Գաղութային

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամները Այցելեցին Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամները Այցելեցին Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերին այցելեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան եւ հանդիպում ունեցան քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ: Ներկայ էին փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեան, Ալպեր Պալապանեան եւ Լուի Նատեր: Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան բացատրութիւններ տուաւ Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտին պատճառով ընդհանրապէս հայկական թաղամասերուն եւ մասնաւորաբար Պուրճ...

Շնորհակալութիւն Դեսպան Թաթուլ Մարգարեանին` Արդիւնաւէտ Եւ Սերտ Համագործակցութեան Համար

Շնորհակալութիւն Դեսպան Թաթուլ Մարգարեանին` Արդիւնաւէտ Եւ Սերտ Համագործակցութեան Համար

Երէկ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան շնորհակալական հետեւեալ նամակը յղեց Պելճիքայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին դեսպան Թաթուլ Մարգարեանին: Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Պելճիքայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան նախկին ղեկավար Թաթուլ Մարգարեանին բազմամեայ սերտ եւ ջերմ համագործակցութեան համար: Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահը Հայ դատի...

Հաղորդագրութիւն.  Կայացաւ Եւրոպայի Տարածաշրջանի Առցանց Խորհրդակցական Նիստը

Հաղորդագրութիւն. Կայացաւ Եւրոպայի Տարածաշրջանի Առցանց Խորհրդակցական Նիստը

Եւրոպայի տարածքին գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու առցանց առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 1 Սեպտեմբերին: Համակարգող խորհուրդի անդամներուն առընթեր խորհրդակցական նիստի մասնակցեցան Ֆրանսայի, Չեխիոյ, Յունաստանի, Զուիցերիոյ, Վատիկանի եւ Կիպրոսի մէջ գործող տպագիր, ելեկտրոնային մամուլի եւ ձայնասփիւռի կայաններու խմբագիրները: Նիստը իբրեւ օրակարգի նիւթեր ներառած էր. - Միջինարեւելեան առցանց նիստին զեկուցումը: - Համակարգող խորհուրդի նիստէն եկած հարցեր: - Եւրոպայի տարածաշրջանի խմբագիրներու ցանցի ձեւաւորում...

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Նուիրատուութիւն

Գնահատելով «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի աշխատանքները` Սասնոյ հայրենակցական միութիւնը 3.000.000 լ. ո. կը նուիրէ Շտապին, տրամադրուելու համար համաճարակին պատճառով վնասուած կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Հաղորդագրութիւն. Հանդիպում Հանրապետութեան Նախագահին Հետ

Հաղորդագրութիւն. Հանդիպում Հանրապետութեան Նախագահին Հետ

Այսօր, Հինգշաբթի, 3 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան եւ Պետական Ներկայացուցիչ՝ Պրն. Վարդգէս Մահտեսեան, նախօրօք ժամադրութեամբ հանդիպում մը ունեցան Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Պրն. Նիքոս Անասթասիատիսի հետ: Շուրջ 35 վայրկեան հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցան զանազան տեսակի հարցեր առ հասարակ Կիպրահայ գաղութի եւ յատկապէս Կիպրոսի հետ առնչուած: Վսեմաշուք Պրն. Նախագահը բարձր գնահատանքով խօսեցաւ կիպրահայութեան մասին,...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամները Այցելեցին Արամ Ա․ Վեհափառին

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամները Այցելեցին Արամ Ա․ Վեհափառին

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի «Օգնիր եղբօրդ-Լիբանան» ծրագիրը մեկնարկած էր տասը օր առաջ։ Այս ծիրին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի «Երկիր» հիմնադրամը պատրաստած է սննդամթերքի 1000 արկղներ, որոնք արդէն հասան Պէյրութի օդակայան եւ շուտով պիտի տրամադրուին հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Այս առիթով Լիբանան ժամանեցին նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն Մարմնի անդամ Աշոտ Սիմոնեան։ Հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերի առաւօտեան...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամները Այցելեցին ԼՕԽ-ի Կեդրոն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամները Այցելեցին ԼՕԽ-ի Կեդրոն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Լուի Նատէրի եւ Մելիք Գարագաւորեանի, հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերին այցելեցին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն։ Հանդիպման ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նելլի Վէքիլեան, Շրջանային վարչութենէն եւ կեդրոնի տնօրէն խորհուրդէն անդամներ։ Պատուիրակութիւնը ծանօթացաւ ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին զօրակցութիւնը յայտնեց...

Հոգեհանգիստ` Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերու Յիշատակին Եւ Աղօթք` Լիբանանի Վերականգնման Համար

Հոգեհանգիստ` Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերու Յիշատակին Եւ Աղօթք` Լիբանանի Վերականգնման Համար

Հովանաւորութեամբ լիբանանահայ երեք համայնքապետերուն եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին, երէկ` չորեքշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հանդիպակաց վայրին վրայ` Պանդուխտի յուշակոթողին դիմաց, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` պայթումի զոհերուն յիշատակին, ինչպէս նաեւ աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած` Լիբանանի վերականգնումի մաղթանքով եւ վիրաւորներու ապաքինման համար: Ձեռնարկին հանդիսապետեցին երեք համայնքապետերը` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Արայիկ Յարութիւնեանի Ընտրութիւնը`  Իբրեւ Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Շնորհաւորական Նամակը Արցախի Նախագահին` Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով

Մեծայարգ Տիար Արայիկ Յարութիւնեան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք ձեզ: 2 սեպտեմբեր թուականը ողջ հայութեան համար ցնծութեան օր է: Արդարեւ, 29 տարիներ առաջ Արցախի մեր սիրելի ժողովուրդը իմաստութիւնը ու քաջութիւնը ունեցաւ իր պատմական հայրենիքին մաս կազմող Արցախի հողին վրայ իր անկախութիւնը վերահաստատելու: Արցախի անկախութեան հռչակումը մեր...

Սննդամթերքի Արկղներու Բաշխում

Սննդամթերքի Արկղներու Բաշխում

Անցնող շաբթուան ընթացքին Լիբանանի հայկական տարբեր շրջաններու մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ սննդամթերքի 1500 արկղներ բաժնուեցան հայ կարիքաւոր ընտանիքներու:

Վաստակաշատ Կրթական Մշակ Եւ Ազգային Գործիչ Հայկազուն Թրթռեան Ոչ Եւս Է

Վաստակաշատ Կրթական Մշակ Եւ Ազգային Գործիչ Հայկազուն Թրթռեան Ոչ Եւս Է

28 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ հաւատաւոր կուսակցական, վաստակաւոր կրթական մշակ, նուիրեալ ուսուցիչ եւ ազգային գործիչ Հայկազուն Թրթռեանը: Քեսապի հայրենաշունչ մթնոլորտին մէջ հասակ առած Հայկազուն Թրթռեան մանուկ հասակէն սնած է ազգային ոգիով ու կիլիկեան շունչով: Կրթական ասպարէզը եղած է արեան կանչը, որ զինք ուղղած է դէպի Անթիլիասի դպրեվանք, ուր Հայոց ցեղասպանութենէն ու տեղահանութենէն ետք հաստատուած էր Կիլիկիոյ դարաւոր Ս. Աթոռը:...

Արցախի Պետութեան Կողմէ 25.000.000 Դրամ  Լիբանանահայ Վարժարաններուն

Արցախի Պետութեան Կողմէ 25.000.000 Դրամ Լիբանանահայ Վարժարաններուն

Հինգշաբթի, 27 օգոստոս 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան` Արցախի պետութեան անունով քսանհինգ միլիոն դրամ փոխանցելով յօգուտ լիբանանահայ կրթական ասպարէզին: Վեհափառ հայրապետին խորհուրդով, նոյն օրը Քեպապճեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանահայ յարանուանութեանց երեք պետերուն` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ...

Դեսպան Վահագն Աթաբէկեան Հանդիպում Ունեցաւ  Լիբանանի Մէջ Յունաստանի  Նոր Նշանակուած Դեսպանին Հետ

Դեսպան Վահագն Աթաբէկեան Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Մէջ Յունաստանի Նոր Նշանակուած Դեսպանին Հետ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կը տեղեկացնէ, թէ 28  օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն այցելեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի նոր նշանակուած դեսպան Քաթերին Ֆունթուլաքին: «Հայ-յունական դարաւոր յարաբերութիւններուն բնորոշ բարեկամական զրոյցի աւարտին Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան ամենայն բարիք մաղթեց իր յոյն գործընկերոջ` յառաջիկայ բարձր եւ պատասխանատու դիւանագիտական առաքելութեան մէջ», նշուած է Հայաստանի դեսպանատան տարածած լուրին մէջ:    

Մեկնարկեց Պուրճ Համուտի Կորուստներու  Եւ Վնասներու Ցանկագրման Միացեալ  Հարցախոյզի Առաջին Փուլը

Մեկնարկեց Պուրճ Համուտի Կորուստներու Եւ Վնասներու Ցանկագրման Միացեալ Հարցախոյզի Առաջին Փուլը

Ընդառաջելով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կոչին, երէկ` ուրբաթ, 28 օգոստոս 2020-ի առաւօտեան, ընթացք առաւ Պէյրութի նաւահանգիստի 4 օգոստոսի ահաւոր պայթումին պատճառով ինկած զոհերու եւ եղած վնասներու ցանկագրումին գծով պատրաստուած միացեալ հարցախոյզի առաջին փուլը: Արդարեւ, ժամանակի եւ աշխատուժի խնայողութեան նախանձախնդրութեամբ, նպաստամատոյց կազմակերպութիւններու հարցադրումներուն եւ կարիքներուն համապատասխանող եւ Լիբանանեան Կարմիր խաչի որդեգրած հարցախոյզին օրինակով նմանօրինակ միացեալ տարբերակ մը բանաձեւուած էր նաեւ Պուրճ Համուտի...

Հաղորդագրութիւն 1.  Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի

ԿՈՉ. Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմին

Յաջողութեամբ աւարտելէ ետք Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին իբրեւ հետեւանք բնակարանային վնասներու արձանագրութեան առաջին փուլի աշխատանքները, Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը կը ծանուցէ, որ շաբաթ, 29 եւ երկուշաբթի, 31 օգոստոս 2020-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետ միջօրէի ժամը 4:00, ստորեւ ճշդուած կեդրոններուն մէջ Վերականգնումի մարմինին անունով կամաւորներ պիտի արձանագրեն բնակարանային վնասները այն հայրենակիցներուն, որոնք կարիքը ունին Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի աջակցութեան: 1.- Ս....

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

27 օգոստոս 2020-ի առաւօտուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազենը: Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին խօսակցութեան առանցքը դարձաւ Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական, մարդասիրական ու քաղաքական կացութիւնը եւ այդ գծով Վատիկանի մօտեցումն ու դերակատարութիւնը: Կաթողիկոսը իր մտածումները եւ սպասումները յայտնեց դեսպանին` առաջարկելով, որ դեսպանը իր կարգին զանոնք փոխանցէ Վատիկանի պատասխանատուներուն:

ՀՅԴ 21-րդ Գերագոյն  Ժողովի Յայտարարութիւնը

75 Միլիոն Լ.Ո. Յատկացում` Ռազմիկ Յովակիմեան Ամոլին Կողմէ

Սան Ֆրանսիսքոյէն տէր եւ տիկին Ռազմիկ Յովակիմեան եւ Աթսուքօ Յիրանաեակի 75.000.000 (եօթանասուն հինգ միլիոն լ.ո.) կը յատկացնեն ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին` առ ի մասնակցութիւն նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները վերացնելու աշխատանքներուն:

«Քեզի Համար Լիբանան». «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Կը Կազմակերպէ Դրամահաւաք Համերգ

«Քեզի Համար Լիբանան». «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Կը Կազմակերպէ Դրամահաւաք Համերգ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը` հետեւելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչին, տակաւին 6 օգոստոսին նախաձեռնած է «Անյետաձգելի օգնութիւն լիբանանահայերին» խորագիրով դրամահաւաք-արշաւ, որուն ամբողջ հասոյթը կը տրամադրուի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տուժած Լիբանանի հայ կրթական հաստատութիւններուն: Այժմ, hիմնադրամը, Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանին հետ համագործակցութեամբ, կը կազմակերպէ «Քեզի համար Լիբանան» խորագիրով համերգ` 29 օգոստոսին, ժամը 22:30-ին: Անիկա ուղիղ սփռումով պիտի տեղադրուի նաեւ hիմնադրամի էջին վրայ...

Անէթ Խաչիկեանի Մահով Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Պատճառով Զոհուած Հայորդիներուն Թիւ Հասաւ 14-ի

Անէթ Խաչիկեանի Մահով Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Պատճառով Զոհուած Հայորդիներուն Թիւ Հասաւ 14-ի

4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը կը շարունակէ տակաւին կեանքեր խլել, նաեւ` հայերու: Արդարեւ, երէկ Զահլէի հիւանդանոցին մէջ մահացաւ 4 օգոստոսէն ի վեր մահաքունի մէջ գտնուող եւ մահուկենաց պայքար մղող Անէթ Խաչիկեանը: Անոր բնակարանը կը գտնուի Էշրեֆիէի մէջ, եւ պայթումին իբրեւ հետեւանք ան ծանրօրէն վիրաւորուելով իսկոյն մտած էր մահաքունի մէջ: Դժբախտաբար, կարելի չեղաւ փրկել հայուհիին կեանքը, եւ ան միացաւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Վերահաստատէ Անթիլիասի Ամբողջական Զօրակցութիւնը` Սուրիոյ Հայութեան

Երէկ` երեքշաբթի, 25 օգոստոսին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանին հետ` մօտէն հետաքրքրուելու սուրիահայութեան առնչուած հարցերով: Առաջնորդ սրբազանը վեհափառ հայրապետին զեկոյց մը տուաւ «Քորոնա» համաճարակին եւ տնտեսական կացութեան պատճառով հայութեան կեանքին մէջ յառաջացած հետեւանքներուն մասին: Արամ Ա. կաթողիկոս գոհունակութեամբ հաստատեց, որ համաճարակով վարակուած հայորդիներուն թիւը զգալիօրէն նուազած, եւ շատեր առողջացած են, սակայն...

Page 155 of 365 1 … 154 155 156 … 365

Արխիւներ