Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոնի 5 Հերոսներու Գործողութեան 38-Ամեակը` Այնճարի Մէջ

Յուլիս 29, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին երեքշաբթի, 27 յուլիս 2021-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի 5 հերոսներու գործողութեան 38-ամեակի ոգեկոչում:

Նահատակներու յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ Լիզպոնի գործողութեան 5 հերոսներուն, այնուհետեւ ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մեղեդի Թոփալեան, որ անդրադառնալով Լիզպոնի մէջ 1983 թուականին տեղի ունեցած իրադարձութեան, ըսաւ, թէ  պարզապէս ծրագիր մը չէր, այլ յեղափոխական բանակի գործողութիւն մը, որ մաս կը կազմէր Հայ դատի պահանջատիրական պայքարին, կամքին, հաւատքին եւ կը ներկայացնէր հայ ժողովուրդի յարատեւ վերելքի մէկ մեծ փաստը: Մարտնչումի եւ մարտիրոսութեան ռումբի հզօր դղրդիւն էր Լիզպոնի թրքական դեսպանատան ականահարման գործողութիւնը: Ան իր խօսքը շարունակեց եւ ըսաւ, որ 38 տարիներ առաջ իրենք զիրենք ռումբի վերածած հայդուկները նոր չափանիշներ գծեցին: Մեր Լաւագոյն երիտասարդներէն կոկոն ծաղիկներով կազմեցինք փունջ մը. անոնք ռումբի փոխարէն իրենց դեռատի սրտերը պայթեցուցին` դղրդացնելով համայն մարդկութեան սիրտն ու խիղճը: Իր խօսքը աւարտելով Թոփալեան ըսաւ, թէ մենք` իբրեւ դաշնակցական երիտասարդներ, կու գանք վստահեցնելու, որ Լիզպոնի 5 հերոսներուն կողմէ մեզի վստահուած գործը պիտի շարունակենք: Այսօր` 38 տարիներ ետք Լիզպոնի պատգամը կը մնայ նոյնը` «Պայքար յանուն արդարութեան»: Այո՛, Արցախի մէջ տեղի ունեցած 44-օրեայ պատերազմով մենք ունեցանք յայտնի եւ անյայտ, երիտասարդ նահատակներ, որոնք նոյն Լիզպոնի 5 տղոց նման ձգեցին ամէն բան եւ գացին մեր հողերուն պաշտպանը դառնալու: Պայքարեցանք եւ աւելի եւս պիտի պայքարինք առանց յուսահատելու` իրականացնելու համար մեր ուխտը, որն է վերադարձնել մեր բռնագրաւուած հողերը եւ իրականացնել ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականը:

Բացման խօսքին յաջորդեց Լիզպոնի 5 հերոսներուն յիշատակին նուիրուած երգը. ասմունքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Նարէ Փիլաւճեան` երգեցողութեան ընկերակցութեամբ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութենէն Կալի Գալուստեանի, Գետակ Այնթապլեանի եւ Սէրլի Ադամեանի:

Ապա, օրուան պատգամը ուղղեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամ Եսայի Հաւաթեան, որ ըսաւ. «Եղեռնի յիսնամեակէն ետք, սփիւռքի հայութիւնը այլեւս յոյս չդրաւ խնդրագիրներու, բողոքներու եւ ցոյցերու վրայ, այլ մտածեց վերադառնալ իր յեղափոխական աւանդներուն եւ պարտադրել, որ Հայկական հարցը դրուի օրակարգի վրայ եւ ստիպել մտածել արդարութեան մասին: Զինեալ պայքարի վերադարձով խանգարուեցաւ թշնամիին, ինչպէս նաեւ միջազգային պետութիւններուն հանգիստը, անոնք ստիպուած եղան հաշուի նստիլ այս ժողովուրդին պահանջներուն հետ, այս շարժումին փառաւոր պսակն է Լիզպոնի գործողութիւնը, որ ցնցեց քաղաքական շրջանակները: Հաւաթեան իր խօսքը շարունակելով ըսաւ. «Այո՛, Լիզպոնի տղոց թափած արիւնով աւելի քանդուեցաւ այդ լռութեան պատը, որ տասնամեակներ շարունակ գոյատեւած էր, եւ քանի մը տարի ետք տարբեր երկիրներ սկսան ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ատիկա մենք կը պարտինք մեր հերոս տղոց, որոնք վերադարձուցին մեր ազգին փառքն ու պատիւը: Լիզպոնի տղաքը շատ թելադրանքներ ունին մեզի. ազգը սիրեցէ՛ք, հայը սիրեցէ՛ք, Հայաստանը սիրեցէ՛ք, պատրաստ եղէ՛ք ազգին համար պայքարի եւ Հայաստանը ամէն բանէ վեր»:

Ան անդրադառնալով անցեալ տարի Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրողութիւններուն ըսաւ, թէ ազգը կը գտնուի ճգնաժամի մէջ, յուսահատութիւնը համատարած կ՛ըլլայ եւ թշնամին առիթը օգտագործելով կը փորձէ թափանցել Հայաստանի սահմաններէն ներս, սակայն նայելով հայոց պատմութեան, հայութիւնը միշտ կրցած է դուրս գալ իր յուսահատ վիճակէն, շնորհիւ սրբազան խենթերուն:

Եսայի Հաւաթեան իր խօսքը աւարտելով ըսաւ. «Եկէ՛ք ուխտենք, որ արժանի պիտի ըլլանք Լիզպոնի քաջերուն` այսօր, վաղը եւ յաւիտեան»:

Կոմիտէի խօսքին յաջորդեց մասնաճիւղի եւ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամներուն կարճ ներկայացումը` Լիզպոնի 5 տղոց մասին:

Այնուհետեւ 5 պատանիներ` Վարանդ Այվազեան, Արսէն Տէր Ղուկասեան, Ռուբէն Քիւրտեան, Արինա Աբրահամեան եւ Արենի Այնթապլեան ներկայացուցին Լիզպոնի 5 տղոց խօսքերը, ապա հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Նշան Վարդանեան: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղը յուշանուէրներ յանձնեց Լիզպոնի 5 հերոսներու` ձեռնարկին ներկայ ընտանիքներու անդամներուն:

Աւարտին, ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին, տեղի ունեցաւ քայլարշաւ դէպի Ս. Պօղոս եկեղեցի, ուր նաեւ «Վէրքերով լի» երգին երգեցողութեամբ վառուեցաւ «1983» թիւը խումբ մը ԼԵՄ-ականներու ջահերով:

Նախորդը

Հայաշէն. Հսկում-Հոգեհանգիստ` Լիզպոնի Գործողութեան Նահատակներուն Յիշատակին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած
Գաղութային

Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?