Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանը Յիշատակեց Անուանակիր` Արմենակ Հայկազեանի Նահատակութեան Հարիւրամեակը

July 13, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յուլիս 7-ին նահատակութեան հարիւրամեակն էր Հայկազեան համալսարանի անուանակիրին` վեր. փրոֆ. Արմենակ Հայկազեանի (Հաճըն, 22 սեպտեմբեր 1870-Խարբերդ, 7 յուլիս 1921):

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի կողմէ «Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն ականաւոր հայ մանկավարժը» նկատուած Արմենակ Հայկազեան ասպարէզով նաեւ աստուածաբան էր, մանկավարժ, գիտնական, լեզուաբան եւ երաժիշտ: Ան 1889-ին` 19 տարեկանին, կը ստանայ Պսակաւոր արուեստից աստիճանը Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլեճէն, իսկ 1898-ին` 28 տարեկանին, Եէյլ համալսարանէն կը ստանայ դոկտորականը:

Անոր յիշատակը նշուեցաւ հետեւեալ ձեռնարկներով.-

– Կոմիտասի «Հով արէք» երգի կատարում ու սփռում (մենակատար սոփրանօ Լիաննա Միքայէլեան, կիթառի ընկերակցութիւն` Մկրտիչ Միքայէլեան): Կատարումին տեսերիզը զետեղուեցաւ համալսարանի պաշտօնական կայքէջերուն վրայ:

– Արմենակ Հայկազեանի երախտաշատ կենսագործունէութեան պատումը եւ ժառանգը ներկայացուեցաւ լիբանանեան «Նուրսաթ» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ:

– Ծաղիկներու զետեղման արարողութիւն եւ վայրկեան մը լռութեամբ յարգանք անոր յիշատակին` համալսարանի բակին մէջ:

–  Յատկանշական յուշահանդէս մը Հայոց ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի թանգարանի սրահին մէջ, ուր հիմնարկին տնօրէն Յարութիւն Մարութեանի բացման խօսքէն ետք համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ներկայացուց կեանքն ու իրագործումները, աքսորն ու մահը վեր. դոկտ. Արմենակ Հայկազեանի: Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ ծաղիկներու զետեղումով եւ երգելով այն հոգեւոր երգը, զոր նահատակը երգած էր իր մահուան սնարին մէջ:

Յիշատակի այս ձեռնարկները արձագանգ գտան տեղական` լիբանանեան, հայկական եւ արբանեակային զանգուածային հաղորդակցամիջոցներէն, եւ լայն լրատուութիւն կատարուեցաւ զանազան երկիրներու համայնքային եւ եկեղեցական միջավայրերուն մէջ:

Վեր. Արմենակ Հայկազեան ձերբակալուած էր 22 մայիս 1921-ին քեմալական ուժերու կողմէ: Աքսորի ընթացքին ան վարակուած էր բծաւոր տենդով (թայֆըս) եւ դարմանումի դիտումնաւոր ուշացումի պատճառով մահացած 7 յուլիս 1921-ին:

Տարիներ ետք` 1955-ին, յարգելու համար յիշատակը ուշագրաւ այս Մեծ Մարդուն, իր աղջկան` Մէյրիին եւ փեսային` Աւագ (Սթիվըն) Մեհակեանի կատարած նուիրատուութեամբ եւ գործօն օժանդակութեամբ Ստեփան Փիլիպպոսեանի, Պէյրութի մէջ կը հիմնուի Հայկազեան համալսարանը` Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կողմէ:

Նահատակ վեր. դոկտ. Արմենակ Հայկազեանի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել` http://www.haigazian.edu.lb/about-haigazian/our-history-heritage/ կայքէջը:

 

 

 

Նախորդը

Հայրենի Յուշեր (14)

Յաջորդը

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանը` Միջին Արեւելքի Մէջ Իր Իւրայատուկ Ներկայութեամբ, Տարեցներու, Հիւանդներու Եւ Թոքախտաւորներու Կեդրոն

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.