Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտները մասնակցեցան Անթոնիօ Վիվալտիի անուան միջազգային առցանց մրցումին (Vivaldi International Music Competition) եւ արժանացան հետեւեալ պատուաբեր դիրքերուն.
Նարին Խտըրեան (14-17 տարիքային խումբ) – Արամ Խաչատրեանի «Օրօր»-ը եւ Շնիտկէի «Պոլկա» – Բացարձակ առաջին մրցանակ
Վանայ Թորոսեան (11-13 տարիքային խումբ) – Պախի «Պարտիտա» թիւ 2, ռե մինոր, Ալեմանդա, եւ Մազասի «Կապրիս» թիւ 30 – Առաջին մրցանակ
Փելիա Տէմիրճեան (11-13 տարիքային խումբ) – Պախի «Սոնատ» թիւ 1, սոլ մինոր, Պրեստօ, եւ Խաչատրեանի «Նոկտիւրն» – Երկրորդ մրցանակ
Յայտնենք, որ աշակերտներուն ուսուցիչն է Արմէն Ճէնտէրէճեանը, իսկ անոնց նուագակցեցաւ ուսուցիչ Վերոնա Ռուսիալեանը:
Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը ջերմօրէն կը շնորհաւորեն մեր աշակերտներն ու անոնց ուսուցիչները` այս նշանակալի յաջողութեան համար, որ արդիւնք է անոնց շարունակական եւ հետեւողական աշխատանքին:


