ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերին այցելեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան եւ հանդիպում ունեցան քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ: Ներկայ էին փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեան, Ալպեր Պալապանեան եւ Լուի Նատեր:
Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան բացատրութիւններ տուաւ Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտին պատճառով ընդհանրապէս հայկական թաղամասերուն եւ մասնաւորաբար Պուրճ Համուտի շրջանի կրած քանդումներուն եւ վնասներուն, ինչպէս նաեւ վերաշինութեան ու վերականգնումի աշխատանքներուն մասին: Իշխան Սաղաթէլեան գնահատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան` աղէտի հետեւանքները վերացնելու նախանձախնդիր մօտեցումն ու գործունէութիւնը:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ խորհրդակցելու Հայաստան-Լիբանան քաղաքապետական գործադաշտի ծիրին մէջ յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացման ու արդիւնաւորման կարելիութեանց մասին: