Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկահայութեան Բողոքի Ցոյցը Կը Շարունակուին

Հոկտեմբեր 13, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւմտեան Ա․Մ․Ն․-ի եւ Գանատայի գաղթօճախներէն ներս, կատարուած ցոյցերուն կողքին, նաեւ նոյնքան մեծ թափով ցոյցերն ու հաւաքները կը շարունակուին արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի քաղաքներուն մէջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7-ին Տիթրոյթի քաղաքի կեդրոնին մօտ գտնուող Կոմիտաս Վարդապետի արձանին մօտ, տեղի ունեցաւ հաւաք, կազմակերպուիթեամբ տեղւոյն Հ․Ե․Դ․-ի «Կոպեռնիկ Թանտրճեան» մասնաճիւղին։ Աւելի քան 350 ցուցարարներ ներկայ եղան այս հաւաքին։ Անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին առաջնագիծին կանգնող հայ զինուորին, բաժնելով ցաւը թէ՛ զոհուածներուն եւ թէ՛ անոնց հարազատներուն։

Անոնք բարձրախօսերով յայտնեցին իրենց ցասումը եւ շեշտեցին, թէ Տիթրոյթի համայնքը միշտ ալ նեցուկ կը կանգնի եւ ամեն գնով իր ներդրումը կը բերէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն։ Ցուցարարնեը շեշտեցին, թէ հերոս զինուորները, սուրբ հայրենիքը պաշտպանելով՝ նաեւ պահապանը կը դառնան հայ ազգին։ «Յաղթանակը մե՛րն է եւ մենք պիտի՛ յաղթենք», Լոզունքով աւարտեցին իրենց հաւաքը։

 

 

 

 

 

Հինգշաբթի Հոկտեմբեր 8-ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ-ցոյց, մասնակցութեամբ շուրջ հինգ հարիւր հայորդիներու։ Անոնք պաստառներով կը տեղեկացնէին, թէ հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետքն ալ, թուրքերը այս անգամ ազերիներու ճամբով կը փորձեն աւարտել այն, ինչ որ ձախողեցան ընել իրենց նախնիները։ Նաեւ, ցուցարարները շեշտեցին, թէ այս պատերազմին միտք բանին` իրականացնելն է փանթուրքիզմի երազները:

 

 

 

 

 

«Ուաշինկթընի հայկական քայլարշաւը ահազանգ պիտի ըլլայ ամերիկացի առաջնորդներուն համար, որ վերջիններս վերականգնեն ինքնորոշման, ժողովրդավարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան համաամերիկեան արժէքներուն նկատմամբ իրենց պարտաւորութիւնները», յայտնեցին ցուցարարները, որոնք լաւապէս կազմակերպուած էին եւ կը վայելէին ապահովութիւնը՝ տեղւոյն ոստիկանութեան։

Շաբաթ Հոկտեմբեր 10-ին, պատմական էր Նիւ Եորքի քայլարշաւն ու անոր յաջորդող ցոյցը։ Բազմահազար ցուցարարներ քալեցին 55-րդէն 66-րդ պողոտայ եւ ցոյց կատարեցին պատկերասփիւռի «Էն․Պի․Սի․»-ի կեդրոնատեղիին առջեւ։

Քայլարշաւին յաջորդող հաւաքին բացումը կատարուեցաւ աղօթքով։ Ներկայ էին Անուշաւան Արք․Դանիէլեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմի Առաջնորդ) Սիմէօն Աբեղայ Օտապաշեան (Էջմիածնական թեմի Առաջնորդական փոխանորդ) իրենց կողքին ունենալով շրջանէն հովիւներ։

 

 

 

 

 

Անուշաւան Արք․Դանիէլեան յայտնեց, թէ այս վճռադրոշմ պահուն, հայ ժողովուրդը Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ չի կրնար միայն զգացական սահմաններուն մէջ զօրակցութիւն յայտնելով բաւարարուիլ, այլ ան կոչ ուղղեց գործնապէս օժանդակութիւն բերելու։ Ան նշեց, թէ թշնամին անխնայ եղած է նոյնիսկ հայոց եկեղեցւոյ հանդէպ եւ հարուածած է Շուշիի պատմական Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցին։ Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց ներկաներուն հայրենիքի ռազմական ճիգին զօրավիգ կանգնելու։

Սիմէօն Աբեղայ Օտապաշեան, իր կարգին խօսք առնելով ըսաւ, թէ միանգամայն մեր աղօթքներուն մէջ յիշենք հայրենիքի պաշտպանութեան ու հայ ժողովուրդի յաւերժութեան համար իրենց արիւնը թափելու պատրաստ քաջարի հայ զինուորները։

Ապա խօսք, զանազան միութիւններու պատկանող երիտասարդներ, որոնք առին երիտասարդ, որոնք լոզունքներով եւ երգելով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին, շարունակ կրկնելով․ «Յաղթելու ենք։ Յաղթանակը մե՛րն է»։

Ներկայ էին նաեւ յոյներ, որոնց ներկայացուցիչն ալ պատշաճ խօսքով ելոյթ ունեցաւ։

Ցուցարարները, նոյնիսկ կրցան կարճ ժամանակաշրջան մը, փակել Պրուքլին կամուրջը։

Կիրակի, Հոկտեմբեր 11-ին Պոսթընի հայութեան կարգն էր ցոյցին մասնակցելու։ Առաջին հերթին գրեթէ երկու հազար հաշուող հայութիւնը հաւաքուեցաւ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ եւ բողոքի լոզունքներով եւ պաստառներով իր բողոքը յայտնեց Անգարայի ղեկավարութեան, որ Պաքուի կողքին, մատակարարելով զէնք, զինամթերք եւ վարձկան ահաբեկիչներ կը հարուածէ Արցախի գիւղերն ու բնակարանները։

 

 

 

 

 

Ցուցարարները ուղղուեցան ի յիշատակ հայոց ցեղասպանութեան համար կառուցուած «ժառանգութեան պարտէզ», ուր տեղի ունեցաւ յայտագիր մը։ Անի Զարկարեան մեներգեց քայլերգները։ Հանդիսոփւթիւնը վարողն էր Ճորճ Պարմաքեան, որ ներկաներուն հրաւիրեց վայրկեան յարգել յիշատակը նահատակուած հերոսներուն։

Շրջանի հովիւ Անդրանիկ Պալճեան կատարեց աղօթք-պատարագ, շուտափոյթ ապաքինում պարգեւելով վիրաւոր զինուորներուն ու հայորդիներուն, լուսաւորելով հոգիները նահատակ զինուորներուն եւ մաղթելով, որ իր երկնային հովանիին ներքեւ պահէ ու պահպանէ Արցախը, Հայաստանը եւ մեր համայն ազգը։

Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճորճ Աղճայեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ քաղաքակիրթ աշխարհին լուռ կը մնայ եւ ահաւոր ոճիրը կը շարունակուի Արցախի մէջ, ուր Լիպիայէն եւ Սուրիայէն վարձկաններ եւ ահաբեկիչներ ռազմաճակատ փոխադրուած են եւ հոն կը շարունակեն ահաբեկչութիւնը։ «Աւելին, Պաքու՝ Իսրայէլի ու Թուրքիոյ օժանդակութեամբ, արգիլուած զինամթերքով կը փորձէ ծունկի բերել ազգ մը, որ որոշած է մինչեւ վերջին արեան կաթիլ պայքարիլ, կառչիլ կեանքին, հողին եւ կեանքի գնով պաշտպանել հայրենիքը»:

Աղճայեան յատկապէս քննադատեց Միացեալ Նահանգներու բացակայութիւնն ու անտարբերութիւնը շրջանէն ներս եւ յատկապէս հայոց ցեղասպանութեան նման, ողջակիզման ենթարկուած Իսրայէլի որդեգրած հակահայկական դիրքը, որ յատկապէս կը յիշատակուի անօդաչու սարքեր վաճառելով։

Ապա խօսք առաւ Հ․Բ․Ը․Մ․-ի շրջանի ներկայացուցիչ Արա Պալիքեան, որ իւրաքանչիւր հայ իր արեան կանչով եւ իր հայրենիքին նկատմամբ ունեցած անխախտ հաւատարմութենէն մղուած, գործնապէս իր օժանդակութիւնը բերէ սնունդի եւ բժշկական կազմածներու մատակարարման, նաեւ հայոց բանակի առաւել հզօրացման, շարունակ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելով, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին ճամբով։

«Սիրելիներ, Հայաստան եւ Արցախ մեր նեցուկին կարիքը ունին։ Բանանք մեր դրամապանակները եւ առատաձեռնօրէն ու շռայլօրէն նուիրատուութիւններ կատարենք այս հիմնադրամին», եզրակացուց ան։

Բանաստեղծ Աւիկ Տերենցի հայերէն լեզուով կատարուած խթանիչ խօսքերով աւարտեցաւ Պոսթընի հաւաքը։ Ան տպաւորիչ խօսքերով շեշտեց, թէ հայութիւնը ոչ մէկ ձեւով պիտի արտօնէ երկրորդ ցեղասպանութիւն մը եւ երբեք պիտի չենթարկուի ոճրագործ Թուրքիոյ, ոչ ալ տեղի պիտի տայ միջազգային փոխհամաձայնութիւններուն դիմաց: «Յաղթելու ենք եւ պիտի յաղթենք»-ով աւարտեց, ան իր խօսքը։

hairenikweekly.com

Նախորդը

150,000 Հայորդիներ Մասնակցեցան «Յաղթանակի Քայլարշաւ»ին

Յաջորդը

Մշակոյթով Ու Արուեստներով Ալ Պիտի Յաղթենք

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?