Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամները Այցելեցին Արամ Ա․ Վեհափառին

September 3, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի «Օգնիր եղբօրդ-Լիբանան» ծրագիրը մեկնարկած էր տասը օր առաջ։ Այս ծիրին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի «Երկիր» հիմնադրամը պատրաստած է սննդամթերքի 1000 արկղներ, որոնք արդէն հասան Պէյրութի օդակայան եւ շուտով պիտի տրամադրուին հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Այս առիթով Լիբանան ժամանեցին նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն Մարմնի անդամ Աշոտ Սիմոնեան։

Հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերի առաւօտեան Իշխան Սաղաթէլեան եւ Աշոտ Սիմոնեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեանի եւ Մելիք Գարագաւորեանի, այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ վեհափառին։ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը առաջին հերթին ներկայացուց «Օգնիր եղբօրդ-Լիբանան» ծրագիրին մանրամասնութիւնները եւ այս իմաստով շեշտեց ստեղծուած ճգնաժամին մէջ Լիբանանի համայնքին սատար ու զօրավիգ հանդիսանալու ՀՅԴ հայաստանեան կառոյցին ամբողջական պատրաստակամութիւնը։

Վեհափառ հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց Գերագոյն Մարմինի նախաձեռնութիւնը՝ հաստատելով,  որ այս օժանդակութիւնը, անկախ իր նիւթական արժէքէն, ունի բարոյական խորիմաստ նշանակութիւն եւ գործնապէս կու գայ ապացուցելու Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան հարազատ դրսեւորումը։

Ի. Սաղաթէլեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա․ կաթողիկոսին՝ լիբանանահայ համայնքին հանդէպ ունեցած հոգատարութեան ու գուրգուրանքին, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան վերականգնումին համար վեհափառին նախաձեռնած ու հովանաւորած համահայկական նուիրահաւաքի աշխատանքին, որուն արձագանգած են Հայաստանը, Արցախը եւ արտերկրի բոլոր համայնքները։ Այս առիթով Արամ Ա․ վեհափառ շեշտեց լիբանանահայ համայնքի վերականգման անհրաժեշտութիւնը եւ անոր համահայկական դերակատարութեան կարեւորութիւնը՝ հաստատելով, որ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հայ համայնքները տակաւին մեծ առաքելութիւն ունին կատարելիք մեր ժողովուրդի համահայկական եւ համազգային տեսլականներու իրականացման գործին մէջ։ Հետեւաբար, ան շեշտեց, որ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներու յաղթահարումը եւ այդ աշխատանքին հանդէպ ցուցաբերուած համահայկական զօրակցութիւնը ունի կենսական նշանակութիւն։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ խորհրդակցելու Հայաստանի եւ Արցախի ժամանակակից հրատապ խնդիրներուն մասին։ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը վեհափառին փոխանցեց Հայաստանի ներքաղաքական կացութեան գծով կուսակցութեան տեսակէտներն ու դիրքորոշումները։ Կաթողիկոսը իր կարգին անհրաժեշտ նկատեց հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու առողջ ու նպատակաուղղուած հունաւորումը եւ այս ծիրին մէջ աշխատանքային գործադաշտերու լայն հնարաւորութեանց ստեղծումը։

 

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամները Այցելեցին ԼՕԽ-ի Կեդրոն

Յաջորդը

«Եւրոպայի-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Մակեդոնիա-Հայաստան Մրցումին Իրաւարարները՝ Պոսնիայէն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պատմութեան Անցնելու Համար
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պատմութեան Անցնելու Համար

January 20, 2026
Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր  Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան  Խորհուրդին Միանալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու»

January 20, 2026
Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը  «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.