Արժանթինի մէջ Ծերակոյտի, Ներկայացուցիչներու տան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան մակարդակով յայտարարութիւններ հրապարակուեցան ի զօրակցութիւն հայ ժողովուրդին: Հայութեան զօրակցութեան յայտարարութեամբ հանդէս եկան նաեւ օրուան իշխանութիւններուն ընդդիմադիր համախմբումի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:
Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպան Եսթեր Մկրտումեան յատուկ հիւրն էր շատ բարձր վարկանիշ ունեցող պատկերասփիւռային յայտագիրի մը` 9 հոկտեմբերի գիշերը: Յայտագիրի այն բաժինին մէջ, որ յատկացուած էր արցախեան պատերազմին, համայնքի հանրածանօթ անձնաւորութիւններ ելոյթ ունեցան դատապարտելով ազրպէյճանաթրքական յարձակումը եւ կոչ ուղղելով աշխարհին ու արժանթինեան հանրային կարծիքին` թոյլ չտալու հայ ժողովուրդին դէմ նոր ցեղասպանութիւն մը: Այդ անձնաւորութիւններու շարքին էին` ձեռնարկատէր Էտուարտօ Էօռնէքեան, արդարադատութեան նախկին նախարար, 1985-ին զինուորական խունթան դատած ատեանի անդամ Լէոն Քարլոս Արսլանեան, հանրածանօթ տնտեսագէտ Քարլոս Մելքոնեան, միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ եւ Թորքուաթօ Տի Թելլա համալսարանի փոխտնօրէն Խուան Կապրիէլ Թոքաթլեան, ծանօթ ձեռնարկատէր Թետի Գարակէօզեան, համավարակներու մասնագէտ եւ «Քովիտ-19»-ի դէմ պայքարի աշխուժ մասնակից Քարլոս Գամպուրեան եւ թենիսի նախկին ախոյեան Դաւիթ Նալպանտեան:
Հարաւային Ամերիկայի մէջ ազրպէյճանաթրքական յարձակումը դատապարտող եւ Արցախի ու Հայաստանի կողքին կանգնելու զօրաշարժը սկսաւ պատերազմի առաջին օրերէն: Երկու հետեւողական հաւաքներ տեղի ունեցան Պուէնոս Այրէսի մէջ:
Առաջինը` 1 հոկտեմբերին Հայաստանի դեսպանատան դիմաց` առ ի զօրակցութիւն հայրենի հողը պաշտպանող բանակին, իսկ երկրորդը` Պուէնոս Այրէսի ՀՅ Դաշնակցութեան «Արամ Մանուկեան» կոմիտէին կազմակերպութեամբ բողոքի ցոյց 3 հոկտեմբերին նախ Ազրպէյճանի, ապա Թուրքիոյ դեսպանատուներուն դիմաց: Այս երկրորդին առիթով յատուկ, Ազրպէյճանի դեսպանատունը գրգռիչ պաստառ մը դրած էր դեսպանատան ճակատին` «Ղարաբաղը Ազրպէյճան է» սպաներէն մակագրութեամբ:
2 հոկտեմբերին Արժանթինի Քորտոպա քաղաքի հայ համայնքը կազմակերպեց միջկրօնական հաւաք մը Ցեղասպանութեան յուշակոթողին մօտ միացեալ նախաձեռնութեամբ ՀՅ Դաշնակցութեան «Արմենիա» երիտասարդական միութեան տեղւոյն մասնաճիւղին եւ ՀԲԸ Միութեան երիտասարդական լիկային: Այս առաջին նախաձեռնութեան յաջորդեց ինքնաշարժներով բողոքի ցոյց կիրակի, 4 հոկտեմբերին, քաղաքի գլխաւոր պողոտաներուն վրայ. այս ցոյցը աւարտեցաւ հաւաքով մը Քորտոպայի պետական համալսարանի պատմական բակին մէջ:
4 հոկտեմբերին Արժանթինի Պուէնոս Այրէս նահանգի հայահոծ Վիսենթէ Լոփես արուարձանային քաղաքի համայնքը հաւաքուեցաւ Արմենիա հրապարակին վրայ տեղադրուած խաչքարին շուրջ` հաւաքական աղօթքով յարգելու համար արցախեան պատերազմին ինկած նահատակներուն յիշատակը եւ հաստատելու Արցախի կողքին կանգնելու յանձնառութիւնը:
5 հոկտեմբերին Չիլիի հայկական համայնքը բողոքի ցոյց կատարեց մայրաքաղաք Սանթիակօ Տէ Չիլիի մէջ ազրպէյճանական հիւպատոսարանին դիմաց: Ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արժանթինէն եւ Ուրուկուէյէն Չիլի հաստատուած հայորդիներ եւ Չիլիի Լիբանանեան երիտասարդութիւն կազմակերպութենէն ներկայացուցիչներ:
6 հոկտեմբերին Արժանթինի մէջ գործող մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններ, որոնք պատմականօրէն աշխուժ եղած են 1976-1983 զինուորական բռնատիրութեան դէմ պայքարի, ժողովրդավարութեան վերադարձի եւ մարդկային իրաւանց հաստատագրումի գործընթացներուն մէջ, միացեալ հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեցին ազրպէյճանական յարձակումը Արցախի դէմ. անոնք պահանջեցին անմիջական զինադադարի հաստատում` տագնապը խաղաղ բանակցութեանց ճամբով լուծելու համար:
Հաղորդագրութիւնը ստորագրողներու շարքին էին ի մասնաւորի Մայիսեան հրապարակի մեծ մայրեր եւ Մայիսեան հրապարակի մայրեր կազմակերպութիւնները:
Հերթական ապատեղեկատուութեան արշաւի շարքին, Պուէնոս Այրէսի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը մամլոյ յատուկ հաղորդագրութեամբ մը «սխալ տեղեկութիւն» որակեց Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծումը:
Նէուքեն նահանգի նոյնանուն մայրաքաղաքի քաղաքային խորհուրդը Արցախի դէմ ազրպէյճանական յարձակումը «խստօրէն» դատապարտող որոշում մը կայացուց:
Պուէնոս Այրէսի նահանգի հայահոծ Լանուս քաղաքի քաղաքապետարանը հայ ժողովուրդին զօրակցութեան յայտարարութիւն տարածեց:
Ուրուկուէյի Անկախութեան հրապարակին վրայ հայ համայնքի կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ 7 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ համայնքային ցոյց:
Արժանթինի եւ Չիլիի հայոց թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեան նամակով մը դիմեց Ֆրանչիսկոս պապին` ահազանգելով հայ ժողովուրդին դէմ նոր ցեղասպանութեան մը վտանգին մասին: Առաջնորդ սրբազանն ու պապը անձնական բարեկամներ են այն ժամանակներէն, երբ պապը տակաւին Պուէնոս Այրէսի կաթողիկէ եկեղեցւոյ Մարիօ Պերկոկլիօ առաջնորդն էր:
Ուրուկուէյի կառավարութիւնը 6 հոկտեմբերին յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ` դատապարտելով «հայ ժողովուրդի վրայ կատարուած յարձակումները»:
Ուրուկուէյի կառավարութեան յայտարարութենէն մէկ օր ետք` 7 հոկտեմբերին, Ուրուկուէյի Ծերակոյտը յայտարարութեամբ մը «անմիջական» զինադադարի պահանջով հրապարակ եկաւ: Նիստին խօսք առաւ զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Լիլիամ Քէշիշեան, որ ներկայիս ընդդիմութեան մէջ գտնուող Լայն ճակատ կեդրոն-ձախ համախմբումէն ծերակուտական է:
7 հոկտեմբերին Արժանթինի համայնքի երիտասարդական կազմակերպութիւններու կազմակերպած` խաղաղութիւն Հայաստանի Մէջ եւ «Խաղաղութիւն Արցախի մէջ» թուիթըրեան արշաւը լայն տարածում գտաւ:
Արժանթինի Ընկերվարական կուսակցութիւնը յայտարարութիւն մը տարածեց` դատապարտելով «Ազրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ»:
8 հոկտեմբերին ինքնաշարժներու երկար շարասիւնով մը Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակներ պարզած հայ համայնքի անդամներ շրջագայեցան Պուէնոս Այրէսի կեդրոնական պողոտաներուն վրայ` դատապարտելով ազրպէյճանաթրքական յարձակումը եւ Արցախի մէջ խաղաղութեան պահանջով: