Շաբաթ, 23 մարտ 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը վեհարանի իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքի ներկայացուցիչ Ժաք Եագուպ եպիսկոպոսը եւ Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը:
Առաջին այցելութիւնը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ եւ ասորի եկեղեցիներու դարաւոր բարեկամութիւնը ու գործակցութիւնը աւելի խորացնելու կարելիութիւններուն, իսկ երկրորդ հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան հայ համայնք-պետութիւն յարաբերութիւններուն եւ Կիպրոսի ընդհանուր քաղաքական կացութեան առնչուած հարցեր:



