ԼՕԽ-ի աւանդական նախաձեռնութիւններուն մաս կը կազմէ Նոր տարուան առիթով հաւաքոյթ կազմակերպել մանուկներուն եւ երէցներուն համար:
Արդարեւ, 19 դեկտեմբեր 2025-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 6-12 տարեկան մանուկ-պատանիներու խրախճանք:
Հրաւիրուած 56 փոքրիկները հիւրասիրուեցան ճաշարան «Արեւ»-ին տրամադրած համեղ հաւու հացիկներով, պտղահիւթով եւ կարկանդակով: Խանդավառ մթնոլորտի մէջ խաղացին, պարեցին եւ զուարճացան 2 ժամ:
Մթնոլորտը աւելի ճոխացուցին «Հեփփի քիտզ» եւ «Հայ շեփոր» խումբերը: Մանուկները մեծապէս ուրախացան գալուստով Կաղանդ պապային, որ իր կարգին բոլորին բաշխեց վեհանձն բարերարին տրամադրած նուէրները:
Փոքրիկները գոհունակ եւ բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան իրենց տուները:
Շաբաթ, 20 դեկտեմբեր 2025-ին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը նոյն վայրին մէջ կազմակերպեց ամանորեան յատուկ ձեռնարկ մը` ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի շուրջ 100 տարեց ու կարիքաւոր անձերուն յատուկ: Նախաձեռնութեան նպատակն էր ուրախացնել անոնց հոգիները եւ ժպիտ մը գծագրել անոնց դէմքերուն վրայ: Տարեցներուն եւ ընկերային ծանր պայմաններու մէջ եղողներուն տաք ճաշ տրամադրելու ԼՕԽ-ի այս ծրագիրը իրականութիւն կը դառնայ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան աջակցութեամբ:
Բացման խօսքը արտասանեց խոհանոցի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սիլվա Գարակէօզեանը, ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց Ամանորը` մաղթելով առողջութիւն բոլորին:
Մթնոլորտը ճոխացուց երգիչ Հրակ Քերսոյեանը, ներկաները երգեցին ու պարեցին: Ապա հաւաքական տարեդարձ տօնուեցաւ:
Աւարտին, ներկաները նուէրներ ստանալով, մեկնեցան իրենց տուները` ունենալով անմոռանալի եւ յիշատակելի օր մը:


