Գաղութային

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Ուղերձը`  Հայ Ժողովուրդին.  «Քաջաբար Ելէք Հայրենիքի Ու Ազգի  Պաշտպանութեան Նուիրական Պայքարի»

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Ուղերձը` Հայ Ժողովուրդին. «Քաջաբար Ելէք Հայրենիքի Ու Ազգի Պաշտպանութեան Նուիրական Պայքարի»

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հայ ժողովուրդին կոչ ուղղած է ելլելու հայրենիքի ու ազգի պաշտպանութեան նուիրական պայքարին, կանգնելու սահմանագիծին մարտնչող քաջորդիներուն կողքին, որպէսզի պարտութեան մատնուի նենգ թշնամին, խորտակուին անոր չար մտադրութիւնները եւ աւելի հզօրանայ հայրենի մեր երկիրը, մեր պետականութիւնը: Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ հայ ժողովուրդին ուղղուած ուղերձը` ստորեւ. «Սիրելի՛ զաւակներ մեր, մեր ազգի ու հայրենիքի համար վճռորոշ այս...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Համազգային Զօրակոչը` Ի Պաշտպանութիւն Արցախի Անկախութեան, Հայաստանի Հզօրութեան Ու Հայութեան Արժանապատուութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Համազգային Զօրակոչը` Ի Պաշտպանութիւն Արցախի Անկախութեան, Հայաստանի Հզօրութեան Ու Հայութեան Արժանապատուութեան

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Արամ Ա. կաթողիկոսի ուղղած համազգային զօրակոչին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 25 հոկտեմբերին: Ահաւասիկ այսօր 29-րդ օրն է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախին եւ Արցախի ճամբով ամբողջ հայ ժողովուրդին դէմ շրթայազերծուած պատերազմին: Անցնող օրերու ընթացքին յաճախակի առիթներով Մեր հայրական խօսքը ուղղեցինք եւ Մեր զօրակցութիւնը յայտնեցինք հայոց բանակին, ինչպէս նաեւ հայրապետական կոչ ուղղեցինք...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը

Շաբաթ, 24 հոկտեմբեր 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանին: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ Համազգայինի աշխարհատարած մասնաճիւղերու գործունէութիւնը` կրթական ու մշակութային մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները «Քորոնա» ժահրի համավարակին ստեղծած ներկայ դժուար պայմաններուն: Հանդիպումը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմին, անոր հետեւանքներուն եւ միասնական ճիգով Արցախը պաշտպանելու հրամայականին:

Հաղորդագրութիւն.  Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Քոլեճի  Աշակերտութեան Երաժշտական  Ունկնդրութիւն Եւ Քննութիւն

Հաղորդագրութիւն. Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Քոլեճի Աշակերտութեան Երաժշտական Ունկնդրութիւն Եւ Քննութիւն

Շաբաթ, 24 հոկտեմբեր 2020-ին, տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 7-րդ դասարանի աշակերտութեան 2019-2020 կրթական տարեշրջանի ունկնդրութիւնը: Եօթը աշակերտներ եօթներորդ դասարանէն կատարեցին դաշնակի, ջութակի, կիթառի եւ տհոլի աւարտական ծրագիրները եւ անոր համապատասխան պիտի ստանան իրենց վկայագիրը: Ունկնդրութիւնը սկսաւ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւՀ. Արմէնեան» սրահին մէջ: Անոր ներկայ գտնուեցան քոլեճիս կրթական տնօրէն խորհուրդը, խնամակալութեան անդամները, գործակատարը,...

Մեր Կորուստները.  «Քորոնա»-Ի Համավարակին Պատճառով Մահացած Է  Արուեստի Վաստակաւոր Գործիչ Յարութիւն Թոփիկեան

Մեր Կորուստները. «Քորոնա»-Ի Համավարակին Պատճառով Մահացած Է Արուեստի Վաստակաւոր Գործիչ Յարութիւն Թոփիկեան

«Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով 69 տարեկանին կեանքէն  հեռացած է Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբի հիմնադիր,  գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Յարութիւն Թոփիկեան: Յարութիւն Թոփիկեանը ծնած է 1951-ին, Երեւան: Մայեսթրօ Թոփիկեան խմբավարական գործունէութեան սկսած է 1976-ին` Հայաստանի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի սենեկային երգչախումբի ղեկավարութեամբ: 1996-ին Յարութիւն Թոփիկեանի կողմէ հիմնուած Երեւանի սենեկային երգչախումբը կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին նուաճած է իր ուրոյն...

«Ազդակ»-ի Առցանց Լսարան.  Անհրաժեշտ Է Գործընկերութեան Նոր Որակ Հաղորդել Ռազմավարական Մեր Դաշնակիցին Հետ

«Ազդակ»-ի Առցանց Լսարան. Անհրաժեշտ Է Գործընկերութեան Նոր Որակ Հաղորդել Ռազմավարական Մեր Դաշնակիցին Հետ

«Ազդակ»-ի 15-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 26 հոկտեմբերին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Զեկուցաբերն էր Արցախի Հանրապետութեան նախագահի արտաքին հարցերու խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան: Նիւթ` «Արցախեան պատերազմ. շարժառիթներ եւ աշխարհաքաղաքականութիւն»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Բաբայեան նախ յայտնեց, որ Ազրպէյճան երրորդ անգամ ըլլալով հետեւողականօրէն խախտեց ամերիկեան միջնորդութեամբ կայացած հրադադարի համաձայնութիւնը, հարցումի ձեւով արծարծելով այն միտքը, թէ...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  6,529,000 Լ.Ո. Եւ 110 Տոլար` Արցախին

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. 6,529,000 Լ.Ո. Եւ 110 Տոլար` Արցախին

Շաբաթ, 24 հոկտեմբերին, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի մեծ ընտանիքը ապրեցաւ հոգեպարար եւ նոյն ատեն յուզիչ ժամեր: Արդարեւ, մեր սիրելի ծնողներն ու աշակերտները` ընդառաջելով տնօրէնութեան առաջարկին, ինքնաշարժներով դպրոց ներկայացան եւ իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնը կատարեցին Արցախի զինուորին օգնելու: Անոնք իրենց ինքնաշարժները զարդարած էին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակներով: Աշակերտները վստահութեամբ յայտարարեցին, որ անպայման պիտի յաղթե՛նք: Յուզիչ էր մանաւանդ փոքրիկ տղու մը վարմունքը` ան...

Նիկոսիոյ Մէջ Ինքնաշարժներու Երթ` Իբրեւ Զօրակցութիւն Արցախի

Նիկոսիոյ Մէջ Ինքնաշարժներու Երթ` Իբրեւ Զօրակցութիւն Արցախի

Կիրակի, 25 հոկտեմբերի յետմիջօրէին, կիպրահայ համայնքը հոծ մասնակցութեամբ իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի մէջ մարտնչող հայրենակիցներուն: Կազմակերպուած ինքնաշարժներու համագաղութային երթը, որ սկիզբ առաւ Կիպրոսի գլխաւոր քաղաքներէն` Պաֆոսէն, Լիմասոլէն, Լարնաքայէն եւ Նիկոսիայէն, ամփոփուեցաւ Նիկոսիոյ Ղա Սի Պի մարզադաշտի կանգառին մէջ, ուր համախմբուեցաւ բոլոր մասնակիցները: Համայնքի զաւակները, յատկապէս  երիտասարդները այսպիսով իրենց վճռական բողոքի ձայնը արտայայտեցին ընդդէմ թուրք-ազրպէյճանական ահաբեկչական բարբարոսութեան` հանդէպ Արցախի ազատատենչ...

Շուրջ 20 Հազար Ֆրանսահայեր Փարիզի Մէջ Խաղաղ Ցոյցով Պահանջեցին Արցախի Անկախութեան Ճանաչումը

Շուրջ 20 Հազար Ֆրանսահայեր Փարիզի Մէջ Խաղաղ Ցոյցով Պահանջեցին Արցախի Անկախութեան Ճանաչումը

25 հոկտեմբերին Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ, Էյֆելի աշտարակին մօտ գտնուող Թրոքատերօ հրապարակին վրայ, շուրջ 20 հազար ֆրանսահայեր եւ ֆրանսացիներ խաղաղ ցոյց կատարեցին` Արցախի անկախութեան ճանաչման պահանջով: «Արմէնփրէս»-ին այս մասին տեղեկացուց Փարիզ բնակող լրագրող Էլլադա Ղուկասեան: Հաւաքը կազմակերպած էր Ֆրանսայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը: Հաւաքին ընթացքին համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ Ֆրանսայի...

Աւելի Քան 5000 Հայորդիներ Քանատայի Կառավարութենէն Պահանջեցին Ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան Անկախութիւնը

Աւելի Քան 5000 Հայորդիներ Քանատայի Կառավարութենէն Պահանջեցին Ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան Անկախութիւնը

Ուրբաթ, 23 հոկտեմբեր 2020-ի կէսօրին քանատահայութիւնը խուռներամ բազմութեամբ Օթթաուայի խորհրդարանին դիմաց կայացած ցոյց-քայլարշաւով Քանատայի կառավարութենէն պահանջեց ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, դատապարտել Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ վարած յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնն ու բռնարարքները եւ զօրավիգ կանգնիլ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին ու արդար դատին: Ցոյց-քայլարշաւը, որ կը կրէր «ARTSAKH STRONG» լոզունգը, սկիզբ առաւ Օթթաուայի խորհրդարանէն, ապա ուղղուեցաւ դէպի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան գրասենեակ: Աւելի քան 5000 հայորդիներ`...

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով Օրհնութեան Կարգ Վերանորոգուած Եկեղեցւոյ

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով Օրհնութեան Կարգ Վերանորոգուած Եկեղեցւոյ

Երէկ` կիրակի, 25 հոկտեմբեր 2020-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. պատարագ, որուն ընթացքին ան կատարեց օրհնութեան կարգ` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասներ կրած եւ այժմ վերանորոգուած եկեղեցւոյ: Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ հաւատքով եւ աշխատանքով եկեղեցւոյ աւերածութիւնը կամաց-կամաց վերականգնելով սկսած են վերադառնալ բնականոն կեանքի`...

Հալէպահայութիւնը Ատրպէյճանաթրքական Յարձակումները Եւ Մարդասպանութիւնը Դատապարտեց Ժողովրդային Հաւաքով

Կազմակերպութեամբ «Քրիստափոր» ուսանողական միութեան, Հայ դատի յանձնախումբին եւ Սուրիոյ Երիտասարդաց միութեան, կիրակի, 25 հոկտեմբեր 2020-ին տեղի ունեցաւ ցոյց եւ ժողովրդային հաւաք` ի զօրակցութիւն Արցախի եւ ընդդէմ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ոտնձգութիւններուն: Հալէպի Ազիզիէ շրջանը թնդաց հայ երիտասարդներու բողոքի կանչերով` «Արցախը Հայաստա՛ն է», «Վե՛րջ Ցեղասպանութեան», «Յաղթելո՛ւ ենք» կարգախօսներով: Արաբերէնով բացման խօսք արտասանեց Բերիոյ թեմի Ազգային վարչութեան անդամ, փաստաբան Պայքար Թովմասեան, իսկ հայերէնով`...

Լիբանանահայ Երիտասարդները Բողոքի Ցոյց  Կատարեցին Լիբանանի Մէջ  ՄԱԿ-ի Կեդրոնատեղիին Առջեւ

Լիբանանահայ Երիտասարդները Բողոքի Ցոյց Կատարեցին Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Կեդրոնատեղիին Առջեւ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայկական ուսանողական-երիտասարդական միութիւններու, ուրբաթ, 23 հոկտեմբեր 2020-ին տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց` Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Պէյրութի կեդրոնատեղիին առջեւ` նպատակ ունենալով լիբանանահայ երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան բողոքի ձայնը հասցնել` Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ Ազրպէյճանի գործած վայրագ աքթերուն եւ միջազգային օրէնքի դրժումներուն գծով: Բողոքի ցոյցին ընթացքին մասնակից երիտասարդներն ու ուսանողները հանդէս եկան կանչերով, դատապարտումի եւ Արցախի հայ ժողովուրդին զօրակցութեան լոզունգներով: Մասնակիցներու...

Կազմութիւն` Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմինին.  ԿԱՄՔ.  Հաղորդագրութիւն Թիւ 1

Կազմութիւն` Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմինին. ԿԱՄՔ. Հաղորդագրութիւն Թիւ 1

Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան դէմ ցցուող տագնապներու մեղմացման նպատակով ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը հետեւողական ճիգով կը շարունակէ ծրագիրներու մշակումը եւ անոնց գործադրութիւնը` ի խնդիր լիբանանցի հայ քաղաքացիին անհատական դժուարութեանց թեթեւացման եւ համայնքի հաւաքական կամքի պահպանման: Առ այդ, նկատի ունենալով «Քորոնա» համաճարակի ծանր պայմանները, երկրի դիմագրաւած ընկերա-տնտեսական սուր տագնապները, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած վնասները, եւ նկատի ունենալով Դաշնակցութեան եւ ՀՕՄ-ի...

Յայտարարութիւն.  Միասնաբա՛ր Զօրակցինք Հայ Աշակերտին

Հաղորդագրութիւն. «Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու Ծրագիր»- 2020-2021 Տարեշրջան

Կրթական նոր տարեմուտի մը սեմին սրտանց կը մաղթենք, որ մերօրեայ կեանքի դժուարին պայմաններուն մէջ մեր ազգային վարժարանները յաջողին` լուսաւոր ելք մը գտնելով իրենց աշխատանքին համար, հաւատարմօրէն շարունակել մեր ազգի մատղաշ սերունդի դաստիարակութեան սրբազան առաքելութիւնը: Այսօր կարիք չկայ յիշեցնելու, թէ ծանր տագնապի մէջ կը գտնուի նաեւ հայ դպրոցը, որ` զրկուած ըլլալով սեփական նիւթական միջոցներէ ու կարելիութիւններէ, իր մարդակերտումի աշխատանքին համար ամբողջութեամբ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մասնակցեցաւ G20 Միջկրօնական  Համագումարին` Իբրեւ Գլխաւոր Դասախօս

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մասնակցեցաւ G20 Միջկրօնական Համագումարին` Իբրեւ Գլխաւոր Դասախօս

Անցեալ շաբաթ չորս օրերու վրայ տարածուած միջկրօնական միջազգային համագումար մը տեղի ունեցաւ` Սէուտական Արաբիոյ մէջ գումարուելիք G20-ի օրակարգի հարցերու քննարկման յատկացուած: Յայտնենք, որ վերջին տարիներուն G20-ի հանդիպումներուն առընթեր միջկրօնական համագումարներ տեղի կ’ունենան` պարզելու կրօններու ու քաղաքացիական կազմակերպութիւններու հայեցակէտերը G20-ի կողմէ քննարկուելիք հարցերու շուրջ: Այս անգամ յիշեալ համագումարը կազմակերպուած էր չորս միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ.- Ապտալլա Բ. թագաւորի հիմնած միջկրօնական ու մշակութային...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Իր Մտահոգութիւնը Յայտնեց Վրաստանի Տարածքով Ազրպէյճանին Զէնքի Մատակարարումով

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Վրաստանի պատուոյ հիւպատոս Մարսել Տաւիտ Խուզամիին յղեց նամակ մը, որուն մէջ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Վրաստանի տարածքով Թուրքիայէն եւ Իսրայէլէն մատակարարումին նկատմամբ զէնքերու եւ զինամթերքներու, որոնք կ՛օգտագործուին թիրախաւորելու համար Արցախի հանրապետութեան մէջ քաղաքայիններ, որոնց կարգին նաեւ մանուկներ, կիներ ու տարեցներ: «Թէեւ Վրաստան յայտարարած է, թէ անկողմնակալ դիրքորոշում մը ունի եւ կը խօսի ի...

Ազգային Թաղում Կատարուեցաւ Հրայր Սողոմոնեանին

Ազգային Թաղում Կատարուեցաւ Հրայր Սողոմոնեանին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի ատենապետ եւ ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի յուղարկաւորութեան եւ ազգային թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2020-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Այս առիթով արտասանուեցան դամբանականներ` ՀՅԴ Բիւրոյին եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Ազգային երեսփոխանական ժողովին կողմէ:  

Հարիւրաւոր Վանգուվըրահայեր Մասնակցեցան Բողոքի Ցոյցի` Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Բարբարոսութեան Դէմ

Հարիւրաւոր Վանգուվըրահայեր Մասնակցեցան Բողոքի Ցոյցի` Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Բարբարոսութեան Դէմ

Կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2020-ի, յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին հարիւրաւոր վանգուվըրահայեր, ընդառաջելով տեղւոյն Հայկական միացեալ մարմինի կոչին, հաւաքուած էին քաղաքի կեդրոնը գտնուող քանատական լրատուութեան առաջին ալիք «Սի. Պի. Սի.» կայանին եւ քաղաքի մեծագոյն մատենադարանին դիմաց: Համայն հայ գաղութը ցուցատախտակներով եւ դրօշակներով հակաազրպէյճանական եւ հակաթրքական բողոքի ցոյց կատարեց եւ քարոզչական հրաշալի աշխատանք տարաւ` նպատակ ունենալով լուսաբանել եւ պարզաբանել Քանատայի ժողովուրդին` Արցախի տարածքին տեղի...

«Սփիւռքը Կարեւոր Դեր Ունի Արցախի Միջազգային Ճանաչման Մէջ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Սփիւռքը Կարեւոր Դեր Ունի Արցախի Միջազգային Ճանաչման Մէջ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա. Կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն ուղղած իր շրջաբերական նամակին մէջ շեշտեց. «Արցախի միջազգային ճանաչման ժամը հնչած է: Յատկապէս սփիւռքը, իր քարոզչական ու յարաբերական լայն կարելիութիւններով կոչուած է Արցախի ճանաչման դրօշը բարձր պահել: Արդարեւ, քաղաքներու, նահանգներու ու կազմակերպութիւններու կողմէ ճանաչման գծով առնուած որեւէ քայլ իր կարեւոր նպաստը կրնայ ունենալ միջազգային համայնքին կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչման մէջ»: Ապա ան...

Page 149 of 365 1 … 148 149 150 … 365

Արխիւներ