Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիսաւոր Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Թարգմանչաց Վարդապետաց Տօնին Եւ Դպրեվանքի 90-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացման Առիթով

Հոկտեմբեր 12, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւանդութեան համաձայն, Անթիլիասի դպրեվանքի ուսումնական-կրթական տարեշրջանի վերամուտը տեղի կ՛ունենայ Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին` Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցելով հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ պատարագ, որուն կը հանդիսապետէ Արամ Ա. կաթողիկոս, իսկ պատարագը կը մատուցէ դպրեվանքի տեսուչը:

Արդարեւ, կիրակի, 11 հոկտեմբեր 2020-ին, Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց դպրեվանքի նոր նշանակուած տեսուչ Մեղրիկ եպս. Բարիքեան` հանդիսապետութեամբ վեհափառ հայրապետին: Սրբազան հայրը իր քարոզը սկսաւ Գէորգ Էմինի «Մեր այբուբենը» քերթուածէն հատուածով մը եւ նշեց, որ հայ ժողովուրդը հաւատաց Ս. Սահակին եւ Ս. Մեսրոպին մեզի կտակած Այբուբենին ինքնութեան կնիք եւ հայ մշակոյթին պահապան ըլլալուն: Ան ըսաւ, որ դպրեվանքի 90-րդ տարեշրջանը կը սկսինք տօնին նուիրուած պատարագով, որպէսզի «Աստուած դպրեվանք-տունը վերածէ Սելովամի աւազանի եւ ով որ հոն մտնէ Աստուծոյ, ազգին եւ հայրենիքին ծառայութեան նուիրուի»: Իր խօսքը ուղղելով սաներուն` սրբազանը ընդգծեց որեւէ յաջողութեան մէջ Աստուծոյ կամքն ու օրհնութիւնը տեսնելու հրամայականը եւ շեշտեց նուիրումով ծառայելու կարեւորութիւնը: Խօսելով թարգմանչաց վարդապետներու մարտահրաւէրներուն մասին` տեսուչ սրբազանը զուգահեռներ գծեց ներկայ համաշխարհային տարողութեամբ կեանքի դժուար պայմաններուն հետ եւ դիտել տուաւ, որ հակառակ այս բոլորին` «Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին քաջալերանքով ու կաթողիկոսարանի բարերարներուն մնայուն նեցուկը ունենալով, կը պատրաստուինք քալելու այն ճամբէն, որ մեզի համար պատրաստեցին Թարգմանչաց վարդապետները»: Եզրափակելով, Մեղրիկ սրբազան վստահեցուց, որ դպրեվանքը պիտի շարունակէ իր յանձնառու առաքելութիւնը եւ խնդրեց հաւատացեալներէն, որ չդադրին դպրեվանքին համար աղօթելէ, որպէսզի դպրեվանեցիները միշտ լեցուն մնան երկնային իմաստութեամբ ու բացուին Ս. Հոգիի շնորհներուն:

Պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը, «Ուրախ լեր» շարականին երգեցողութեամբ, ուղղուեցաւ վեհարան, ուր պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ դպրեվանքի կրթական-ուսումնական 90-րդ տարեշրջանին:

Վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ հանդիսութիւնը ընթացք առաւ դպրեվանքի քայլերգով, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ դպրեվանքի հսկիչներէն Գէորգ աբղյ. Գարակէօզեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ դպրեվանքեան կեանքին ու պատմութեան ոսկեայ 90-ամեայ շղթան կազմուած է հոգեմտաւոր, հոգեւոր-ընկերային եւ քրիստոնէական բարոյական արժէքներէ, հաւատաւոր աշխատանքէ եւ Աստուած-դպրեվանք սերտ յարաբերութեան սուրբ ու նուիրական գիտակցութեան ամբողջական ընթացքէ մը:

Տեսուչ սրբազանը խօսք առնելով վկայաբերեց Անթուան Մէյէի` հայերուն մասին վկայութիւն մը, ուր հեղինակը կը նշէ հայ ժողովուրդին հին ազգ ըլլալն ու գոյատեւելու կամք ունենալը,  ապա հրաւիրեց վեհափառ հայրապետը` ուղղելու իր հայրապետական պատգամը:

Վեհափառ հայրապետը վերյիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ընտանիք մըն է, որուն մաս կը կազմենք բոլորս` զանազան պատասխանատուութիւններով, իսկ այս ընտանիքին մէջ դպրեվանքը ունի իր կարեւոր տեղն ու դերը, որովհետեւ անիկա սրբազան առաքելութեան կը պատրաստէ իր զաւակները: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ այսօր պատերազմի մէջ կը գտնուինք երեք ճակատներու վրայ. Հայաստանի ու Արցախի պատերազմ, տնտեսական պատերազմ եւ պսակաձեւ ժահրի պատերազմ: Ան Պօղոս առաքեալի բառերը մէջբերելով մաղթեց, որ բարւոք պատերազմ եւ շուտափոյթ աւարտ ունենան այս պատերազմները: Մենք` իբրեւ եկեղեցի, այս երեք պատերազմներուն առաջին գիծին վրայ կը գտնուինք` մեր ծառայական առաքելութեամբ: Իբրեւ եկեղեցի մենք միշտ ժողովուրդին հետ ու կողքին եղած ենք եւ մասնակից` անոր կեանքի ելեւէջներուն, ցաւին, տառապանքին ու յաջողութեանց, եւ շարունակեց ըսելով, որ եկեղեցին ու ժողովուրդը տարբեր իրականութիւններ չեն, եւ անոնց միջեւ անջատման գիծեր ու սահմաններ գոյութիւն չեն կրնար ունենալ:

Շեշտելով դպրեվանքին դարաւոր առաքելութիւնը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ դպրեվանքի սաները կրթական ծրագիրներու դասաւանդման կողքին նախ եւ առաջ կը ստանան հոգեմտաւոր կազմաւորում, որ եկեղեցիէն կը սկսի եւ եկեղեցիով կը վերջանայ` զայն ժողովուրդին տանելու յանձնառութեամբ: Ան նաեւ յայտնեց, որ դպրեվանքը լայն կարելիութիւններ ունեցող միջավայր մըն է: Այս առիթով ան ողջունեց նորակազմ տեսչութիւնը եւ յորդորեց, որ տեսչութիւնն ու ուսուցչական կազմը, նոյն այս մարդակերտումի առաքելութիւնը ունենալով իբրեւ տեսլական, բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ ու յանձնառութեամբ կատարեն իրենց վստահուած ծանր պարտաւորութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը աւարտեց աղօթելով, որ Աստուած Իր երկնային շնորհներով պայծառակերպէ դպրեվանքի աշակերտութեան, տեսչական եւ ուսուցչական կազմերուն կամքն ու աշխատանքը, օրհնէ հայ ժողովուրդի զաւակները եւ հայոց բանակի քաջարի զինուորները:

Յայտնենք, որ բացման հանդիսութեան ընթացքին նաեւ տեղի ունեցաւ աւետարանական ընթերցում եւ շարականներու երգեցողութիւն` դպրեվանեցիներուն կատարողութեամբ:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ հայրապետական մաղթերգով եւ «Կիլիկիա» քայլերգի միաբերան երգեցողութեամբ:

Նախորդը

Տոմս. «Դատապարտելը Բաւարար Չէ…»

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Մարդասիրական Նպատակներով Զինադադարի Շուրջ Համաձայնութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?