Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Հանդիպում Հանրապետութեան Նախագահին Հետ

Սեպտեմբեր 3, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր, Հինգշաբթի, 3 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան եւ Պետական Ներկայացուցիչ՝ Պրն. Վարդգէս Մահտեսեան, նախօրօք ժամադրութեամբ հանդիպում մը ունեցան Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Պրն. Նիքոս Անասթասիատիսի հետ:

Շուրջ 35 վայրկեան հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցան զանազան տեսակի հարցեր առ հասարակ Կիպրահայ գաղութի եւ յատկապէս Կիպրոսի հետ առնչուած: Վսեմաշուք Պրն. Նախագահը բարձր գնահատանքով խօսեցաւ կիպրահայութեան մասին, իսկ Սրբազանն ու Պրն. Ներկայացուցիչը գաղութի անունով իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեցին պետութեան տածած յատուկ գուրգուրանքին եւ ամէն տեսակի բարոյական թէ նիւթական զօրակցութեան: Անոնք նաեւ անդրադարձան «Քորոնա» ժահրի դէմ պետութեան առած խիստ եւ ճիշդ քայլերուն ու ամփոփ զեկոյց մը տուին գաղութիս եւ եկեղեցւոյ կողմէ որոշումներու գործադրութեանց մասին:

Սրբազան Հայրը Պրն. Նախագահին յայտնեց թէ, երէկ գիշեր «Skype»-ի ճամբով հանդիպում ունէր Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ, որ իր ջերմ ողջոյններն ու օրհնութիւնը կը փոխանցէր Վսեմաշուք Նախագահին եւ մասնաւորաբար բարձր գնահատանքը Կիպրոսի հանրապետութեան: Այս առիթով Սրբազանն ու Պրն. Ներկայացուցիչը անդրադարձան նաեւ, 4 Օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ հայկական շրջաններու կրած ահաւոր վնասներուն: Անոնք տեղեակ պահեցին թէ, ի մօտոյ Կիպրահայ գաղութի կողմէ կատարուած դրամահաւաքով, մարդասիրական մէկ «container» սննդամթերք պիտի ուղարկուի Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարան, որպէս զօրակցութիւն լիբանանահայութեան:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

3 Սեպտեմբեր 2020

Նախորդը

Արցախի Անկախութեան Տօնին Նուիրուած Ճատրակի Առցանց Մրցաշարք. Արցախեան Խումբը՝ Տիտղոսակիր

Յաջորդը

Նուիրատուութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?