Ուրբաթ, 16 հոկտեմբեր 2020-ին Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:
Հանդիպումը առիթ եղաւ քննարկելու ազրպէյճանական-թրքական շարունակուող յարձակումները Արցախի Հանրապետութեան վրայ` հակառակ վերջերս կրկին հաստատուած զինադադարին, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքին կեցուածքը` Արցախի հարցին նկատմամբ: