնատիպերու բաժանմունքներու տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան կարդաց հայրապետական հռչակագիրը:
Արամ Ա. կաթողիկոս հռչակագիրին մէջ կը նշէ, որ այս տարին հոգեւոր կեանքի վերանորոգման նուիրելը հրամայական անհրաժեշտութիւն էր` ի տես հայ կեանքէն ներս հոգեւոր կեանքի առանցքային կարեւորութեան նահանջին: Ան Պօղոս առաքեալի հռոմայեցիներուն ուղղած նամակին վրայ հիմնուելով (Հռ 8.5-8)` հոգեւոր կեանք հասկացողութիւնը կը սահմանէ հետեւեալ մտածումով. «Հոգեւոր կեանք` կը նշանակէ հոգեւորը նկատել գերիվեր նիւթականէն եւ մարդկային կեանքը իմաստաւորել Աստուծոյ ներկայութեամբ ու զայն լեցնել երկնային արժէքներով: Չմոռնանք, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ մարդը, ֆիզիքականէն անդին ու վեր, հոգեւոր գոյութիւն է` Աստուծոյ պատկերով ու նմանութեամբ ստեղծուած: Հոգեւոր կեանքը այնպիսի կեանքի որակ է, որուն առանցքը Քրիստոս Ինքն է` Իր ուսուցումները, հրաշքներէն եկող պատգամները, Իր խաչն ու յարութիւնը. այլ խօսքով, Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան խորհուրդն ու փրկագործական նպատակը` շաղախուած մարդու կեանքին, մտածումին ու գործին հետ: Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ. «Ես չէ որ կ՛ապրիմ, այլ Քրիստոս է, որ կ՛ապրի իմ մէջս: Այս կեանքը, որ այժմ կ՛ապրիմ` մարմինով, կ՛ապրիմ հաւատալով Աստուծոյ Որդիին, որ զիս սիրեց եւ Իր կեանքը զոհեց ինծի համար» (Գղ 2.20): Ահա՛ հոգեւոր կեանքի հիմքը»:
Կաթողիկոսը ապա լուսարձակի տակ կ՛առնէ ներկայ ժամանակներու կենցաղին ազդեցութիւնը հոգեւոր կեանքին վրայ: Անդրադառնալով Աստուածաշունչին` ան կ՛ըսէ. «Աստուածաշունչը կը պարունակէ Աստուծոյ յայտնութիւնը` գրի առնուած Սուրբ Հոգիով ներշնչուած անձերու կողմէ: Հետեւաբար Աստուածաշունչը աստուածային ճշմարտութիւններու, սկզբունքներու, արժէքներու, պատուիրաններու եւ ուսուցումներու ամբողջութիւն մըն է: Հին կտակարանը կը շեշտէ մարդուն մեղանչումը եւ մարգարէներու թելադրութիւնն ու յիշեցումը` վերադառնալու Աստուծոյ, մարդուն մէջ վերականգնելու Աստուծոյ անկեալ պատկերն ու նմանութիւնը: Նոր կտակարանը Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեամբ ու առաքելութեամբ իրագործուած կոչ մըն է մարդուն` ապրելու Քրիստոսով տրուած «լեցուն կեանքը» (Յհ 10.10), հետեւելու երկնային արժէքներու եւ ընթանալու փրկութեան ճանապարհէն: Արդ, Աստուածաշունչին համաձայն, հոգեւոր կեանքը մարդուն վերադարձն է իր երկնաւոր Հօր` Աստուծոյ. ան Աստուծոյ ներկայութիւնն է մարդու կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի հետեւիլ է` երկնային ճշմարտութիւններու ու արժէքներու կենսագործումով»: Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայ եկեղեցւոյ, հայրապետը կը նշէ, որ ծէսը, վանական կեանքն ու մշակոյթը արտայայտիչ ազդակներ են հոգեւոր կեանքին: «Այսօր, պայմաններու բերումով, մեր ժողովուրդին մէջ հոգեւոր կեանքը չի ներկայացներ նոյն կենսունակ վիճակն ու հարազատ պատկերը` յարաբերաբար անցեալին», կ՛ըսէ Արամ Ա. կատարելով հետեւեալ նշումները.
Ա) Հայ եկեղեցին դարձած է առաւելաբար ծիսակեդրոն, հետեւաբար հրամայական եւ անյետաձգելի է ծիսական կեանքի բարեփոխումը` ներկայ պայմաններու ու պահանջներու պատշաճեցումով, աւանդութիւններու ու տօնախմբութիւններու ճոխացումով եւ ժողովուրդին գործօն մասնակցութեամբ:
Բ) Պատմութեան ընթացքին Հայ եկեղեցւոյ կեանքին, առաքելութեան ու ծառայութեան մէջ ազգայինը դարձած է տիրական` ի հեճուկս հոգեւորին: Առանց անտեսելու ազգային արժէքներու կարեւորութիւնը` անհրաժեշտ է, որ Եկեղեցին յատուկ նախաձեռնութիւններու դիմելով` շեշտէ հոգեւոր արժէքներու կենսական կարեւորութիւնը հայ կեանքէն ներս` որպէս աղբիւրը մեր բարոյական, մշակութային, կրթական ու ազգային արժէքներուն:
Գ) Մեր կրօնական շրջանակներէն ներս հոգեւոր կեանքը սկսած է դառնալ ընդհանրապէս ձեւական ու ցուցական եւ հայ իրականութենէն ներս` լուսանցքային: Հոգեւոր արժէքներու ներթափանցումը մեր անհատական, ընտանեկան ու հաւաքական կեանքէն ներս տակաւին կը կարօտի աւելի ազդու եւ ներգործող նախաձեռնութիւններու ու հետեւողական աշխատանքներու:
Վերջապէս, կաթողիկոսը մանրամասն կ՛անդրադառնայ հոգեւոր կեանքին եւ հայրապետական հռչակագիրը կ՛աւարտէ հայրական թելադրութիւններով` ուղղուած համայն հայութեան:
Նշենք, որ յիշեալ հայրապետական հռչակագիրը շուտով պիտի հրապարակուի:


