4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը կը շարունակէ տակաւին կեանքեր խլել, նաեւ` հայերու:
Արդարեւ, երէկ Զահլէի հիւանդանոցին մէջ մահացաւ 4 օգոստոսէն ի վեր մահաքունի մէջ գտնուող եւ մահուկենաց պայքար մղող Անէթ Խաչիկեանը: Անոր բնակարանը կը գտնուի Էշրեֆիէի մէջ, եւ պայթումին իբրեւ հետեւանք ան ծանրօրէն վիրաւորուելով իսկոյն մտած էր մահաքունի մէջ: Դժբախտաբար, կարելի չեղաւ փրկել հայուհիին կեանքը, եւ ան միացաւ այս ահաւոր աղէտին պատճառով զոհուած 13 միւս հայորդիներուն հոյլին: