Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի, Նետերլանտներու Եւ Պելճիքայի Ընկերվարական Երիտասարդական Կազմակերպութիւններու Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 12, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ շաբաթավերջին Ֆրանսայի, Նետերլանտներու եւ Պելճիքայի ընկերվարական երիտասարդական կազմակերպութիւնները հետեւեալ յայտարարութիւնը հրապարակեցին հայ-ազրպէյճանական վերսկսած պատերազմին մասին:

27 սեպտեմբերէն սկսած պատերազմը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի (Հայկական անուանումը` Արցախ) շուրջ հասած է սաստկութեան գագաթնակէտին, որ աննախադէպ է 1994-ի զինադադարէն ի վեր: Վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, զոհերուն թիւը, որոնց մէջ փոքր թիւ չեն կազմեր նաեւ քաղաքացիական անձերը, անցած է 200-ը: Զինադադարի պայմանաւորուածութեան խախտումը Ազրպէյճանի մէջ կ՛ընթանայ կառավարութեան կողմէ բոլոր ընկերային ցանցերու արգելափակումով եւ արտասահմանցի լրագրողներու` երկիր մուտք գործելու արգելքով: Միաժամանակ մինչեւ զինադադարի խախտումը արդէն Թուրքիոյ միջոցով, Ազրպէյճան մեկնած էին մեծ թիւով սուրիացի վարձկաններ: Բոլոր այս տեղեկութիւնները, որոնք ի միջի այլոց արդէն հաստատուած են միջազգային անկախ լրատուութիւններու միջոցով, կը խօսին այն մասին, որ զինադադարի այս անգամուան խախտումը վաղուց արդէն նախապատրաստուած էր Ազրպէյճանի կողմէ` Թուրքիոյ օգնութեամբ:

Մենք` Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Նետերլանտներու երիտասարդ ընկերվարներս,  ամենայն ուշադրութեամբ կը հետեւինք այս զարգացումներուն: Մենք կը դատապարտենք ծանր հրետանիի օգտագործումը ապառազմական թիրախներու դէմ, ինչպիսին է Ստեփանակերտը: Մենք կը դատապարտենք ազգայնամոլ քարոզչութեան տարածումը պատերազմական յաջողութիւններ արձանագրելու նպատակով: Կը դատապարտենք նաեւ արտասահմանցի լրագրողներու մուտքի արգելքը դէպի Ազրպէյճան: Միաժամանակ կը դատապարտենք Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակողական հռետորաբանութիւնը Հայաստանի հանդէպ եւ զանոնք կը նկատենք շրջանին մէջ խաղաղութեան մեծագոյն սպառնալիք:

Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը յայտարարած են, որ հայերը այս շրջանին մէջ տեղ չունին:

Մենք կը յարգենք Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Անոնք այս պահուն յայտնուած են կիզակէտին այն պատերազմական գործողութիւններուն, որոնց մեծագոյն զոհերը իրենք են: Մենք կոչ կ՛ուղղենք  անյապաղ վերսկսելու խաղաղ բանակցութիւնները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, որոնց նաեւ պէտք է ներառուին Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները: Միաժամանակ կոչ կ՛ուղղենք միջազգային հասարակութեան աջակցելու լարուածութեան թուլացման` յանուն տագնապի խաղաղ լուծման` Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ամբողջութեամբ յարգելով:

Մեր արժէքները կը պարտադրեն մեզի պաշտպանելու տագնապի միայն խաղաղ լուծման ճամբան այս տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող խնդիրին համար: Այս պատերազմը յաղթողներ ունենալ չի կրնար, եւ պատմութեան դասերը կը խօսին այն մասին, որ բռնութիւնը միայն իրավիճակը կ՛ապակայունացնէ եւ հայ ու ազրպէյճանցի ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող վիհը ա՛լ աւելի կը խորացնէ:

Mouvement des Jeunes Socialistes de France
Jonge Socialisten in de PvdA Netherlands
Mouvement des Jeunes Socialistes de Belgique
Jongsocialisten van Belgïe

 

Նախորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Մարդասիրական Նպատակներով Զինադադարի Շուրջ Համաձայնութիւն

Յաջորդը

Սփիւռքի Գաղութներուն Զօրակցութիւնը` Հայաստանին Եւ Արցախին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?