Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հրաւիրուած Է Քսաններու  Խմբակի Ֆորումին` Իբրեւ Գլխաւոր Դասախօս

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հրաւիրուած Է Քսաններու Խմբակի Ֆորումին` Իբրեւ Գլխաւոր Դասախօս

Վեհափառ հայրապետը հրաւէր ստացաւ իբրեւ գլխաւոր դասախօս մասնակցելու Քսաններու խմբակի երկիրներու պետերուն հանդիպման նախօրեակին տեղի ունենալիք միջազգային ֆորումին: Արամ Ա. կաթողիկոս պիտի խօսի «Կրօնի դերը տագնապներու լուծման գծով յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ» նիւթին շուրջ: Քսաններու խմբակի Ֆորումը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ, 12-14 սեպտեմբեր 2021-ին: Անոր պիտի մասնակցին կրօնական, գիտական, տեղեկատուական, ակադեմական եւ այլ մարզերու առնչուած բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ:

Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց  Նորոգեալ Եկեղեցւոյ Օրհնութեան Կարգ

Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Նորոգեալ Եկեղեցւոյ Օրհնութեան Կարգ

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, շաբաթ, 31 յուլիս 2021-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Կիրակմուտքի ժամերգութիւն, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ նորոգեալ եկեղեցւոյ օրհնութեան կարգը: Իր քարոզին սկիզբը առաջնորդ սրբազանը գոհունակութեամբ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ներկայ կեանքի արտասովոր պայմաններուն մէջ առիթ ստեղծեց, որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ...

Հայ Օգնութեան Միութիւնը`  Լիբանանի Կողքին

Հայ Օգնութեան Միութիւնը` Լիբանանի Կողքին

Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) կը շարունակէ իր աջակցութիւնը ցուցաբերել լիբանանահայ գաղութի զաւակներուն, որոնք օր ըստ օրէ կը մխրճուին տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի ահաւոր պայմաններու մէջ: Լիբանանեան թղթոսկիին արժեզրկումը, երկրին մէջ տիրող սղաճը, դեղորայքի եւ ապրուստի հիմնական պէտքերու չգոյութիւնը անելի մատնած են լիբանանցի քաղաքացին: Ի տես երկրի անկայուն իրավիճակին, ՀՕՄ-ը կրկին անգամ կոչ կ՛ուղղէ համայն հայութեան, որպէսզի իր աջակցութեամբ տէր կանգնի...

Լիզպոնի 5 Հերոսներու Գործողութեան  38-Ամեակը` Այնճարի Մէջ

Լիզպոնի 5 Հերոսներու Գործողութեան 38-Ամեակը` Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին երեքշաբթի, 27 յուլիս 2021-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի 5 հերոսներու գործողութեան 38-ամեակի ոգեկոչում: Նահատակներու յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ Լիզպոնի գործողութեան 5 հերոսներուն, այնուհետեւ ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մեղեդի Թոփալեան, որ անդրադառնալով Լիզպոնի մէջ 1983 թուականին տեղի ունեցած իրադարձութեան,...

Հայաշէն.  Հսկում-Հոգեհանգիստ` Լիզպոնի  Գործողութեան Նահատակներուն Յիշատակին

Հայաշէն. Հսկում-Հոգեհանգիստ` Լիզպոնի Գործողութեան Նահատակներուն Յիշատակին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի երեքշաբթի, 27 յուլիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հսկում-հոգեհանգիստ` Լիզպոնի գործողութեան նահատակներու յիշատակին, ներկայութեամբ նահատակ Սեդրակ Աճեմեանի ընտանիքին եւ շրջանի ընկերներուն ու թաղեցիներուն: Կոմիտէութեան անունով խօսք առաւ Արշակ Նալպանտեան, ուր ներկայացուց Լիզպոնի գործողութեան նահատակներուն պատգամը հայ երիտասարդութեան կարչած մնալու իր դատին եւ երբեք չյուսալքուելու, որովհետեւ հայոց պատմութիւնը միշտ ալ...

Լէյլաւանի Մէջ.  Լիզպոնի Հերոսներու Յիշատակին Հաւաք Եւ Նռնենիի Ծառատնկում

Լէյլաւանի Մէջ. Լիզպոնի Հերոսներու Յիշատակին Հաւաք Եւ Նռնենիի Ծառատնկում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, երէկ` երկուշաբթի, 26 յուլիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Լէյլաւանի ժողովրդային տան դիմաց տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 38-ամեակին առիթով յիշատակի հաւաք եւ նռնենիի ծառատնկում: Ս. Երրորդութիւն մատրան հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տէմիրճեանի կողմէ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Հայկ Պողչալեան, որ նշեց, թէ Լիզպոնի գործողութեան յիշատակումը առիթ է արժեւորելու 5 երիտասարդներու...

Ֆանարի Մէջ Ընթացք Առաւ Լէյլաւանի Ամառնային Դպրոցը

Ֆանարի Մէջ Ընթացք Առաւ Լէյլաւանի Ամառնային Դպրոցը

Կազմակերպութեամբ Լէյլաւանի վարչութեան եւ գործակցութեամբ «Գարակէօզեան» հաստատութեան, 19 յուլիս 2021-ին ընթացք առաւ Լէյլաւանի ամառնային դպրոցը: Այս առիթով ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տեմիրճեանը յոյս յայտնեց, որ Լէյլաւանի առաջին ամառնային դպրոցին մէջ մեր փոքրիկները կ՛անցընեն ուրախ, հաճելի եւ դաստիարակիչ պահեր: Տեմիրճեան հաստատեց, որ ծրագիրին կը հսկեն մասնագէտ ուսուցիչներ եւ փորձառու պատասխանատուներ, որոնք իրենց կարելին պիտի կատարեն` ստեղծելու առողջ եւ ապահով...

Լիզպոնի Գործողութեան 38-Ամեակի  Ոգեկոչում Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

Լիզպոնի Գործողութեան 38-Ամեակի Ոգեկոչում Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ` կիրակի, 25 յուլիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 38-ամեակի ոգեկոչում: Լիզպոնի հերոսներու դամբարանին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սոնիա Հաւաթեան, որ դիտել տուաւ, թէ աւանդութեան վերածուած ուխտին հաւատարիմ մնալով անգամ...

Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը  Ամբողջացուց Վնասուած Բնակարաններու  Եւ Վաճառատուներու Հատուցման Ծրագիրը

Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը Ամբողջացուց Վնասուած Բնակարաններու Եւ Վաճառատուներու Հատուցման Ծրագիրը

Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը հինգշաբթի եւ ուրբաթ, 22, 23 յուլիս 2021-ին ամբողջացուց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով քանդուած բնակարաններու եւ վաճառատուներու հատուցման ծրագիրը` երրորդ բաժինով 451 հայրենակիցներու նիւթական օժանդակութիւն յատկացնելով: Այսպիսով իր աւարտին կը հասնի ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ աւելի քան 1900 հայրենակիցներ նիւթական աջակցութիւն ստացան մարմինէն: Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին կողմէ 451 հայրենակիցներու տրամադրուած նիւթական օժանդակութիւնը տրուեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի շրջափակին մէջ:...

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Հատորներու Խմբագրական Կազմի Ամփոփիչ Նիստ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Հատորներու Խմբագրական Կազմի Ամփոփիչ Նիստ

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 25-ամեակի նուիրուած հրատարակութեան խմբագրական կազմի ամփոփիչ նիստը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 23 յուլիս, 2021-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ։ Նիստին նախագահեց Վեհափառ հայրապետը։ Կը մասնակցէին խմբագրական կազմի անդամներ՝ Վարուժան Արք․ Հերկէլեան, Շահան Արք․ Սարգիսեան, Արտեմիս Հացագործեան, Շահան Գանտահարեան եւ Վիգէն Աւագեան։ Ժողովը քննեց հատորներու  բովանդակութեան նախագիծերը։ Առաջինը լոյս պիտի տեսնէ յոբելինական ձեւաչափով՝ 25-ամեայ երթը լուսանկարներով ներկայացուած եւ պետական-պաշտօնական անձնաւորութիւններու ողջունագիրները ներառնող․ իսկ երկրորդը պիտի...

Հաղորդագրութիւն.  Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը  Կ՛օժանդակէ 1951 Բնակարաններու  Նորոգութեան Աշխատանքին

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը Կ՛օժանդակէ 1951 Բնակարաններու Նորոգութեան Աշխատանքին

Յարգելի՛ հայորդի, 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումէն քանի մը օր ետք, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ արք. Փանոսեանին,  կեանքի կոչուեցաւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը, որուն մաս կազմեցին լիբանանահայ երեք համայնքներու, երեք քաղաքական կուսակցութիւններու եւ երեք բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչները: Վերականգնումի մարմինը անմիջապէս անցաւ ծրագրաւորման աշխատանքին, գնահատեց Պէյրութի եւ Մեթնի շրջաններուն մէջ ապրող հայ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմը  Վեհափառ Հայրապետին Հետ Քննարկեց Ժողովրդային  Կարիքներուն Ընդառաջ Օժանդակութեան Աշխատանքները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմը Վեհափառ Հայրապետին Հետ Քննարկեց Ժողովրդային Կարիքներուն Ընդառաջ Օժանդակութեան Աշխատանքները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմը  շաբաթ առտու այցելեց Պիքֆայա` տեսակցելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի վեր առաւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ վեհափառ հայրապետին ունեցած առանցքային դերակատարութիւնը լիբանանահայ գաղութի ապրած ճգնաժամի զանազան փուլերուն ժողովուրդին տարբեր կարիքներուն հասնելու առումով: Ան նաեւ յատուկ կերպով անդրադարձաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերուն Վատիկանի մէջ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի  Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը

Երէկ` ուրբաթ, 16 յուլիս 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանը: Հայաստան ու Արցախ մեկնելէ առաջ, ան եկած էր վեհափառին օրհնութիւնը ստանալու եւ թելադրութիւնները իմանալու: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի համահայկական կառոյցի աշխատանքներուն, որոնց նպատակը նպաստել է Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի հզօրացման եւ մեր ազգին իտէալներուն իրականացման:  

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  Ժբ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Ժբ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Երեքշաբթի, 6 յուլիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    ճեմարանի բացօթեայ խաղավայրին մէջ  տեղի ունեցաւ 2020-2021 տարեշրջանի ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը, փոքրաթիւ ներկայութեամբ` ծնողներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ Ճեմարանի խնամակալութեան ներկայացուցիչներուն: Հանդէսը սկսաւ շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքով. Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Սիլվիա Տէմիրճեան ընթերցեց իր «Նամակ Ճեմարանիս» գրութիւնը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ շրջանաւարտներուն...

Քրիստոսի Պայծառակերպութեան Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Քրիստոսի Պայծառակերպութեան Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Կիրակի, 11 յուլիս 2021-ի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, տօնախմբուեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի եւ հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն երրորդը` Պայծառակերպութեան կամ Այլակերպութեան տօնը: Պայծառակերպութեան տօնին Ս. պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Շահան արք. Սարգիսեան: Սրբազանը քարոզի մեկնակէտ ունէր Պօղոս առաքեալի եփեսացիներուն ուղղուած նամակին 5-րդ...

Վարդավառի Եւ Քրիստոսի Այլակերպութեան Կամ Պայծառակերպութեան Տօները Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Վարդավառի Եւ Քրիստոսի Այլակերպութեան Կամ Պայծառակերպութեան Տօները Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Վարդավառի եւ Քրիստոսի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան զոյգ տօներուն առիթով կիրակի 11 յուլիս 2021-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցեց  եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը` անդրադառնալով կրկնակի առիթներուն, յայտնեց, թէ Վարդավառը հակաքրիստոնէական պատմական ժամանակներէն մեզի եկող յիշատակ մըն է, որուն առիթով մեր ժողովուրդի զաւակները, կեանքի առատութիւն խնդրելով բարերարէն,...

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Ժբ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Ժբ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Հինգշաբթի, 1 յուլիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    Ճեմարանի բացօթեայ խաղավայրին մէջ  տեղի ունեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը, փոքրաթիւ ներկայութեամբ` ծնողներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ Ճեմարանի խնամակալութեան ներկայացուցիչներուն: Հանդէսը սկսաւ շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքով. Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Շահան Հաւաթեան ընթերցեց իր «Վերջին զանգ» գրութիւնը: Ապա ցուցադրուեցաւ շրջանաւարտներուն պատրաստած...

Հայկազեան Համալսարանը Յիշատակեց Անուանակիր` Արմենակ Հայկազեանի Նահատակութեան Հարիւրամեակը

Հայկազեան Համալսարանը Յիշատակեց Անուանակիր` Արմենակ Հայկազեանի Նահատակութեան Հարիւրամեակը

Յուլիս 7-ին նահատակութեան հարիւրամեակն էր Հայկազեան համալսարանի անուանակիրին` վեր. փրոֆ. Արմենակ Հայկազեանի (Հաճըն, 22 սեպտեմբեր 1870-Խարբերդ, 7 յուլիս 1921): «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի կողմէ «Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն ականաւոր հայ մանկավարժը» նկատուած Արմենակ Հայկազեան ասպարէզով նաեւ աստուածաբան էր, մանկավարժ, գիտնական, լեզուաբան եւ երաժիշտ: Ան 1889-ին` 19 տարեկանին, կը ստանայ Պսակաւոր արուեստից աստիճանը Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլեճէն, իսկ 1898-ին` 28 տարեկանին, Եէյլ համալսարանէն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քաղաքական Դէմքեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քաղաքական Դէմքեր

Ուրբաթ, 9 յուլիս 2021-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին Լիբանանի խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆրզլի, նախագահական պալատի տեղեկատուական հարցերու նախկին պատասխանատու Ժան Ազիզ, Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան դոկտ. Ապտալլա Պու Հապիպ եւ Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ: Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էր Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու վերջերս Վատիկանի մէջ տեղի...

Համազգայինի Ե-Ֆորումը Առիթ` Ծանօթանալու Արցախ Աշխարհի Հայկական Մշակութային Արժէքներուն

Համազգայինի Ե-Ֆորումը Առիթ` Ծանօթանալու Արցախ Աշխարհի Հայկական Մշակութային Արժէքներուն

Ե-ֆորումը առցանց ծրագիր մըն է, որուն կրնան մասնակցիլ զանազան երկիրներէ հայեր, եւ  «Զում»-ի միջոցով տեղի պիտի ունենայ 11 եւ 18 յուլիս 2021-ին: Աշխարհի զանազան անկիւններէն խմբուած երիտասարդները առիթը պիտի ունենան ծանօթանալու Արցախ աշխարհի հայկական մշակութային զանազան արժէքներուն եւ Ազրպէյճանի կողմէ անոնց հանդէպ կիրարկուած շարունակական ոչնչացման, ջնջման եւ իւրացման քաղաքականութեան: Նիւթերը պիտի ներկայացուին մասնագէտներու կողմէ` Արցախէն եւ սփիւռքի զանազան երկիրներէ: Նախատեսուած...

Page 133 of 365 1 … 132 133 134 … 365

Արխիւներ