Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճար Լիբանան, 15 Հոկտեմբեր 2020

Հոկտեմբեր 17, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նահատակ Գէորգ Հաճեանի յուղարկաւորութեան սփռումին ներկայ էին՝ Լիզպոնի 5 հերոսներէն՝ Վաչէ Տաղլեանի եղբայրը եւ Շուշիի ազատագրութեան հերոսներէն՝ Վիգէն Զաքարեանի քոյրը, որոնք եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Արցախեան գոյամարտի նորօրեայ հերոս՝ Գէորգ Հաճեանի յիշատակին եւ անոնք հանդիպեցան Գէորգի քոյրերուն։

Հանդիպեցան հերոս եղբայներ ունեցող քոյրերն ու եղբայրը։
Հանդիպեցան նոյն նպատակին հաւատացող եւ այդ նպատակին համար իրենց կեանքը զոհած հերոսներու քոյրերն ու եղբայրը։
Հանդիպեցան նոյն ցաւն ու հպարտութիւնը պատճառող նահատակներուն քոյրերն ու եղբայրը։
Հանդիպեցան ու յուզուեցան, զրուցեցին, մխիթարեցին, ուժ տուին ու հպարտացան։

Վաչէ, Վիգէն եւ Գէորգ՝
Երեք տարբեր հերոսներ՝ տարբեր ժամանակներու, պայմաններու եւ վայրերու մէջ,բայց մէկ նպատակի համար եւ նոյն թշնամիին դէմ դնելու ընթացքին նահատակուած հերոսներ։
Որքա՜ն վեհ է այդ նպատակը։
Որքա՜ն նուիրում կ՚ենթադրէ։
Երեք հերոսներ որքա՜ն նման իրարու եւ աւելի՛ն, որքա՜ն ազդուած են իրարմէ, որ ընտրեցին նոյն ճամբան, գերագոյն զոհաբերութեան ճամբան՝ Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդին համար։
Երեք հերոսներ, որոնք հայրենիքէ դուրս ծնած ըլլալով հանդերձ, իրենց կեանքը զոհեցին հայրենինքին համար, իրենց արիւնը խառնեցին բոլոր միւս նահատակներուն արիւնին, ու ոռոգեցին հայրենի հողը, երաշխաւորելով հայ մարդուն ապագան։

Վաչէին եղբայրը, Վիգէնին քոյրը եւ Գէորգին քոյրերը հանդիպեցան ու ես վստահ եմ, որ ճիշդ այս հանդիպման պահուն, հանդիպեցան նաեւ Վաչէն, Վիգէնն ու Գէորգը։
Խօսեցան Լիզպոնի գործողութեան եւ Շուշիի ազատագրութեան մասին։ Գէորգը զեկուցեց վերջին իրադարձութիւններուն մասին, ու ետքը երգեց Լիզպոնի տղոց եւ Վիգէնի յիշատակին նուիրուած երգերը, ինչպէս միշտ։
Իր ձայնի զօրութենէն թնդաց երկինքը ու միացան միւս տղաքը, բոլոր ժամանակներու մեր հերոսները։
Եւ երբ անոնք հանդիպին, եւ երբ անոնք միանան, ուժ եւ կորով կ՚ուղարկեն, բոլորիս, եւ յատկապէս հայ զինոորին ու կամաւորին։
Պատճառ մը եւս, որ վստահաբար՝ #ՀԱՂԹԵԼՈՒԵՆՔ

#ArtsakhStrong #StopAzerbaijaniAggression #StopAliyev #WithOurSoldiers #ՀԱՂԹԵԼՈՒԵՆՔ

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (17 Հոկտեմբեր 2020)

Յաջորդը

Նշմար. Ո՞ւր Փնտռել Ֆրանսացի Ուսուցիչը Գլխատողին Ոճրածին Արմատները

RelatedPosts

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Գաղութային

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը
Գաղութային

«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ.  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս
Գաղութային

Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?