28 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ հաւատաւոր կուսակցական, վաստակաւոր կրթական մշակ, նուիրեալ ուսուցիչ եւ ազգային գործիչ Հայկազուն Թրթռեանը:
Քեսապի հայրենաշունչ մթնոլորտին մէջ հասակ առած Հայկազուն Թրթռեան մանուկ հասակէն սնած է ազգային ոգիով ու կիլիկեան շունչով: Կրթական ասպարէզը եղած է արեան կանչը, որ զինք ուղղած է դէպի Անթիլիասի դպրեվանք, ուր Հայոց ցեղասպանութենէն ու տեղահանութենէն ետք հաստատուած էր Կիլիկիոյ դարաւոր Ս. Աթոռը: Հայկազուն Թրթռեան եղած է Անթիլիասի դպրեվանքի ուսանողներէն, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է թրծուած միտքով ու հոգիով եւ հարստացած` հայու ամուր կամքով ու նկարագիրով:
Ազգ, եկեղեցի ու հայրենիք միշտ մնացած են իր գործունէութեան սեւեռակէտը: Լիբանանէն (1965-1974 Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգային վարժարանին մէջ) մինչեւ Լոս Անճելըս, տասնամեակներ շարունակ մեր ազգային վարժարաններուն մէջ վարած է ուսուցիչի եւ դաստիարակի պաշտօններ, որոնց կողքին նաեւ ունեցած է ազգային բեղուն գործունէութիւն, իբրեւ հայ դպրութեան հաւատաւոր սպասարկու` հայ սերունդներ պատրաստելու, իբրեւ զինուոր` Հայ դատը պաշտպանելու ու ջերմեռանդ ջատագով, հայ միտքի լոյսը նոր սերունդներուն փոխանցելու:
Ազգային-կուսակցական գործիչի եւ կրթական մշակի տասնամեակներու վրայ երկարող բեղուն գործունէութեան վաստակ կը թողու իր ետին` նուիրեալ դաստիարակի եւ գաղափարի զինուորի անհատական դրոշմ ձգելով իրերայաջորդ սերունդներուն վրայ:
Հեղինակած է յօդուածներ ու հրապարակախօսութիւններ հայ պարբերական մամուլին մէջ, ինչպէս նաեւ «Քեսապի փոքրիկ հանրապետութիւնը» գիրքը նուիրուած իր սիրելի ծննդավայր Քեսապին:
Առ ի գնահատութիւն կրթական ասպարէզին մէջ տասնամեակներու իր նուիրեալ ծառայութեան ու ազգանուէր գործունէութեանց` 4 յուլիս 1996-ին արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին` ձեռամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: