Աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը շարունակէ Արցախին ու արցախահայութեան զօրակցող, 27 սեպտեմբերէն ի վեր ազրպէյճանական-արցախեան սահմանագօտիին մէջ Ազրպէյճանի` Թուրքիոյ ուղղակի մասնակցութեամբ, սանձազերծած յարձակումները, քաղաքացիներու ռմբակոծումները դատապարտող եւ իրենց ապրած երկիրներէն այս բոլորին արձագանգել պահանջող ցոյցերը, հաւաքները եւ տարբեր նախաձեռնութիւնները:
– Արդարեւ, շաբաթավերջին Փարիզի մէջ կազմակերպուեցաւ բազմահազարանոց ցոյց` ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումներուն եւ ի աջակցութիւն Արցախի` պահանջելով, որ Ֆրանսան ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Հաւաքուածները բարձրացուցին Հայաստանի, Արցախի դրօշները, նաեւ պաստառներ` Արցախի անկախութեան ճանաչման կոչով:
Հաւաքուածները վանկարկեցին «Արցախը մե՛րն է», «Փա՛ռք հայոց բանակին», «Ալիեւ, Էրտողան` ահաբեկիչ», «Կեանքս` Արցախին», կոչեր անում, ելոյթներ ունենում:
Ցոյցի մասնակիցները հայերէնով աղօթեցին: Աւելի քան 10 հազար հաւաքուածներ քայլարշաւով ուղղուեցան դէպի Ֆրանսայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատուն` բողոքի ցոյցը դեսպանատան դիմաց շարունակելու համար:
– Մարսէյի հայութիւնը 18 հոկտեմբերին ինքնաշարժներով փակեց դէպի օդակայան տանող հիմնական մայրուղին, որ նաեւ քաղաքը կը կապէ Փարիզի, Վալանսի եւ Լիոնի: Ստեղծուեցաւ խճողում, եւ ցուցարարները բոլորին բաժնեցին թռուցիկներ, որոնք լուսարձակի տակ կ՛առնեն ընդհանրապէս Ղարաբաղի տագնապը եւ յատկապէս 27 սեպտեմբերէն Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումները, որոնց թիրախ կը դառնան նաեւ Արցախի խաղաղ բնակիչներն ու անոնց բնակարանները: Աւելի ուշ ցուցարարներու այլ խումբ մըն ալ փակեց քաղաքի կեդրոնը` թռուցիկներ բաժնելով, Եռագոյն եւ Արցախի դրօշակներ բարձրացնելով:
– Աւստրալիոյ հայ համայնքը եւս յարձակումներու դատապարտման պահանջով փակեց Սիտնիի Հարպըր կամուրջը: Այս մասին յայտնեց Հայ դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը:
Հայաստանի դրօշներով բազմաթիւ ինքնաշարժներ կաթուածահար ըրին Հարպըր կամուրջի երթեւեկը:
Աւստրալիոյ հայ համայնքի անդամները պահանջեցին դատապարտել թուրք-ազրպէյճանական յարձակումները եւ գործուն քայլերու ձեռնարկել` զանոնք դադրեցնելու ուղղութեամբ:
– Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հայ երիտասարդաց Դաշնակցութեան Ուաշինկթընի «Անի» մասնաճիւղին, Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող հազարաւոր հայերու եւ հայ ժողովուրդին սատարող օտարներու մասնակցութեամբ, 15 հոկտեմբերին բողոքի ցոյց տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի մէջ` Քոնկրեսի շէնքին դիմաց: Մասնակիցները դատապարտեցին Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ` Արցախի եւ Հայաստանի դէմ սանձազերծած ռազմական գործողութիւնները:
Բողոքի ցոյցին մասնակիցները ամերիկեան իշխանութիւններէն պահանջեցին պատժամիջոցներ կիրարկել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ, դադրիլ որեւէ ռազմական կամ այլ օգնութիւն տրամադրելէ վերոնշեալ երկիրներուն եւ ճանչնալ Արցախը:
Անոնք բարձրացուցին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները, իսկ պաստառներու վրայ գրած էին. «Մենք արդարութիւն կը պահանջենք», «Կեցուցէ՛ք Ազրպէյճանը», «Ճանչցէ՛ք Արցախը», «Վե՛րջ տուէք պատերազմին», «Յաղթելու ենք»:
Բողոքի ցոյցի մասնակիցները վանկարկած են «Ամօ՛թ Թուրքիոյ, ամօ՛թ Ազրպէյճանին», «Էրտողանն ու Ալիեւը ահաբեկիչներ են», «Պայքա՛ր, պայքա՛ր մինչեւ վերջ»:
– 15 հոկտեմբերին Մոնրէալի քաղաքապետարանի դիմաց երիտասարդներ բողոքի ցոյց-հաւաք կազմակերպեցին` ընդդէմ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի յարձակումներուն: Անոնք դատապարտեցին Մոնրէալի քաղաքապետ Վալերի Պլանտէի լռութիւնը ու պահանջեցին ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
– Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ եւս հայութիւնը կազմակերպեց խաղաղ ցոյց` պահանջելով ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը, դադրեցնել անարդար պատերազմը հայ առաջին քրիստոնեայ ազգին հանդէպ:
Ցոյցին ընթացքին պահանջուեցաւ նաեւ Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին այդ երկրին աջակցող Թուրքիան զրկել ՕԹԱՆ-ի անդամակցութենէն: Կատարուեցաւ աղօթք` նահատակներուն հոգիներուն համար:
Բարձրացուած պաստառներուն վրայ գրուած էր` «Ձեր լռութիւնը կեանքեր կ՛արժէ», «Ճանչցէ՛ք Արցախը», «Կասեցուցէ՛ք ահաբեկչութիւնը», «Նոր ցեղասպանութիւն մի՛ արտօնէք», «Արցախը ուժեղ, եւ մենք յաղթելու ենք»:
– Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքը եւս կազմակերպեց ցոյցեր, քաղաքական, քարոզչական աշխատանք, նուիրատուութիւններ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին:
Շրջանի Հայ դատի յանձնախումբէն նշեցին, որ պատերազմի առաջին օրէն գաղութը լծուած է աշխատանքի` այս պայքարին, Հայաստանի ու Արցախի պաշտպանութեան նեցուկ կանգնելու նպատակով:
Հայ երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ` Սան Ֆրանսիսքոյի նշանաւոր «Ոսկէ դարպաս» կամուրջին վրայ` 4-5 հազար հոգիի մասնակցութեամբ:
– 17 հոկտեմբերին չեխահայութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպեց Փրակայի Կարելի կամուրջին վրայ` կոչ ուղղելով Չեխիոյ իշխանութիւններուն` ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը: 250-է աւելի հայեր, չեխեր ու այլ ազգերէ անձեր իրարմէ երկու մեթր հեռաւորութեամբ եւ տարբեր կոչերով ու դրօշներով մօտ 1.5 ժամ հսկում-ցոյցով ներկայացուցին իրենց պահանջները:
Ցոյցի կազմակերպող Հայ երիտասարդներու միութեան ներկայացուցիչները դիտել տուին, որ իբրեւ նախաձեռնութեան վայր ընտրուած է քաղաքի խորհրդանիշ հանդիսացող տուեալ կամուրջը, որպէսզի ոչ միայն իշխանութիւնները, այլ նաեւ զբօսաշրջիկները տեղեակ ըլլան Հայաստանի ու Արցախի վրայ սանձազերծուած յարձակումին մասին:
Ցուցարարներուն պաստառներուն վրայ կը պահանջուէր, որ Չեխիոյ իշխանութիւնները ոչ միայն արտայայտուին այս նիւթին մասին, այլ նաեւ ճանչնան Արցախի անկախութիւնը: Այս շարժումը հետաքրքրութիւն ստեղծեց անցորդներուն մօտ:
Ազրպէյճանցի երիտասարդներ փորձեցին հակադարձել հայերու ցոյցին` քանի մը հոգիով յաջորդ կամուրջին վրայ բարձրացնելով «Ղարաբաղը Ազրպէյճան է» պաստառը, սակայն անոնք չկրցան ուշադրութիւն գրաւել: Հսկում-ցոյցին ընթացքին հնչեց հայկական հայրենասիրական եւ ժողովրդական երաժշտութիւն:
– Հարիւրաւոր հայեր բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Լոնտոնի մէջ` «Պի. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին դիմաց` պահանջելով ճշմարտութիւնը ներկայացնել Արցախի եւ Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն մասին: Բողոքի մասնակիցները վանկարկեցին «Ամօ՛թ «Պի. Պի. Սի.»-ին», «Դադրեցէք ազրպէյճանական եւ թրքական սուտեր տարածելէ», ««Պի. Պի. Սի.», պատմէ՛ ճշմարտութիւնը»:
Ռազմահայրենասիրական երգերու հնչիւններով ցուցարարները բարձրացուցին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներ ու ընդգծեցին, որ բրիտանական հանրութիւնը արժանի է գիտնալու ճշմարտութիւնը, եւ «Պի. Պի. Սի.»-ն պէտք է դադրի զայն ծածկելու իր ոճէն:
Ցուցարարներուն բարձրացուցած պաստառներուն վրայ գրուած էր` «Վե՛րջ տուէք յարձակումներուն», «Ճանչցէ՛ք Արցախը», «Ձեր լռութիւնը կը սպաննէ խաղաղ մարդիկ»:
– Հայեր եւ օտարներ 17 հոկտեմբերին փակեցին Սպանիա-Ֆրանսա միջպետական մայրուղին եւ խաղաղ բողոքի ցոյցով իրենց վրդովմունքը յայտնեցին ու դատապարտեցին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ` Արցախի վրայ սկսած ռազմական գործողութիւնները, որոնց իբրեւ հետեւանք կը զոհուին ո՛չ միայն իրենց հայրենիքը պաշտպանող հայ զինուորները, այլ նաեւ խաղաղ բնակիչներ:
Ծածանեցան Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները, իսկ ցուցարարները վանկարկեցին` «Արցա՛խ, Արցա՛խ», «Արցախը Հայաստան է, իսկ Ալիեւն ու Էրտողանը` ահաբեկիչներ»: Պաստառներուն վրայ գրուած էր «Վե՛րջ տուէք ահաբեկչութեան», «Արցախի ժամանակն է», «Արցախը Հայաստան է», «Յաղթելու ենք»: Անոնք նաեւ Եւրոպային կոչ ուղղեցին` արձագանգել Արցախի մէջ տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւններուն ու դատապարտել Ազրպէյճանն ու Թուրքիան:
– Զուիցերիոյ մեծագոյն քաղաքներէն Ժընեւի մէջ ջահերով բազմամարդ երթ կազմակերպուեցաւ` ի աջակցութիւն Հայաստանի եւ Արցախի: «Արցախ», «Հայաստան», «Յաղթելու ենք», «Ալիեւ` ժիհատական», «Էրտողան` մարդասպան» վանկարկելով ցուցարարները Ուիլսընի պալատէն ուղղուեցան դէպի Ազգերու պալատ, ուր կը գտնուի ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գրասենեակը: Երթին մասնակիցները պահանջեցին նաեւ ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը:
Ցոյցի կազմակերպիչները յայտնեցին, որ ներկայ էին նաեւ զուիցերիական կարգ մը կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ` կանաչները, ընկերվարականները եւ բոլոր ձախակողմեան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները:
Երթը կազմակերպուած էր հայ-զուիցերիական միութեան կողմէ, իսկ անոր մասնակցեցան բոլոր հայկական միութիւնները: