Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Միջազգային Միջեկեղեցական Երիտասարդական Համագումարին

Մարտ 28, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

22-էն 26 մարտ 2019-ին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին, Լիբանանի եկեղեցիներուն եւ Թեզէի միաբանութեան կազմակերպութեամբ, Լիբանան հիւրընկալեց միջազգային միջեկեղեցական երիտասարդական համագումարը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 44 երկիրներէ եկած աւելի քան 1600 երիտասարդներ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ըլլալով միջեկեղեցական աշխարհի յառաջատարներէն, համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանի, Բերիոյ եւ Թեհրանի թեմերէն եկած երիտասարդներով, ինչպէս նաեւ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեամբ, կաթողիկոսարանի երիտասարդական բաժանմունքով եւ դպրեվանքի աւարտական դասարանի սարկաւագներով, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի «ԱՅՈ» երիտասարդական յանձնախումբով:

Կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հրանդ վրդ. Թահանեան սոյն ծրագիրին կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն էր եւ ժողովներուն կը մասնակցէր յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Ծրագիրը բաժնուած էր երկու մասի. օրուան առաջին բաժինին մէջ մասնակիցները իրենց հիւրընկալ ընտանիքներէն, ներառեալ եկեղեցասէր հայ ընտանիքներէն, կ՛ուղղուէին դէպի իրենց տրամադրուած 20 կեդրոններէն մէկը եւ կը հետեւէին աղօթքի ու խմբային աշխատանքներու եւ քննարկումներու, որմէ ետք կ՛ուղղուէին Պէյրութ` «Սի-սայտ Արենա»: Յիշեալ կեդրոններուն մաս կը կազմէին նաեւ Անթիլիասի մայրավանքը եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին:

Գլխաւոր կեդրոնին` «Սի-սայտ Արենա»-ի մէջ տեղի կ՛ունենար հաւաքական աղօթք, կէսօրուան եւ երեկոյեան ժամերուն: Աղօթքի երգեցողութիւնը տեղի կ՛ունենար միջեկեղեցական երգչախումբին կողմէ, որուն մաս կը կազմէին նաեւ դպրեվանքի սաները, որոնց կատարողութեամբ պաշտամունքի ընթացքին հնչեցին նաեւ հայկական շարականներ ու աղօթքներ:

Կէսօրուան աղօթքէն ետք, երիտասարդները մասնակցեցան իրենց ընտրած 20 աշխատանոցներէն երկուքին: Նշենք, որ հայ եկեղեցին յանձն առած էր երկու աշխատանոց` «Հայկական աւանդական շարականներ» նիւթով, որուն ներկայ էին աւելի քան 200 մասնակիցներ, եւ «Հայ պար» նիւթով, որուն ներկայ էին աւելի քան 100 անձեր: Յայտնենք նաեւ, որ աշխատանոցները տեղի ունեցան Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ:

Սոյն համագումարին փակումը տեղի ունեցաւ 25 մարտ 2019-ին, որ կը զուգադիպէր Լիբանանի մէջ պետական տօն հռչակուած քրիստոնեայ-իսլամ Աւետման տօնին, եւ որուն համար միջկրօնական պաշտամունք տեղի ունեցաւ` մասնակցութեամբ կրօնական պետերու ու բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներու:

Համագումարին վերջին օրը` 26 մարտը, նուիրուած էր զբօսաշրջութեան, որուն ընթացքին մասնակիցները այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Հայոց Թեմի Հոգեւորականները` Դպրեվանքին Մէջ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Հանդիսապետէ Միջինքի Արարողութեան` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?