Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաւատացիր Երգերուդ Իւրաքանչիւր Տողին Եւ Սիրայօժար, Մահն Աչքերուդ Գացիր Զոհաբերութեան» Ըսաւ Տոքթ. Էլի Թաշճեան` Գէորգ Հաճեանի Նուիրուած Ձեռնարկին

Հոկտեմբեր 16, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բարձրունքը մերն է տղերքը չկան,
Տղերքն աւելի բարձրում մնացին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, հինգշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2020-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա Լեռ-Այնճարի ժողովուրդի զաւակ եւ Արցախի ազատամարտիկ Գէորգ Հաճեանի թաղման արարողութեան առցանց սփռումը հայրենիքէն` Պռօշեան գիւղէն, «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին միջոցով:

Ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան, Վարուժան արք. Հերկելեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, Այնճարի քաղաքապետը, Արցախի ազատամարտիկ Գէորգ Հաճեանի հարազատները, Այնճարի մէջ գործող զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հայրենակիցներ:

Թաղման արարողութեան առցանց սփռումէն ետք, ՀՅԴ Լիբանանի  Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Էլի Թաշճեան, որ դիտել տուաւ, թէ Գէորգ Հաճեանի արուեստն եւ անոր գաղափարապաշտ ու հայրենասէր ոգին միշտ ալ հպարտութիւն ներշնչած են` աւելցնելով, որ անոր հայրենասիրութեան վառ ապացոյցներէն մին եղաւ ընտանիքին հետ փոխադրուիլը Հայաստան, ուր, մասնագիտանալով երաժշտական բնագաւառին մէջ, ան իր ծառայութիւնը բերաւ հայ մշակոյթին` տարածելով հարազատ հայ երգն ու երաժշտութիւնը:

«Ազգային-յեղափոխական մշակոյթի անխոնջ սպասարկուն էիր դուն: Սակայն չգոհացար այդքանով: Խորաթափանց նախազգացումով մը, տակաւին  վերջերս ստեղծած տեսահոլովակը գործնականացնելով, ընկերներուդ հետ շտապեցիր ռազմաճակատ: Հաւատացիր երգերուդ իւրաքանչիւր տողին եւ սիրայօժար, մահն աչքերուդ գացիր զոհաբերութեան», յայտնեց Է. Թաշճեան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամը դիտել տուաւ, որ Գէորգ Հաճեան կը մեկնի միանալու մեր միւս ընկերներուն, որոնց անուններով երգեր երգեց ան: «Դուն կ՛երթաս միանալու յատկապէս Պետոյին, որուն կողքին ցանկացած էիր հանգչիլ` զոհուելու պարագային: Վերջին ցանկութիւնդ իրականացաւ, սիրելի՛ ընկեր», եզրափակեց ան: Տոքթ. Էլի Թաշճեան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքին եւ յատկապէս ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով խորազգաց ցաւակցութիւններ յայտնեց հերոսածին մօր, նահատակին կնոջ` Ֆրիտային եւ մէկ հատիկ որդիին` Թաթուլին, որ ուխտած է արուեստի ճամբով շարունակել իր հօր կիսատ թողած գործը (տոքթ. Էլի Թաշճեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք «Ազդակ»-ի յաջորդ թիւին մէջ):

Ապա ներկայ հայրենակիցները «Վէրքերով Լի» երգով հրաժեշտ տուին նահատակ ընկերոջ:

Աւարտին Արցախի ազատամարտիկ Գէորգ Հաճեանի ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւն ընդունեցին «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ:

 

Նախորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Թղթածրարը Զգուշաւոր Մթնոլորտ Կը Ստեղծէ

Յաջորդը

Բոլորս Դէպի Արցախի Միջազգային Ճանաչում

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?