ԿՈՉ. Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմին
Յաջողութեամբ աւարտելէ ետք Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած բնակարանային վնասներու արձանագրութեան առաջին փուլի աշխատանքները, Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը կը ծանուցէ, որ շաբաթ 29 եւ երկուշաբթի 31 օգոստոս 2020-ին, առաւօտեան ժամը 9:00 մինչեւ յետ միջօրէի ժամը 4:00, ստորեւ ճշդուած եկեղեցիներուն մէջ, Վերականգնումի մարմինին անունով կամաւորներ պիտի արձանագրեն բնակարանային վնասները այն հայրենակիցներուն, որոնք կարիքը ունին Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի աջակցութեան: 1.- Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ...



















