Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք Պուրճ Համուտէն Աւետեց Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութիւնը

January 10, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի աստուածայայտնութեան եւ մկրտութեան լուսաշող տօնին առիթով, երեքշաբթի, 6 յունուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 9:45-ին Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ հաւատաւոր մեծ ընտանիքը խորին խանդավառութեամբ եւ աղօթական ոգիով դիմաւորեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքը:

Տեղի ունեցաւ տօնական շքերթ` Սուրբ Մեսրոպի արիներուն, ՀԿՄ-ի շեփորախումբին եւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ: Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մուտքէն պատրիարքը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ դահլիճը, ուր զգեստաւորումէն ետք, ժամը 10:00-ին հանդիսաւոր թափօրով սկիզբ առաւ հայրապետական ս. պատարագը:

Խորանին սպասարկեցին «Յիսուսի բարեկամները», Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքը մատուցեց պատարագը` առընթերակայութեամբ ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեանի եւ փոխժողովրդապետ Ռաֆայէլ վրդ. Ժաուհարժիի:

Հոգեւոր տէրը ժողովուրդին ուղղած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ աստուածայայտնութեան սրբազան խորհուրդին: Ան հրաւիրեց հաւատացեալները` վերագտնելու իրենց մկրտութեան շնորհքը, ապրելու Քրիստոսի լոյսով եւ խաղաղութեամբ եւ իրենց կեանքը դարձնելու կենդանի պատարագի` սիրոյ, հնազանդութեան եւ ծառայութեան մէջ, որպէսզի Աստուծոյ փառքը յայտնուի իւրաքանչիւր սրտի մէջ:

Ս. զոհին աւարտին տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւնը, որուն հոգեւոր ծառան էր Էլիօ Պու Սատեր` իբրեւ ս. խորանի հաւատարիմ ծառայող:

Արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց «Արծիւեան» երգչախումբը, իսկ սուրբ ընթերցումները կատարեցին Սուրբ Մեսրոպի արիներէն, ՀԿՄ-ի երիտասարդականէն եւ «Յիսուսի բարեկամներ» միութենէն ընտրուած անձեր` իբրեւ համայնքի տարբեր շերտերու միահաւաք վկայութիւն` Աստուծոյ խօսքին ծառայութեան մէջ:

Արարողութիւններէն ետք բոլորը ուղղուեցան ՀԿՄ-ի «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» սրահը, ուր տեղի ունեցաւ տան օրհնութեան արարողութիւնը` Տիրոջ խաղաղութիւնն ու օրհնութիւնը հայցելով համայնքի կեանքին եւ ընտանիքներուն համար:

Ընդունուեցան նաեւ սուրբծննդեան եւ աստուածայայտնութեան շնորհաւորութիւնները` հոգեւոր տիրոջ օրհնութեամբ եւ համայնքի անդամներուն միջեւ փոխադարձ ուրախութիւն եւ օրհնութիւն տարածելով:

—————-

Եւ Այսպիսով` Միասին Տօնեցինք

Կազմակերպութեամբ Ս. Փրկիչ Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի» մշակութային միութեան, 21 դեկտեմբեր 2025-ին «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ իր տեսակին մէջ եզակի, ինքնուրոյն, հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան տօն` «Եկէք միասին տօնենք» սուրբծննդեան միջեկեղեցական համերգ:

Համերգին ներկայ էին` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանը, Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեանը` մեծաւոր Զմմառու մայրավանքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի,  նախկին նախարարներ, երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Պուրճ Համուտի եւ Պէյրութի քաղաքապետութիւններէ անդամներ, հայկական վարժարաններու եւ հաստատութիւններու տնօրէններ, հայրենակցական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, թաղապետներ եւ մշակութասէր հոծ բազմութիւն մը:

Պուրճ Համուտի ՀԿՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, խմբավարութեամբ Ալեքս Լեւոնեանի, հրամցուեցան ճոխ եւ խանդավառ տօնական եղանակներ:

«Ս. Ներսէս Լամբրոնացի» մշակութային միութեան անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մարալ Հարպոյեան, որ ըսաւ, թէ Սուրբ Ծնունդի այս օրերուն բոլորին սրտերը լի են սիրով, համերաշխութեամբ եւ ուրախութեամբ: «Թող այս յատուկ պահերը լեցնեն ձեր տուները խաղաղութեամբ, ձեր հոգիները` լուսաւորութեամբ, եւ ձեր կեանքերը` յոյսով», մաղթեց ան: Հայերէնով բացման խօսք արտասանեց Լենա Հաւաթեան-Պաղտասարեան, որ ըսաւ. «Մշակոյթը լեզու չի ճանչնար, ան սահմաններ չ՛ընդունիր եւ կամուրջներ կը կառուցէ մարդոց եւ միութիւններու միջեւ: Այս համագործակցութիւնը առաջինն է «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի» մշակութային միութեան, որ կ՛իրականանայ մեր Տիրոջ` Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծնունդին առիթով, միակ եւ հիմնական նպատակով` համախմբել մեզ, սուրբծննդեան գաղափարները միացնել եւ միասին կիսել ստեղծագործութեան ու միջեկեղեցական ոգին: Թող այս սկիզբը դառնայ շարունակական համագործակցութեան եւ նոր գեղեցիկ նախաձեռնութիւններու նախերգանք»:

Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Ռաֆայէլ վրդ. Ժաուհարժի խօսք առնելով` արաբերէնով ըսաւ. «Այս սրբազան օրը մեզ կը հաւաքէ ոչ միայն տօնելու Քրիստոսի ծնունդը, այլ նաեւ` վերապրելու այն հոգեւոր եւ մշակութային արժէքները, որոնք դարեր շարունակ կերտած են մեր կեանքը: Եկեղեցին եղած է մեր հաւատքի կենդանի սիրտը, իսկ մշակոյթը` այդ հաւատքին ձայնը, արտայայտութիւնը եւ յիշողութիւնը»: Վարդապետը դիտել տուաւ, որ խաղաղութեան, յոյսի եւ սիրոյ պատգամ պարունակող մեծագոյն տօնը նշելու կողքին, ասիկա առիթ է միասնաբար ապրելու մեր աւանդոյթներն ու մշակութային արժէքները:

Ալին Հատատ-Մարաշլեան հանրութեան ներկայացուց իւրաքանչիւր երգչախումբի ներկայացնելիք կտորները` մէջբերելով սուրբծննդեան հոգեւոր խօսքեր եւ մաղթանքներ, որոնք պարուրեցին ներկաները: Ապա հերթաբար ելոյթ ունեցան` Սէյտթ Էլ Նահր եկեղեցւոյ երգչախումբը, որ ներկայացուց յոյն մելքիթ կաթողիկէ համայնքը` խմբավարութեամբ Էլի Ասաատի, որմէ ետք Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասը ներկայացուց Հայ առաքելական համայնքը` խմբավարութեամբ դպրապետ Կարօ սրկ. Աղազարեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ռիթա Գարամանուկեան-Հատետճեանի: Սոփրանօ Էլսի Եուսեֆ ներկայացուց մարոնի համայնքը` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ժոան Աքիքիի: Հոգեւոր ծննդեան մթնոլորտը շարունակելով «Արմիս» երգչախումբը ներկայացուց Հայ աւետարանական համայնքը` խմբավարութեամբ վերապատուելի Նշան Պաքալեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սարօ Տեյրմենքեանի, ապա Էլի Ապու Մրատ, Ֆետի Խուրի եւ Ապտօ Ուարտէ ներկայացուցին Յոյն ուղղափառ համայնքը: Անկէ ետք Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ «Յոյս» երգչախումբը ներկայացուց Հայ կաթողիկէ համայնքը` խմբավարութեամբ Նշան սրկ. Հաննէշեանի եւ Ալեքս Լեւոնեանի ու երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ժորժ Լեւոնեանի:

Ապա Քեւըն Եուսեֆ հանդէս եկաւ` ներկայացնելով յատուկ ոճով բարձրորակ կատարումով մետլի Կաղանդի եղանակներ: Ձեռնարկը եզրափակեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Շուշի» պարախումբը` «Տարբեր համով Ս. Ծնունդը» կենդանի պատկերով ներկայացնելով սուրբծննդեան միասնականութեան գաղափարը, միութիւնը զօրութիւն է նշանաբանը եւ հայկական ու լիբանանեան մշակոյթը` պատրաստութեամբ պարուսոյց Աւօ Գարաքէշիշեանի:

Յայտագիրի աւարտին Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեան իր խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց մեծաթիւ ներկայութեան համար, դիտել տուաւ, որ նախաձեռնութեան միակ պատգամը սէրն է: «Մեր խորին երախտագիտութեամբ եւ անկեղծ շնորհակալութեամբ կը դիմենք ձեզմէ իւրաքանչիւրին` ձեր ներկայութեան, նուիրումին եւ արժէքաւոր մասնակցութեան համար այս իր տեսակին մէջ եզակի եւ պատմական սուրբծննդեան ձեռնարկին: Ձեր մասնակցութեամբ այս երեկոն վերածուեցաւ ոչ միայն մշակութային բարձրարժէք հանդիպումի մը, այլ նաեւ` խոր հոգեւոր վկայութեան մը այն սրբազան արժէքներուն, որոնք կը միաւորեն մեզ` միասնականութիւն, միութիւն եւ զօրութիւն: Այս բոլորին հիմքը Քրիստոսն է եւ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդի լուսաւոր պատգամը, որ մեզ կը կանչէ սիրոյ, խաղաղութեան եւ եղբայրասիրութեան ճանապարհին»:

Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր համայնքներուն, որոնց օրինակելի համագործակցութեամբ ձեռնարկը ստացաւ առանձնայատուկ խորութիւն եւ խորհրդանշական նշանակութիւն: «Այս միասնական ձայները կենդանի վկայութիւն դարձան այն ճշմարտութեան, որ Քրիստոսի ծնունդը սահմաններ չի ճանչնար եւ բոլորս կը միաւորէ մէկ հաւատքով, մէկ սրտով եւ մէկ նպատակով: Թող սուրբծննդեան աստուածային լոյսը շարունակէ լուսաւորել մեր ուղիները, ամրապնդէ մեր միութիւնը եւ առաջնորդէ մեզ դէպի աւելի համերաշխ, զօրեղ ու միացեալ համայնքներ` Քրիստոսի սիրոյ եւ խաղաղութեան մէջ»:

Ձեռնարկի աւարտին Մարալ Հարպոյեան հրաւիրեց գեղարուեստական յայտագրի մասնակիցները եւ ժողովրդապետը, որ յանձնեց Սուրբ Ծնունդը խորհրդանշող նուէր մը հայերէն տառերով գրուած «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» աւետիսը եւ Բեթղեհէմի ծաղիկը:

Նախորդը

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ» Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին

November 6, 2026
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ

November 6, 2026
Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին.   «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին
Գաղութային

Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին. «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.