Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Հատորներու Խմբագրական Կազմի Ամփոփիչ Նիստ

July 23, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 25-ամեակի նուիրուած հրատարակութեան խմբագրական կազմի ամփոփիչ նիստը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 23 յուլիս, 2021-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ։

Նիստին նախագահեց Վեհափառ հայրապետը։ Կը մասնակցէին խմբագրական կազմի անդամներ՝ Վարուժան Արք․ Հերկէլեան, Շահան Արք․ Սարգիսեան, Արտեմիս Հացագործեան, Շահան Գանտահարեան եւ Վիգէն Աւագեան։

Ժողովը քննեց հատորներու  բովանդակութեան նախագիծերը։ Առաջինը լոյս պիտի տեսնէ յոբելինական ձեւաչափով՝ 25-ամեայ երթը լուսանկարներով ներկայացուած եւ պետական-պաշտօնական անձնաւորութիւններու ողջունագիրները ներառնող․ իսկ երկրորդը պիտի յատկանշուի 25-ամեայ գործունէութեան հոլովոյթին կարեւորագոյն հանգրուանները լոյսին բերող տեղեկատուական եւ վերլուծական գրութիւններով ու վկայութիւններով:

Ժողովը յատուկ կերպով ընդգծեց ուղղագրական եւ կէտադրական միաձեւութիւնը կիրարկելու կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով արմեւմտահայերէնի մէջ այսօր գոյութիւն ունեցող բազմաձեւութեան օրինակները։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժամանակակից պատմութիւնը եւ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետի գահակալական 25 տարիներու գործունէութիւնը արժեւորած են Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններէն, Միացեալ նահանգներէն, Աւստրալիայէն, Գանատայէն, Եւրոպական եւ  Միջին Արեւելեան երկիրներէ  43 պետական, կրօնական եւ հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ։ Անոնց վերլուծոմները եւ Վեհափառի ծառայական արգասիքի մասին կատարած գնահատականները համխմբուած են շուրջ 700 էջի մէջ:

Հատորներու հրատարակութիւնը նախատեսուած է տարեփակէն առաջ:

 

Նախորդը

Յաջորդը

Թոքիոյի 2021 Ողիմպիական Խաղերը

RelatedPosts

Ակնարկ  Փեքին, 6-10 Մարտ 2023
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Փեքին, 6-10 Մարտ 2023

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Իրանն Ու Օմանը Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Ժամանակաւոր Նաւարկման Ուղիի Շուրջ Փոխըմբռնում Գոյացուցին»

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ,  Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ, Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.