Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Միջեկեղեցական Համագումարի Մասնակիցները` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

March 25, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 24 մարտ 2019-ին, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի մէջ այս օրերուն գումարուող միջազգային միջեկեղեցական երիտասարդաց համագումարի մասնակիցներէն խումբ մը երիտասարդներ` զանազան երկիրներ ներկայացնող:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, պատարագի աւարտին, ողջունելով երիտասարդներուն ներկայութիւնը ըսաւ. «Երիտասարդութիւնը արիւնը կը կազմէ ազգի մը, եկեղեցւոյ կամ կազմակերպութեան մը: Անհրաժեշտ է, որ այս գիտակցութեամբ երիտասարդութիւնը մօտենայ իր դերին, եւ այս նախանձախնդրութեամբ մենք լայն տեղ տանք երիտասարդութեան մեր եկեղեցիներուն, կառոյցներուն եւ հաւաքական կեանքին մէջ»: Ապա, վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու առկայութիւնը երիտասարդութեան կեանքին մէջ. «Անհրաժեշտ է, որ բազմատեսակ չարիքներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ քրիստոնեայ երիտասարդները զինուած ըլլան հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով` դիմագրաւելու համար նոր օրերու տեսանելի ու անտեսանելի չարիքները»:

Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանին մէջ ընդունեց երիտասարդները: Անոնց կողմէ անգլերէնով խօսք առնելով կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեան վարիչ Հրանդ վրդ. Թահանեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց համագումարը եւ երիտասարդներուն գործօն մասնակցութիւնը համագումարի աշխատանքներուն: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին անդրադարձաւ ներկայ ժամանակներու երիտասարդութեան քրիստոնէական ինքնութիւնը պահելու հրամայականին եւ անգամ մը եւս շեշտեց եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան երիտասարդութեան բերելիք նպաստին կարեւորութիւնը:

Յայտնենք, որ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող համագումարին կը մասնակցին աւելի քան 1500 երիտասարդներ` շուրջ 50 երկիրներէ: Համագումարին կը մասնակցին նաեւ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Թեհրանի թեմերը ներկայացնող երիտասարդներ:

 

Նախորդը

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. Ազգային Վարժարաններու Անգլերէն Ուսուցիչներու Վարժանիստ` Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Յաջորդը

Միջեկեղեցական Եւ Միջկրօնական Յանձնախումբի Ժողով` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.