Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի երեքշաբթի, 27 յուլիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հսկում-հոգեհանգիստ` Լիզպոնի գործողութեան նահատակներու յիշատակին, ներկայութեամբ նահատակ Սեդրակ Աճեմեանի ընտանիքին եւ շրջանի ընկերներուն ու թաղեցիներուն:
Կոմիտէութեան անունով խօսք առաւ Արշակ Նալպանտեան, ուր ներկայացուց Լիզպոնի գործողութեան նահատակներուն պատգամը հայ երիտասարդութեան կարչած մնալու իր դատին եւ երբեք չյուսալքուելու, որովհետեւ հայոց պատմութիւնը միշտ ալ լեցուն եղած է ըմբոստ երիտասարդներով, եւ ուշ կամ կանուխ հայ ժողովուրդը իր նպատակին պիտի հասնի:
Ապա նահատակ Սեդրակ Աճեմեանի հայրը կոչ ուղղեց երիտասարդներուն շարունակելու սրբազան պայքարը եւ երբեք ծունկի չգալու թշնամիին բոլոր սադրանքներուն դիմաց: