Երէկ` ուրբաթ, 16 յուլիս 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանը: Հայաստան ու Արցախ մեկնելէ առաջ, ան եկած էր վեհափառին օրհնութիւնը ստանալու եւ թելադրութիւնները իմանալու:
Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի համահայկական կառոյցի աշխատանքներուն, որոնց նպատակը նպաստել է Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի հզօրացման եւ մեր ազգին իտէալներուն իրականացման: