Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կը տեղեկացնէ, թէ 28 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն այցելեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի նոր նշանակուած դեսպան Քաթերին Ֆունթուլաքին:
«Հայ-յունական դարաւոր յարաբերութիւններուն բնորոշ բարեկամական զրոյցի աւարտին Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան ամենայն բարիք մաղթեց իր յոյն գործընկերոջ` յառաջիկայ բարձր եւ պատասխանատու դիւանագիտական առաքելութեան մէջ», նշուած է Հայաստանի դեսպանատան տարածած լուրին մէջ: