Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Շնորհաւորական Նամակը Արցախի Նախագահին` Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով

September 3, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծայարգ
Տիար Արայիկ Յարութիւնեան
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք ձեզ:

2 սեպտեմբեր թուականը ողջ հայութեան համար ցնծութեան օր է: Արդարեւ, 29 տարիներ առաջ Արցախի մեր սիրելի ժողովուրդը իմաստութիւնը ու քաջութիւնը ունեցաւ իր պատմական հայրենիքին մաս կազմող Արցախի հողին վրայ իր անկախութիւնը վերահաստատելու: Արցախի անկախութեան հռչակումը մեր ժողովուրդի հաւաքական հաւատքին ու ամուր վճռակամութեան շօշափելի արտայայտութիւնն էր:

Անցնող 29 տարիներուն Արցախը դարձաւ ոչ միայն Արցախի հայութեան, այլ համայն հայութեան ուշադրութեան կիզակէտը: Մեր ազգի զաւակները մասնակից դարձան, Արցախի հայութեան կողքին, Արցախի հզօրացման ձգտող այլազան ու բազմազան ծրագիրներու իրագործման:

Արցախի անկախութեան նշումը ուրախութեան ու հպարտութեան կողքին նաեւ պէտք է դառնայ յիշեցումի օր մեր ժողովուրդին համար: Արդ, հայոց բանակին կողքին ըլլալը, Արցախի զարգացման գործօն մասնակցութիւն բերելը, Արցախի իրաւաքաղաքական իրաւունքները պաշտպանելը պէտք է շարունակէ մնալ իւրաքանչիւր հայու սրբազան պարտաւորութիւնը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մի՛շտ կը մնայ Արցախի մեր ժողովուրդին ու պետութեան կողքին` վերանորոգ նուիրումով իր ներդրումը կատարելով Արցախի հզօրացման աշխատանքներուն:

Այս առիթով, մեր հայրական սէրը ու հայրապետական օրհնութիւնը կը փոխանցենք ձեզի, պարո՛ն նախագահ, ձեր գլխաւորած կառավարութեան, Արցախի սահմանները տիւ ու գիշեր պաշտպանող հայոց արի բանակին եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն: Թող Աստուած իր երկնային հովանիին ներքեւ պահէ, պահպանէ ու հզօրացնէ Արցախի Հանրապետութիւնը:

Աղօթարար`

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Անթիլիաս, Լիբանան
2 սեպտեմբեր 2020

Նախորդը

Արաբական Աշխարհը Վերջապէս Կը Բացայայտէ Էրտողանի Կեղծաւորութիւնը՝ Իբրեւ Պաղեստինցիներու «Պաշտպան»

Յաջորդը

Հոգեհանգիստ` Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերու Յիշատակին Եւ Աղօթք` Լիբանանի Վերականգնման Համար

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.