Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հանդիպում Մը Ունեցաւ Հոգեւոր Հայրերու Եւ Անոնց Ծնողներուն Հետ
Երէկ` հինգշաբթի, 21 մարտ 2019-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ, հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբան հայրերուն, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայ հայրերուն եւ անոնց ծնողներուն հետ: Իր բնոյթին մէջ եզակի հանդիպումին ընթացքին առաջնորդ սրբազանը ողջունեց ներկաները եւ հաստատեց, որ նմանօրինակ հանդիպումներու ճամբով կը հաստատուի փոխադարձ մտերմութիւն եւ գործակցութիւն ու...




















