Սփիւռքահայութիւնը` Արցախի Կողքին Եւ Անոր Իրաւունքներուն Պահանջատէր
Սփիւռքի հայութիւնը կը շարունակէ Արցախին ու արցախահայութեան զօրակցող, ազրպէյճանական-արցախեան սահմանագօտիին մէջ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումները դատապարտող եւ իրենց ապրած երկիրներէն այս բոլորին արձագանգել պահանջող ցոյցերը, հաւաքները եւ տարբեր նախաձեռնութիւնները: - Սուրիոյ երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, կիրակի, 18 հոկտեմբերին աւելի քան 1500 հալէպահայեր հաւաքուեցան Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակը` Հալէպէն իրենց զօրակցական կոչը ուղղելով Արցախի անկախ հանրապետութեան, անոր յաղթական բանակին ու ժողովուրդին: Ազգային-յեղափոխական...




















