Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լէյլաւանի Մէջ. Լիզպոնի Հերոսներու Յիշատակին Հաւաք Եւ Նռնենիի Ծառատնկում

July 27, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, երէկ` երկուշաբթի, 26 յուլիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Լէյլաւանի ժողովրդային տան դիմաց տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 38-ամեակին առիթով յիշատակի հաւաք եւ նռնենիի ծառատնկում:

Ս. Երրորդութիւն մատրան հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տէմիրճեանի կողմէ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Հայկ Պողչալեան, որ նշեց, թէ Լիզպոնի գործողութեան յիշատակումը առիթ է արժեւորելու 5 երիտասարդներու դերը,  մեր սիրտերուն մէջ փորագրելու հերոսներուն յիշատակը, եւ ամէնէն կարեւորը` շարունակելու քաջարի տղոց պայքարը:

Ան ըսաւ, որ այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունինք Լիզպոնի տղոց կամքին, որովհետեւ վերջին պատերազմին պատճառով Արցախի մեծ մասը կորսնցուցած եւ հազարաւոր նահատակներ տուած ենք, Հայաստանի սահմանները վտանգուած են, համահայկական միասնականութիւնը խախտուած է, երկիրը օրէ օր կը պարպուի ազգային դիմագիծէն եւ արժէքներէն, եւ իշխանութիւնները կ՛առաջնորդուին յանձնուողական ու պարտուողական քայլերով, որոնց գոյութիւնը ամէն օր առաւել եւս վտանգ է:

Հայկ Պողչալեան հաստատեց, որ պայքարող հաւաքականութիւնը իրաւունք չունի ընկճուելու եւ հրաժարելու, որովհետեւ Լիզպոնի տղաքը ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ չյանձնուեցան եւ իրենց գործողութեամբ օրինակ հանդիսացան գերագոյն զոհաբերութեան` իբրեւ Հայ դատի նուիրեալ զինուորներ:

Ապա Ղազար Քէօշկէրեան երգեց «Լիզպոնի տղոց յիշատակին» երգը, որմէ ետք Արազ Էլէյճեան ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Լիզպոնի ողջակէզներին» ստեղծագործութիւնը: Քէօշկերեան նաեւ երգեց «Քանքարաւոր ընկեր» երգը: Լեւոն Փալանճեան, Խաչիկ Ղազարոսեան, Արամ Գոզանեան, Գրիգոր Խարաճեան եւ Պետօ Գալուստեան ընթերցեցին Լիզպոնի հինգ տղոց` Սեդրակ Աճեմեանի, Վաչէ Տաղըլեանի, Արա Գրճլեանի, Սիմոն Եահնիեանի եւ Սարգիս Աբրահամեանի մտածումներէն հաուածներ:

Յայտագիրի աւարտին Լիզպոնի տղոց յիշատակին ակումբի կողքին կատարուեցաւ նռնենիի ծառատնկում` յաւերժացնելու համար Լիզպոնի քաջերուն յիշատակը:

Լիզպոնի յիշատակի հաւաքը փակուեցաւ «Պետրոս Սերեմճեանի յիշատակին» երգի հաւաքական երգեցողութեամբ:

 

Նախորդը

Դեսպան Թրէյսի` Վերին Շորժայի Սահմանագիծ Այցելութեան Ընթացքին. «Միացեալ Նահանգներ Կը Մերժեն Ուժի Կիրարկումը Սահմանազատում Իրականացնելու Պարագային»

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Թուրքիոյ Անօդաչու Թռչող Սարքերու Բաղադրիչներ Եւ Ճարտարագիտութիւն Մատակարարելու Արգելք Կը Պատրաստէ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն.  Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Ոգիով Հզօրացած` Դպրեվանքը Բացաւ 2026-2027 Տարեշրջանի Դռները
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն. Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Ոգիով Հզօրացած` Դպրեվանքը Բացաւ 2026-2027 Տարեշրջանի Դռները

October 14, 2026
Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեան Վեցերորդ Տարելիցի Նշում
Գաղութային

Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեան Վեցերորդ Տարելիցի Նշում

October 14, 2026
Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտին Առիթով.  Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն
Գաղութային

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտին Առիթով. Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.