Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքահայութիւնը` Արցախի Կողքին Եւ Անոր Իրաւունքներուն Պահանջատէր

October 20, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սփիւռքի հայութիւնը կը շարունակէ Արցախին ու արցախահայութեան զօրակցող, ազրպէյճանական-արցախեան սահմանագօտիին մէջ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումները դատապարտող եւ իրենց ապրած երկիրներէն այս բոլորին արձագանգել պահանջող ցոյցերը, հաւաքները եւ տարբեր նախաձեռնութիւնները:

– Սուրիոյ երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, կիրակի, 18 հոկտեմբերին աւելի քան 1500 հալէպահայեր հաւաքուեցան Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակը` Հալէպէն իրենց զօրակցական կոչը ուղղելով Արցախի անկախ հանրապետութեան, անոր յաղթական բանակին ու ժողովուրդին:

Ազգային-յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ երգիչ Յակոբ Մկրտիչեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ճորճ Հինտոյեանի:

Համերգը նուիրուած էր անառիկ Արցախին ու անոր հզօր բանակին:

«Արցախը Հայաստան է» , «Պիտի յաղթենք» , «Ճանաչում Արցախի Հանրապետութեան» կոչերով հարիւրաւոր երիտասարդներ, պատանիներ բեմ բարձրանալով խոստում տուին որպէս նորահաս սերունդներ իրենց բոլոր կարելիութիւններով զօրավիգ կանգնելու Արցախին:

– Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթէվիէոյի մէջ 18 հոկտեմբերին ինքնաշարժներու հսկայ երթ տեղի ունեցաւ` խաղաղութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղը ճանչնալու պահանջով:

Լատին-ամերիկեան երկրին մէջ բնակող հայ համայնքի ներկայացուցիչները պահանջեցին դատապարտել Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումները, ինչպէս նաեւ միջազգայնօրէն ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Երթին մասնակցեցան հարիւրաւոր անձեր, որոնք պաստառներ եւ դրօշակներ բարձրացուցին իրենց ինքնաշարժներէն` հնչեցնելով ազգային երգեր:  Կազմակերպիչներէն մէկը ընթերցեց ցուցարարներուն պահանջները եւ ներկայացուց Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը:

– Յունաստան ապրող բազմաթիւ հայեր իրենց բողոքը արտայայտեցին ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ` Արցախի եւ Հայաստանի դէմ սկսած ռազմական գործողութիւններուն: Անոնք 19 հոկտեմբերի առաւօտեան Ալեքսանդրուպոլիս քաղաքի կեդրոնէն ինքնաշարժներով ուղղուեցան յոյն-թրքական անցակէտ, յետոյ քայլերթով փակեցին զայն:

Հայերն ու անոնց աջակցող օտարները ծածանեցին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները, վանկարկել` «Յաղթելու ենք», «Յաղթանա՛կ, յաղթանակ, յաղթանակ»:

Անոնց բարձրացուցած պաստառներուն վրայ գրուած էր. «Արցախը ուժեղ է», «Լեռնային Ղարաբաղը արդէն անկախ է», «Խաղաղութիւն Արցախի մէջ»:

– 17 հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվանիա նահանգի Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ գտնուող արուեստի թանգարանին մօտ բողոքի ցոյց կատարուեցաւ:

Յանուն Արցախի եւ Հայաստանի խաղաղութեան կազմակերպուած նախաձեռնութեան միացան նաեւ ամերիկացիներ:

Ցոյցին մասնակիցները պահանջեցին ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը: Անոնք պաստառներ կը կրէին հետեւեալ գրութիւններով. «Արցախը երկիր է, ոչ թէ տագնապ, ճանչցէք Արցախը», «Պաշտպանեցէք Արցախը, պաշտպանեցէք Հայաստանը»:

– Նորվեկիոյ հայ համայնքը բողոքի ցոյց կազմակերպեց ընդդէմ ազրպէյճանական յարձակումին:  Հայկական համայնքի բողոքի ձայնը արտայայտուեցաւ ինչպէս լուռ ցոյցերով, այնպէս ալ հայրենիքին աջակցող ելոյթներով, հայրենասիրական երաժշտութեամբ: Ցոյցին մասնակցեցան հարիւրաւոր անձեր` յստակ պահանջներով:

Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ Նորվեկիոյ կառավարութեան 4 կէտերէ բաղկացած պահանջներ ներկայացուցած են` դատապարտել Ազրպէյճանի յարձակումները Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի վրայ, պահանջել դադրեցնել բոլոր յարձակումները եւ նստիլ խաղաղ բանակցութիւններու սեղան, կանխել շրջանին մէջ լարուածութեան սրումը եւ լայնածիր բախումները:

Հայ համայնքին ակնկալութիւնն է նաեւ, որ Նորվեկիան աջակցի Հայաստանին` Եւրոպական խորհուրդին  եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ` պատժամիջոցներ կիրարկելով Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նկատմամբ:

Նորվեկիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչները նաեւ կ՛աշխատին տեղեկատուական դաշտին մէջ, փորձելով տեղւոյն լրատուամիջոցները իրազեկել Արցախի եւ Հայաստանի իրավիճակին մասին:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (19 Հոկտեմբեր 2020)

Յաջորդը

«Սփիւռքը Կարեւոր Դեր Ունի Արցախի Միջազգային Ճանաչման Մէջ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Եթէ Էրտողան Կ՛ուզէ Կազայի Մէջ Իր Գաղափարակիցներուն Օգնել, Թող Զանոնք Անթալիա Տեղափոխուելու Օգնէ»

September 19, 2026
Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Ընթացք Առին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ընթացք Առին

September 19, 2026
Երէկ  Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններու Ճնշող Մեծամասնութիւնը Դատապարտեց Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակին Բաց Նամակը` Ալիեւի Հրաւէրով Բռնագրաւուած Արցախ Այցելած Կրոնոյին

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.