Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կամաւորներու Օրուան Նշում Կամաւորութեան Խորհրդանիշ Նկատուող ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

January 10, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ քարոզչական յանձնախումբին, 26 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ  նշուեցաւ Կամաւորներու օրը:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով:

Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ու կամաւոր աշխատանքի վերաբերող, ԼՕԽ-ի ու ՀՕՄ-ի աշխուժ գործունէութիւններէն առնուած լուսանկարներով հարուստ տեսերիզին մէջ բարի գալուստի խօսք ուղղուեցաւ ներկաներուն: Անդրադարձ կատարուեցաւ այն իրականութեան, որ կամաւոր աշխատանքը հիմքն է մարդկութեան: Առանց ուրիշին օգնելու` ոչ ոք հասկցած է եւ կրնայ հասկնալ կեանքին իմաստը:

«Իսկապէս, կամաւոր աշխատանքը մարդկային ամէնէն վսեմ ու ամէնէն կարեւոր աշխատանքներէն մէկն է ոչ միայն կամաւորութեան արդիւնքը քաղողին համար, այլ նաեւ` այդ կամաւոր գործունէութիւնը ծաւալողին: Կամաւոր աշխատանքը, կարծէք, խաղի կանոնները փոխող բան մըն է: Ան մարդուն կու տայ կեանքի նպատակ ու առաջադրանք, առաքելութիւն, կ՛օգնէ` իւրաքանչիւր անհատի մարդկային կեանքին մէջ իր ներդրումը ունենալու, քաղելու օրհնութիւններ, սերմանելու ժպիտներ, լսելու գոհունակութեան եւ երախտագիտութեան անգին խօսքեր, որոնցմէ այլապէս պիտի զրկուէր, եւ որոնք իսկապէս շատ յարգի են», նշուեցաւ տեսերիզին մէջ:

Ապա լուսարձակի տակ առնուեցաւ այն, որ 115 տարեկան երիտասարդ ՀՕՄ-ի ու 95 տարեկան առոյգ ԼՕԽ-ի կամաւոր անդամները լաւապէս գիտեն կամաւոր ըլլալու իմաստն ու արժէքը, որովհետեւ արդէն իսկ դար մը եւ 15 տարիներ ամբողջացուցած ՀՕՄ-ն ու մօտիկ ապագային դար մը ամբողջացնելու սեմին կանգնած ԼՕԽ-ը այսքան երկար ատեն գոյատեւած են եւ կը շարունակեն գոյատեւել միայն ու միայն տասնեակ հազարաւոր կամաւորներուն շնորհիւ, որոնք, իրենց տունն ու կեանքը երկրորդական նկատելով, լծուած են` հաւաքական աշխատանքի` հաւատալով անոր առաջնահերթութեան: Առ այդ, շեշտուեցաւ, որ ԼՕԽ-ականները եղած են ու կը շարունակեն ըլլալ կամաւոր աշխատանքի ամէնէն խօսուն, գործօն եւ կենդանի օրինակը:

«ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած կամաւորներու նուիրուած այս ձեռնարկին կը հաստանենք, որ կամաւորները չեն վարձատրուիր ոչ թէ այն պատճառով, որ անոնք անարժէք են, այլ այն պատճառով, որ անոնք անգին են:  Ձեր տօնը շնորհաւոր, դուք իսկապէս անգին էք, իսկ ձեր կատարած նուիրեալ աշխատանքը` աստուածատուր պարգեւ ու օրհնութիւն` թէ՛ ձեզի, թէ՛ ստացողներուն», հաստատեց յանձնախումբը:

Ապա ներկայացուեցաւ Կամաւորներու օրուան դասախօս Մակի Խաչերեանի կենսագրական ամփոփ գիծերը, շեշտը դրուեցաւ ընդհանրապէս անոր ծաւալած կամաւոր աշխատանքին, յատկապէս` ԼՕԽ-ի մէջ:

ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբի անդամ Նանի Գալուստեան ներկայացուց օրուան յայտագիրը:

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտներէն Նարինէ Խտրեան եւ Փելիա Տեմիրճեան անջատաբար ջութակի վրայ նուագեցին Խաչատուրեանէն կտորներ:

Օրուան պատգամախօսն էր Մակի Խաչերեան, որ դիտել տուաւ, թէ իւրաքանչիւր հայուհի ԼՕԽ-ական է առանց իր ճակտին վրայ ԼՕԽ-ի պիտակը կրելու, որովհետեւ բնազդով տան թէ շրջապատին դաստիարակութեամբ իր բնածին նկարագիրով, իր ժառանգութեամբ բարեգործ ու բարեսէր է: «Ասոր ցայտուն վկան է Հայոց պատմութիւնը եւ իւրայատուկ ձեւով հայ կնոջ պատմութիւնը, մեր ժողովուրդի կազմութենէն մինչեւ այսօր, որուն բարեգործութիւնը եղած է բնածին յատկութիւն եւ շնորհ, ամէնօրեայ կամաւոր գործ` հեռու ամէն տեսակ ձեւակերպութենէ եւ անկախաբար անոր ընկերային վիճակէն, դասակարգէն` իշխանուհի թէ գիւղացի», ըսաւ ան:

Խաչերեան ապա ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ կամաւոր աշխատանքի պատմութեան, որ կը սկսի միջնադարէն, ան ըսաւ, որ կամաւոր բառը առաջին անգամ նշուած է 1755-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ, երբ կամաւորներ մասնակցեցան յեղափոխական պատերազմին: Ան խօսեցաւ մարդկային կեանքի մէջ կամաւորութեան տարածման մասին` թուականներով եւ դէպքերով ներկայացնելով իւրաքանչիւր յատկանշական փուլ: Ան դիտել տուաւ, որ հայոց մէջ ալ կանուխ սկսած է կամաւորութիւնը, երբ վանքեր ապաստան տուած են անկար մանուկներուն եւ երէցներուն, անոնց խնամատարութիւնը կատարած են:

Մակի Խաչերեան նշեց, որ կամաւորութիւն բառը` voluntarism, լատիներէն ծագում ունի, անիկա կը նշանակէ կամովին ընտրութիւն, կը նպատակադրէ համայնքներուն մէջ կարելիութիւն ստեղծել իրարու կապուելու, օժանդակելու առանց վարձատրութեան եւ վայելելու փորձառութիւնն ու երջանկութիւնը մարդկային հաւաքականութեան մէջ երկարատեւ փոփոխութեան իրագործումի յաջողութեան մէջ բերուած մասնակցութեան համար: Ըստ անոր, կամաւորութիւնը ինքնին երկու տեսակ է` ոչ պաշտօնականը, որ անհատական յարաբերութիւններու ճամբով օգտակար հանդիսանալ է, եւ պաշտօնական, երբ անհատը կը միանայ համայնքային զարգացման համար ստեղծուած անվճար ծառայութիւններ մատուցող խմբաւորումներուն: Կամաւորներու օրուան նշումը սկսած է 1986-ին, 2001-ին ՄԱԿ-ը յայտարարած է Կամաւորներու տարի` ստեղծելով կամաւոր կազմակերպութիւններու ցանցը, որուն նպատակն է` ամբողջ աշխարհի մէջ տօնել, բացայայտել կամաւորներու ուժը, քաջալերել այս աշխատանքը, հրաւիրել պետութիւնները զօրավիգ կանգնելու այս աշխատանքին, ինչպէս նաեւ` միացնելու կամաւորներուն ջանքերը: Դասախօսը տեղեկացուց, որ 2026-ին Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը պիտի հրաւիրէ ճանչնալու այս համաշխարհային շարժումը` շեշտելով կամաւորներու կենսական դերը աշխարհի յառաջդիմութեան աշխուժացման նպատակով:

Մ. Խաչերեան նաեւ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ կամաւոր աշխատանք տանողն ալ դրական լիցքեր կը ստանայ, ինքզինք կը վերարժեւորէ, պատկանելիութեան զգացում կ՛ունենայ, ձիրքերը կը բացայայտէ, հոգեկան գոհունակութիւն կ՛ապրի, շրջանակ կը կազմէ, հորիզոնները կ՛ընդարձակէ եւ այլն:

Յաջորդ բաժինով բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ հայոց մէջ կամաւոր աշխատանքին, որուն արմատները բաւական հին են, եւ որ` մնայուն ներկայութիւն եղած է մեր կեանքին մէջ: Ան ըսաւ, որ օտարի լուծին տակ երբեմն բացայայտ, երբեմն գաղտնի, կազմակերպուած բարեսիրական խմբակներ պահպանեցին հայ գեղջուկն ու մանուկը, իսկ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ ՀՕՄ-ն ու ԼՕԽ-ը կամաւորական ազնուագոյն գունդերն են, որոնց մաս կազմողները իրենց կեանքով ծառայեցին հայ ազգի գոյատեւման վեհ նպատակին: Բանախօսը շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու անոր նախորդած արհաւիրքի օրերը նոր իմաստ ու հրամայական տուին հայ կամաւորներու աշխատանքին` մղիչ ուժ դառնալով, որ 1910-ին հիմնուի Հայ օգնութեան միութիւնը, իսկ 1930-ին` Լիբանանահայ օգնութեան խաչը: Ան նկատել տուաւ, որ մեր իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող բազմերանգ կամաւոր աշխատանքին ազնուագոյնն է ԼՕԽ-ի աշխատանքը, որուն հովանիին տակ կը գործեն հոյլ մը հայուհիներ` առանց տարիքի թէ ընկերային մակարդակի խտրութեան, անոնք լծուած են ծառայութեան, տալու` նիւթական թէ բարոյական, տալու անխտիր բոլորին եւ առանց փոխարէնի:

Մակի Խաչերեան դիտել տուաւ, որ Կամաւորներու օրուան նշումը նաեւ առիթ պէտք է ըլլայ` վերարժեւորելու մենք մեզ, տեսնելու տարուած աշխատանքն ու քննելու անոր արդիւնաւէտութիւնը, մտածելու մենք մեզ զինելու յատկութիւններուն մասին, որպէսզի կարենանք գոյատեւել ու շարունակել երթը:

«Իրականութիւն է, որ կամաւոր աշխատանքը բնածին է, ու հայ ժողովուրդը բախտաւոր է այս յատկութիւնը ունենալուն համար: Սակայն վստահաբար այդ մէկը բաւարար չէ: Անհրաժեշտ է` նորոգուիլ, ժամանակին հետ քայլ պահել, օգտուիլ մեր սխալներէն ու չկրկնել զանոնք, ունենալ ազնիւ հոգի, բարի միտք, անսպառ ուժ, աննկուն կամք, ըլլալ ներողամիտ, սակայն ոչ թոյլատու` սխալներու նկատմամբ, բծախնդիր աշխատանքի մէջ ու հետամուտ լաւագոյնը գործելու` առանց սակարկութեան, օգտուիլ ուրիշներու փորձառութենէն, որովհետեւ ԼՕԽ-ը հայուհին պատրաստող հնոցն է», շեշտեց դասախօսը: Ան հիմնական ու առաջնահերթ նկատեց երիտասարդութեան ներգրաւումը, շեշտեց, որ կամաւոր պատրաստելու աշխատանքը կը սկսի տունէն, փոքր տարիքէն: Խաչերեան շեշտեց, որ պէտք է լսել երիտասարդները, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, պէտք է դուրս գալ դասականէն, տարբեր գործելաոճ որդեգրել, կամաւոր աշխատանքի նոր մարզեր ստեղծել, որպէսզի ներգրաւուին երիտասարդները, եւ նոր փայլք ստանան միութիւնն ու կամաւոր աշխատանքը:

Անկէ ետք Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի «Տամիտոմ» տհոլահարներու խումբը, որուն մաս կը կազմեն` Սահակ Տէտէեան, Արէն Մանճիկեան, Գօգօ Շերնեզեան եւ Արմէն Թերզեան, ներկայացուցին «Բերդ» եւ «Տամիտոմ» կտորները` ջերմ մթնոլորտ ստեղծելով սրահին մէջ:

Աւարտին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Ուլիշեան եւ քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ Նորա Բարսեղեան յուշանուէր մը յանձնեցին օրուան դասախօսին` առ ի շնորհակալութիւն:

Ձեռնարկի աւարտին բոլորին բաժնուեցան յիշատակի նուէրներ:

Նախորդը

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Անթոնի Էտուըրտծ 10 Հազար Կէտի Հասաւ

RelatedPosts

Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը
Գաղութային

Կոչ Զօրակցութեան

February 9, 2026
Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Եւ Տօնախմբութիւն
Գաղութային

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Եւ Տօնախմբութիւն

February 9, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուրիէ Եւ Սաֆար Ասորի Արքեպիսկոպոսները
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուրիէ Եւ Սաֆար Ասորի Արքեպիսկոպոսները

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.