Շաբաթ, 23 մարտ 2019-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան եւ քահանայ հայրեր Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ դպրեվանեցիներուն հետ անցուցին մտերմիկ եւ հաճելի օր մը:
Օրը սկսաւ ֆութպոլի խաղով, իսկ կէսօրուան ճաշի ընթացքին հարազատ մթնոլորտի մէջ քահանայ հայրերն ու դպրեվանեցիները երգերով ու զրոյցով ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ: Այս առիթով, քահանայ հայրերը իրենց յուշերը պատմեցին սաներուն, ինչպէս նաեւ խրատներ տուին եւ ներկայացուցին իրենց փորձառութիւնները:
Ճաշի աւարտին, դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նարեկ արքեպիսկոպոսին եւ քահանայ հայրերուն` բարի առաքելութիւն մաղթելով բոլորին:
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, որ դպրեվանքը ստնտու մայր կոչելով` յորդորեց կարելի եղածին չափ օգտուիլ անկէ ու սնիլ հոգեպէս: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ դպրեվանքը թէ՛ ուսման օճախ է եւ թէ՛ ընտանիք: Հոս է դպրեվանքի եզակիութիւնը, որովհետեւ ուրիշ որեւէ դպրոց միայն կրթական հաստատութիւն է, բայց դպրեվանքը ե՛ւ մեր տունն է, ե՛ւ մեր դպրոցը: Մենք դպրեվանքին մէջ կը սորվինք ծառայել մեր ժողովուրդին, կը սորվինք մեր ամէնօրեայ սիրով, կեանքով, նուիրումով, զոհողութեամբ, յարգանքով եւ վստահութեամբ:
Ջերմ ու ընտանեկան մթնոլորտը իր աւարտին հասաւ Ս. Աստուածածին մատրան մէջ հաւաքական աղօթքի կատարումով:




