Գաղութային

Վերացման Սուրբ Խաչի Տօնը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Վերացման Սուրբ Խաչի Տօնը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներուն վերջինը եւ խաչի տօներուն երկրորդը` Վերացման Սուրբ խաչի տօնը այս տարի եւս Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Արդարեւ, կիրակի, 13 սեպտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց կաթողիկոսարանի մատենադարանապետ Շահան արք. Սարգիսեան: Պատարագիչ սրբազանը իբրեւ բնաբան...

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գլխաւորութեամբ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումը Պիտի Շարունակուի». Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գլխաւորութեամբ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումը Պիտի Շարունակուի». Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Այս հաստատ վճռակամութեամբ, երէկ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներուն վերականգնումի հրամայականը՝ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ժողովին, լսելէ յետոյ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանի զեկոյցները յիշեալ համայնքներու վերակագնումի աշխատանքներու մասին: Լիբանանահայոց առաջնորդ սրբազանը, որպէս նախագահը Լիբանանահայութեան վերականգնումի յանձնախումբին, մանրամասն զեկոյց տուաւ՝ թիւերով, դէպքերով, հանդիպումներով եւ...

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամէն  300.000 Տոլար` Ի Նպաստ Լիբանանահայ Վարժարաններու  2020-2021 Տարեշրջանի Ուսուցչաց  Առաջին Եռամսեակի Թոշակներուն

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամէն 300.000 Տոլար` Ի Նպաստ Լիբանանահայ Վարժարաններու 2020-2021 Տարեշրջանի Ուսուցչաց Առաջին Եռամսեակի Թոշակներուն

Հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2020-ին «Հայաստան»  համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ  Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, այցելեց Լիբանանի ազգային առաջնորդարան եւ լիբանանահայ երեք համայնքապետերուն յանձնեց լիբանանահայութեան յօգուտ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ հանգանակուած շուրջ 300.000 տոլարի (երեք հարիւր հազար ամերիկեան տոլար) գումարը,  որ ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի լիբանանահայ վարժարաններուն` 2020-2021 տարեշրջանի ուսուցչաց առաջին եռամսեակի թոշակներուն: Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու լիբանանահայ համայնքին...

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը  Կ՛աջակցի Լիբանանահայ Օրաթերթերուն Եւ Ձայնասփիւռի Կայաններուն

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Կ՛աջակցի Լիբանանահայ Օրաթերթերուն Եւ Ձայնասփիւռի Կայաններուն

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հրաւէրով, Լիբանանի մէջ գործող հայկական օրաթերթերու եւ ձայնասփիւռի կայաններու ներկայացուցիչները Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցան «Հայաստան» համայհակական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի  հետ: Հանդիպման ներկայ էր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի յանձնախումբի ատենապետ Գրիգոր Թերզեան, յանձնախումբի անդամ Լորիկ Ծատուրեան եւ դեսպանութեան քարտուղար Դաւիթ Ալլավերտեան: Հանդիպումը առիթ էր իրազեկ դառնալու  հիմնադրամի գործունէութեան, յատկապէս ճգնաժամի մէջ...

Անցնող Չորս Օրերուն 896 Բնակարաններու  Հատուցումներ Տրուեցան

Անցնող Չորս Օրերուն 896 Բնակարաններու Հատուցումներ Տրուեցան

Շաբաթասկիզբին ընթացք առած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասներ կրած բնակարաններու ընտանիքներուն դրամական հատուցումներու յանձման Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի աշխատանքները շարունակուեցան հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2020-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ: Անցնող չորս օրերուն նախապէս մարմինին դիմում կատարած ընտանիքներէն 896-ը արդէն իսկ ստացան իբրեւ հատուցում ճշդուած գումարներ: Աշխատանքը տակաւին ընթացքի մէջ է, եւ հատուցման փոխանցման աշխատանքը հանգրուանային դրութեամբ յաջորդող օրերուն պիտի շարունակուի:

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Հաղորդագրութիւն. 150.000.000 Լ. Ո. Նուիրատուութեամբ Երջօ Սամուէլեան Դարձեալ Կը Զօրակցի Լիբանանահայութեան

Հանրածանօթ բարերար Երջօ Սամուէլեան, Ազգային առաջնորդարանին ճամբով դարձեալ լիբանանահայութեան օժանդակութեան գործին կը յատկացնէ 150.000.000 լ. ոսկիի (հարիւր յիսուն միլիոն լիբանանեան ոսկի) սրտաբուխ նուիրատուութիւն մը: Բարերարին փափաքով, նշեալ գումարը պիտի բաշխուի հետեւեալ եղանակով. - 50.000.000 լ. ո.` Ազգային առաջնորդարանի «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ին - 50.000.000 լ. ո.` «Զուարթնոց» կեդրոնին - 50.000.000 լ. ո.` Ազգային ծերանոցին Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանն ու Ազգային...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Հայաատան»  Համահայկական Հիմնադրամի Տնօրէնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Հայաատան» Համահայկական Հիմնադրամի Տնօրէնը

Երէկ` չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու ամիս մը առաջ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին եւ անոր հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կատարուած օժանդակութեանց` ընդհանրապէս Լիբանանի ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ համայնքին: Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց պայթումէն ետք գաղութին...

Լիբանանի Մէջ Մարդասիրական Հարցերու Համադրումի  Գրասենեակի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Լիբանանի Մէջ Մարդասիրական Հարցերու Համադրումի Գրասենեակի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Լիբանանի մէջ մարդասիրական հարցերու համադրումի գրասենեակի պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ քաղաքապետարանի պատասխանատուներու հետ: Գրասենեակի պատասխանատու Սեւերին Ռէյ ներկայացուց գրասենեակի աշխատանքը, որ կը համադրէ ՄԱԿ-ի անխտիր բոլոր գործակալութիւններու նախաձեռնութիւնները` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առնչութեամբ: Ան նաեւ ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը համադրումի` Լիբանանի կեդրոնական ու տեղական իշխանութիւններուն հետ, եւ արագացնելու կարիքները ապահովելու աշխատանքը: Քաղաքապետ Մարտիկ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Առ ի տեղեկութիւն մեր սիրելի ժողովուրդին կը տեղեկացնենք թէ Երեքշաբթի, 4 Օգոստոս 2020-ին, Պէյրութի նաւահանգիստին  մէջ տեղի ունեցած անսպասելի հսկայական պայթումին հետեւանքով, Ազգային Առաջնորդարանն ու Պետական Ներկայացուցչի գրասենեակը միասնաբար դրամահաւաքի կոչ մը հրապարակեցին  «Լիբանանի  Հայութեան Օգնութեան Համար», որուն անմիջապէս ընդառաջեց Կիպրահայ գաղութը: Ինչպէս օրին յայտարարուած էր գումարը պիտի յատկացուէր անհրաժեշտ սննդեղէն ուղարկելու կարիքաւոր  ընտանիքներուն համար: Երկուշաբթի, 7 Սեպտեմբերին, Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ ...

Վնասուած Բնակարաններու Հատուցումներուն Վճարումները Կը Շարունակուին

Վնասուած Բնակարաններու Հատուցումներուն Վճարումները Կը Շարունակուին

Երեքշաբթի, 8 սեպտեմբերին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասներ կրած բնակարաններու ընտանիքներուն դրամական հատուցումներու յանձնման Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ծրագիրը: Յայտնենք, որ անցնող երկու օրերուն ընթացքին 384 բնակարաններու ընտանիքներուն կատարուեցան նիւթական յատկացումներ: Նշեալ աշխատանքին կը հսկեն Վերականգնումի մարմինին անդամները` գործակցութեամբ Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնեաներուն: Աշխատանքը պիտի շարունակուի յաջորդող օրերուն:

Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը Սկսաւ Յանձնել Վնասուած  Բնակարաններու Հատուցումները

Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը Սկսաւ Յանձնել Վնասուած Բնակարաններու Հատուցումները

Երկուշաբթի, 7 սեպտեմբերին Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ ընթացք առաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասներ կրած բնակարաններու ընտանիքներուն դրամական հատուցումներու փոխանցման Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ծրագիրը: Յայտնենք, որ բոլոր ընտանիքները պիտի ստանան հատուցում: Ծրագիրի գործադրութեան առաջին օրը 210 ընտանիքներ, նախօրօք իրենց տրուած ժամադրութեամբ, ներկայացան եւ ստացան իրենց համար ճշդուած գումարը: Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը մինչեւ ուրբաթ պիտի աւարտէ ներկայացած 1485 դիմողներու հատուցման տուչութեան...

ՀՅԴ Բիւրոյէն Եւ ՀՕՄ-էն Աջակցութիւն`  Սուրիոյ Ճեզիրէի Շրջաններուն

ՀՅԴ Բիւրոյէն Եւ ՀՕՄ-էն Աջակցութիւն` Սուրիոյ Ճեզիրէի Շրջաններուն

Նկատի ունենալով վերջին շրջանին Ճեզիրէի շրջաններուն մէջ եւս «Քորոնա» ժահրի համաճարակին տարածումը, տնտեսական տագնապը եւ անոր անոնց հետ կապ ունեցող զանազան դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ պատճառած Հասաքէի ջուրի տագնապը, Ճեզիրէի շրջաններուն մէջ կատարուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյին, ՀՕՄ-ին եւ Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան կողմէ տրամադրուած օժանդակութեան բաշխումը: Հասաքէի հայ ընտանիքներուն բաշխուեցան հականեխիչ դեղեր, մաքրութեան անհրաժեշտ նիւթեր, ինչպէս նաեւ ըմպելի ջուրի սնտուկներ,...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամները Այցելեցին Այնճար

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամները Այցելեցին Այնճար

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու, ուրբաթ, 4 Սեպտեմբեր, 2020-ին այցելեցին Այնճար ուր «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ հանդիպում մը ունեցան ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին եւ Այնճարի քաղաքապետին հետ: Գերագոյն մարմինի անդամները անդրադարձան "Օգնիր Եղբօրդ- Լիբանան" ծրագիրի տրամադրած օժանդակութիւններուն: Հանդիպման աւարտին անոնք այցելեցին գիւղի զանազան կառոյցներն...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պէյրութի Հայկական Թաղամասերը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պէյրութի Հայկական Թաղամասերը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան շաբաթ առաւօտեան այցելեցին Պէյրութի հայկական թաղամասերը եւ մօտէն իրազեկ դարձան հայ բնակչութեան կրած վնասներուն։ Այս առիթով շրջանի «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վազգէն Պէքէրէճեան եւ կոմիտէութեան անդամներ տեղեկութիւններ փոխանցեցին հայկական շրջաններու ընդհանուր իրավիճակին եւ վնասներու տարողութեան մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձան վերաշինութեան ու վերականգնումի աշխատանքներուն։

Օգնիր Եղբօրդ- Լիբանան

Օգնիր Եղբօրդ- Լիբանան

Շաբաթ առաւօտեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն ստանձնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի «Օգնիր եղբօրդ-Լիբանան» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, Լիբանան հասած սննդամթերքի 1000 արկղները։ Այս առիթով ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շնորհակալական խօսք մը ուղղեց Հայաստանի Դաշնակցութեան կառոյցին եւ երիտասարդական միութեան, որոնք Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն անմիջապէս ետք իրենց օժանդակութեան ձեռքը երկարեցին լիբանանահայ համայնքի իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն։ Բագրատունի հաստատեց, որ այս...

Հաղորդագրութիւն 1.  Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի

Հաղորդագրութիւն 8

Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը կը ծանուցէ, թէ ամբողջացուցած է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով մեր հայրենակիցներուն կրած բնակարանային վնասներու արձանագրութեան առաջին եւ երկրորդ փուլի աշխատանքները, ստանալով 1485 դիմումնագիրներ: Առաջին հանգրուանով, արձանագրութիւնները կատարուած են հայկական 14 եկեղեցիներու մէջ, իսկ 2-րդ հանգրուանով՝ 5 եկեղեցիներու մէջ։ Աշխատանքի յաջողութեան համար, աւելի քան 150 կամաւոր երիտասարդներ իրենց աջակցութիւնը ընծայած են այս կարեւոր գործին։ Առ ի գիտութիւն, յայտնենք,...

Հաղորդագրութիւն 1.  Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի

Հաղորդագրութիւն 9

Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը, գործակցութեամբ իր կողմէ նշանակուած ճարտարապետներէ եւ մասնագէտներէ կազմուած յատուկ յանձնախումբին, որոշած է յատուկ խնամք ցուցաբերել այն տարեց հայրենակիցներուն, որոնք անկարող են իրենց բնակարաններու վերանորոգման աշխատանքներուն հետեւելու, նոյնիսկ եթէ իրենց նիւթական միջոցներ տրամադրուին: Վերոյիշեալ առաջադրանքով, մարմինը արդէն իսկ ձեռնարկած է խիստ կարիքաւոր, առանձին բնակող, հարազատներու հոգատարութիւն չունեցող 10 տարեցներու բնակարաններու նորոգութեան աշխատանքին: Այս աշխատանքները յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուին:...

Հաղորդագրութիւն.  Վերականգնումի Քայլերով

Հաղորդագրութիւն. Վերականգնումի Քայլերով

2020 թուականը աղէտալի ծալքերու կողքին իր մէջ ունի նաեւ յոյսի եւ կեանքի ծիլեր: Արդէն անցաւ ամիս մը Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն: Սակայն լիբանանցի ժողովուրդը յատկապէս եւ ի մասնաւորի լիբանանահայը իբրեւ փիւնիկ կրցան մոխիրներէն վերածնիլ եւ կրկին կեանքի կոչել բոլոր աշխատանքները: Նկատի ունենալով, որ այս տարի «Գարակէօզեան» հաստատութեան 100-ամեակն է, հաստատութեան տնօրէնութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ 100-ամեակի նշումի մեկնարկը կատարելու մանուկին անմեղ...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին

Հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերին Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան այցելեցին Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցան Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին հետ։ Առաջին առիթով մարմինի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ծանօթացուց Վերականգնումի մարմինի կազմը, մշակուած ծրագիրներն ու ցարդ կատարուած աշխատանքները։ Իշխան Սաղաթէլեան անդրադարձաւ Լիբանան իր այցելութեան նպատակին ու առաքելութեան եւ «Օգնիր եղբօրդ- Լիբանան» Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեան։ Ան գնահատեց լիբանանահայութեան...

Page 154 of 365 1 … 153 154 155 … 365

Արխիւներ