Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առիթով Ս. Պատարագ

January 22, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 18 յունուար 2026-ին Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով առաւօտեան ժամը 9:30-ին Հայաշէնի մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ապա թափօրը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց Ս. պատարագ:

Իր քարոզի սկզբնաւորութեան սրբազան հայրը եկեղեցւոյ տօնին առիթով ողջունեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ ծխային համայնքը, նաեւ` յարակից մարմիններն ու կառոյցները, որոնք այս միջավայրէն ներս եւ եկեղեցւոյ շուրջ կը փորձեն քրիստոնէական աւանդն ու հայեցիութիւնը պաշտպանել` համաձայն մեր դարաւոր աւանդութեանց եւ սկզբունքներուն:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը ըսաւ, որ նուիրական այս առիթով պէտք է յիշենք, թէ Յովհաննէս Մկրտիչ ուխտի զաւակ էր եւ Զաքարիա մարգարէն իր յառաջացած տարիքին հրեշտակին բերնով իր զաւկին ծննդեան լուրը ստացած էր: Սրբազանը ըսաւ, որ մեր Եկեղեցին պարբերաբար մեր սուրբերը եւ նուիրական դէմքերը կը յիշատակէ, որպէսզի անոնց ընդմէջէն մեր ժողովուրդի զաւակները Աստուծոյ պատգամը քաղեն եւ համաձայն այդ պատգամին` իրենց կեանքէն ներս վերադասաւորումներ կատարեն: Ան ըսաւ, որ այս առիթով մեր հոգիներուն մէջ ձայն մը պէտք է արձագանգէ, անապատին մէջ առաջին անգամ բարձրացած եւ արձագանգած Յովհաննէս Մկրտիչի ձայնը, որ բոլորիս կը թելադրէ եւ կը պատգամէ, որ Տիրոջ ճամբան պատրաստենք, որպէսզի անցնի հասնելու համար մեր կեանքին, մեր տուներուն, մեր աշխատանքին, բարոյական նոր վիճակ ստեղծելու համար մեր իրականութեան մէջ: Սրբազանը ըսաւ, որ այս առիթով նաեւ պէտք է յիշենք Եկեղեցւոյ եւ մեր կեանքին, մեր ամրութիւնը երաշխաւորող սուրբը, իր կենդանութեան ընթացքին թէեւ առանձնացած էր անապատին մէջ, սակայն զարմանալի համարձակութեամբ եւ երբեմն ուժգնութեամբ կը խօսէր ժողովուրդին ու հեղինակութիւններուն հետ` բոլորին յիշեցնելով Աստուծոյ ահեղ դատաստանին մասին եւ բոլորին թելադրելով, որ իրենք զիրենք ուղղեն եւ զետեղեն Տիրոջ ճամբաներուն մէջ, որպէսզի չարժանանան Աստուծոյ ահեղ դատաստանին: Շահէ արք. Փանոսեան դիտել տուաւ, որ այդ ձայնը այսօր պէտք է մեր սրտերուն մէջ արձագանգէ եւ մեզ սթափեցնէ, որ` պէտք է անդրադառնանք, թէ քրիստոնէութիւնը ինքզինք ուրիշին բաշխելով կատարելութեան երթալու ընթացք է: Կեանքը պատահականութիւն չի ճանչնար, հետեւաբար քրիստոնեան պատահականութեան պէտք չէ ձգէ` իր սեփական կեանքը, իր տան վիճակը, իր միջավայրին կացութիւնը եւ այն ընկերութեան վիճակը, որուն անդամն է ինք:

Սրբազանը ըսաւ, որ այս ճշմարտութիւնները պէտք է ուժգնօրէն սթափեցնեն մեզ եւ թելադրեն իւրաքանչիւրիս, որ մեզի վերաբերող պարտականութիւններուն նկատմամբ ըլլանք աւելի նախանձախնդիր, գիտակից եւ հաւատարիմ, այլապէս, թէեւ Աստուած սէր է, սակայն իր ահեղ դատաստանին իրողութիւնը պէտք չէ մեր միտքէն հանենք, որպէսզի անկումի չտանինք մեր կեանքը եւ չքայքայենք այն, ինչ որ կը փորձենք Աստուծմով պահել, կառուցել եւ շինել:

Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ ներկայիս ահեղ դատաստանի մասին շատ խօսողներ չկան` հակառակ այն իրողութեան, որ մարդկային ընկերութիւնը, մասնաւորաբար` մեր ընկերութիւնը, տեսակաւոր տագնապներու բովէն կ՛անցնի, աւելցնելով, որ պէտք է սթափինք եւ արթննանք, մեր պարտականութիւններուն գիտակցութեամբ դարձեալ խրախուսուինք, որպէսզի իսկապէս Տիրոջ ճամբան պատրաստենք, եւ մաքրենք այն բոլոր շաւիղները, որոնց վրայ աշխարհի հարցերը այնքան կուտակուած են, որ` մենք շատ անգամ մեր արժէքներուն երթալու պահուն յանկարծ կը շեղինք ու կը մոլորինք այն ճանապարհներէն, որոնք կը վերաբերին մեզի:

«Սթափինք ու արթննանք, մասնաւորապէս` մեր զաւակներուն դաստիարակութեան աշխատանքին մէջ: Սթափինք ու արթննանք, որպէսզի վաղուան մեր կեանքը ըլլայ լուսաւոր ու փառապանծ, այնպէս` ինչպէս էին երէկուան մեր կեանքն ու վիճակը: Սթափինք ու արթննանք, որպէսզի մեր կեանքէն ներս նոր վաստակ գոյացնելով` ամրանանք եւ ամրանալով` նոր խիզախութիւններու առաջնորդենք մեր վիճակը», եզրափակեց սրբազան հայրը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Պարգեւատրում` Եկեղեցւոյ
Ծառայած Նուիրեալներու

Այնուհետեւ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ «Պէաթրիս Պչաքճեան» սրահին մէջ կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին խօսք առաւ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Քրիստ Աճեմեան: Ան ողջունելէ ետք սրբազան հօր ներկայութիւնը եկեղեցւոյ յարկին տակ, դիտել տուաւ, որ շրջանի պայմանները դժուար են, ծուխը նօսրացած է, երիտասարդ մարդուժը այլ շրջաններ կ՛ապրի, եւ այս բոլորը երբեմն այլազան մարտահրաւէրներու առջեւ դէմ յանդիման կը դնեն բոլորս, սակայն Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ սրբազան հօր թելադրանքներուն եւ հայրական խրատներուն ու քաջալերանքին շնորհիւ` կը վերանորոգուինք եւ առաւել եւս ճիգ կը թափենք` լաւագոյն աշխատանքը մատուցելու եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին:

Շարունակելով իր խօսքը` Աճեմեան ըսաւ, որ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով թաղականութիւնը ուզած է պարգեւատրել տարբեր տարիներու Թաղական խորհուրդին անդամակցած չորս ազգայիններ, որոնք այլազան պարտականութիւններու ընդմէջէն, եկեղեցւոյ պայծառացման եւ վերելքին համար իրենց անվերապահ աջակցութիւնը եւ գործակցութիւնը երբեք չեն զլացած, եւ հաստատեց, որ անոնք եկեղեցւոյ հովանիին տակ, որպէս հայ քրիստոնեայ թրծուած անհատներ, աշխուժ, անշահախնդիր, գործունեայ եւ եկեղեցական կանոններուն հաւատարիմ իրենց կենցաղով լաւագոյնս արժեւորեցին իրենց վստահուած առաքելութիւնը: Աճեմեան նկատել տուաւ նաեւ, որ տարբեր առիթներով եկեղեցւոյ ծառայած այլ անդամներ արդէն իսկ պարգեւատրուած են: Ապա ան հրաւիրեց չորս պարգեւատրեալները` Եփրեմ Պուտուքեան, Արտաշէս Գասարճեան, Յարութ Արթինեան, Իշխան Շահինեան եւ անոնց յանձնեց յուշանուէրներ:

Իր խօսքի աւարտին Ք. Աճեմեան շնորհակալութիւն յայտնեց Կարօ Քէլէշեանին եւ Անայիս Կէտիկեանին, որոնք իրենց երգեցողութեամբ մասնակից դարձան օրուան պատարագին:

Սրբազան հայրը շնորհաւորեց պարգեւատրեալները եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ անոնց գործունէութիւնը օրինակ դառնայ բոլորին: Սրբազանը նաեւ մաղթեց, որ եկեղեցին դիմագրաւէ բոլոր մարտահրաւէրները եւ գոյատեւէ` հրամայական նկատելով եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուիլը, անոր ծառայելն ու անոր նեցուկ կանգնիլը:

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին. Լիբանանի Ազգային Վարժարաններուն Ի Նպաստ Հանգանակուեցաւ 350.400 Ամերիկեան Տոլար

RelatedPosts

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին.  Լիբանանի Ազգային Վարժարաններուն Ի Նպաստ Հանգանակուեցաւ 350.400 Ամերիկեան Տոլար
Գաղութային

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին. Լիբանանի Ազգային Վարժարաններուն Ի Նպաստ Հանգանակուեցաւ 350.400 Ամերիկեան Տոլար

January 22, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հզպալլայի Ներկայացուցիչները
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հզպալլայի Ներկայացուցիչները

January 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Այցելութիւնը  Հայաստանի Նոր Նշանակուած Դեսպանին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Այցելութիւնը Հայաստանի Նոր Նշանակուած Դեսպանին

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.