Գաղութային

Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները Հրաւիրուած Են  Հռոմ` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Ընտրելու

Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները Հրաւիրուած Են Հռոմ` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Ընտրելու

Միջին Արեւելքի տարբեր քաղաքներու եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու թեմերուն մէջ ծառայութիւն իրականացնող Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները 20 սեպտեմբեր 2021-էն սկսեալ հրաւիրուած են Հռոմ` Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք ընտրելու համար, որ պիտի փոխարինէ 25 մայիսին վախճանած Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքը: vaticannews-ի հաղորդումով, այս մասին յայտնած է Հալէպի հայ կաթողիկներու առաջնորդ եւ Տանն Կիլիկիոյ հայոց պատրիարքութեան թափուր աթոռի կառավարիչ Պետրոս արք. Միրիաթեան:...

Մեր Կորուստները.  Մահացաւ Երաժիշտ  Եւ Յօրինող Վլադիլեն Բալեան

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Երաժիշտ Եւ Յօրինող Վլադիլեն Բալեան

97 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, յօրինող Վլադիլեն Բալեանը: Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Վլադիլեն Բալեանի մահուան առիթով պիտի ստեղծուի յուղարկաւորութեան կառավարական յանձնախումբ: Բալեան ծնած է 25 ապրիլ 1924-ին, Երեւանի մէջ: Ուսանած է Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ, այնուհետեւ` Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի խմբավարական (1952) եւ ստեղծագործական (1967) բաժիններուն...

Հաղորդագրութիւն

Աւարտեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային ԻԷ. Ժողովը

Չորեքշաբթի, 25 օգոստոս 2021-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցի Շրջանային ԻԷ. Ժողովը, որուն մասնակցեցան պատգամաւորներ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցի տարածքային թէ մասնագիտական մասնաճիւղերէն, ինչպէս նաեւ գեղարուեստի դպրոցներէն: Ներկայ էին նաեւ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին մօտ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները: Ժողովին բացումը կատարուեցաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ` ի յիշատակ նախորդ երկամեակին մահացած համազգայնականներուն, Համազգայինի...

Զօրակցի՛նք Լիբանանահայութեան

Զօրակցի՛նք Լիբանանահայութեան

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Հայ օգնութեան միութիւնը կը շարունակէ իր աջակցութիւնը ցուցաբերել լիբանանահայ գաղութի զաւակներուն, որոնք օր ըստ օրէ կը մխրճուին տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի ահաւոր պայմաններու մէջ: Լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումը, երկրին մէջ տիրող սղաճը, դեղորայքի եւ ապրուստի հիմնական պէտքերու չգոյութիւնը անելի մատնած են լիբանանցի քաղաքացին: Ի տես երկրի անկայուն իրավիճակին, ՀՕՄ-ը կրկին անգամ կոչ կ՛ուղղէ համայն հայութեան, որպէսզի իր աջակցութեամբ տէր...

Մեր Կորուստները.  Մահացաւ Վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական  Արմանտօ Թորգոմեան

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական Արմանտօ Թորգոմեան

8 օր մահաքունի մէջ մնալէ ետք, երեքշաբթի, 24 օգոստոսին, Պուէնոս Այրէսի մէջ մահացաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմանտօ Թորգոմեան: Ան անցեալ երկուշաբթի ունեցած էր ուղեղային անակնկալ կաթուած, որուն պատճառով ան փոխադրուած էր հիւանդանոց: Արմանտօ Թորգոմեան ծնած է Թորգոմ եւ Ալիս Թորգոմեաններու ընտանեկան հայաշունչ յարկին տակ, 8 մարտ 1967-ին, Արժանթին: Ան աւարտած է Պուէնոս Այրէսի Մխիթարեան վարժարանը: Փոքր տարիքէն ան ՀՄԸՄ-ին...

Մեր Կորուստները.  Մահացած Է Իրանցի  Հայագէտ Ահմատ Նուրիզատէն

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Իրանցի Հայագէտ Ահմատ Նուրիզատէն

Մահացած է իրանցի անուանի գրող, թարգմանիչ եւ հետազօտող, Իրանի մէջ հայագիտութեան ամենավառ ներկայացուցիչներէն մէկը` դոկտ. Ահմատ Նուրիզատէն: Ան ծնած էր 1951-ին` Պանտար Անզալիի մէջ: Հայերէն սորված էր իրանահայ բանաստեղծ Արշի Բաբայեանի մօտ, որմէ ետք հայերէնի իր իմացութիւնը կատարելագործած էր Սպահանի պետական համալսարանի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի վարիչ Խաժակ Տէր Գրիգորեանի մօտ: 1969-1970 թուականներուն ան սկսաւ պարսկերէնի թարգմանել եւ հանրութեան...

Մեր Կորուստները.  Մահացաւ Մտաւորական Եւ Հրապարակագիր Մեթր Գասպար Տէրտէրեան

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Մտաւորական Եւ Հրապարակագիր Մեթր Գասպար Տէրտէրեան

Երկուշաբթի, 23 օգոստոսին իր մահկանացուն կնքեց իրաւաբան, հրապարակագիր եւ մտաւորական մեթր Գասպար Տէրտէրեան, որ յայտնի էր իր մարքսեան հայեացքներով: Հակառակ գաղափարական տարբերութիւններուն, «Ազդակ» վերջին տասնամեակի ընթացքին տեղ տուած է մեթր Տէրտէրեանի հրապարակագրական եւ քաղաքագիտական բնոյթի յօդուածներով: Անոր բազմաթիւ յօդուածները լոյս տեսած են «Ազդակ» օրաթերթին եւ «Ազդակ»-ի բացառիկներուն մէջ:  

Մեսրոպեան Վարժարանի 2020-2021 Աւարտական Հանդէսը

Մեսրոպեան Վարժարանի 2020-2021 Աւարտական Հանդէսը

Յառաջիկայ  Տարեշրջանին Վարժարանը Պիտի Ունենայ France Education-ի Կարգավիճակ 3 օգոստոս 2021-ին տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աւարտական հանդէսը, հնչեց որպէս պատասխան` վերջին տարուան ընթացքին յատկապէս լիբանանցիները պատուհասած ու տակաւին շարունակուող տագնապներուն` այն մասին, որ այս վարժարանը` որպէս մէկ անդամը լիբանանահայ կրթական ընտանիքին, ոչ միայն հաստատ կանգուն է իր առաքելութեան ճամբուն վրայ, այլ հայեացքը յառած կը շարունակէ պահել զարգացումի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի  Եւ Արեւմտեան Ամերիկայի  Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները

Չորեքշաբթի, 18 օգոստոս 2021-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ երկար հանդիպում մը ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս սփիւռքի եւ յատկապէս Քալիֆորնիոյ հայութեան առնչուած հարցեր, նաեւ յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան գծով կատարուող աշխատանքներուն:    

Աստուածամօր Վերափոխման Տօնը  Եւ Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրը Նշուեցան  Համանուն Վանքի Համալիրին Մէջ

Աստուածամօր Վերափոխման Տօնը Եւ Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրը Նշուեցան Համանուն Վանքի Համալիրին Մէջ

Լիբանանի ներկայ տագնապալի պայմաններուն մէջ չենք կրնար մեր աղաչական հայեացքը երկինք չյառել` խնդրելու եւ աղերսելու Աստուածամօր բարեխօսութիւնը: Հաւատացեալ ուխտաւորը իր հայեացքը հաւատքով ուղղելով Աստուածամօր փրկարար դերին պիտի կարենայ դիմագրաւել ամէն տեսակի մարտահրաւէր. իսկ հաւատքը մշտական վերանորոգման ընթացքի մէջ ըլլալով, եկեղեցին կը ստանձնէ այդ պատասխանատուութիւնը եւ հոգեւոր սնունդ կը մատակարարէ իր հոգեպարար արարողութիւններուն եւ հոգեթով քարոզախօսութիւններուն ընդմէջէն: Արդարեւ, նախագահութեամբ Արամ Ա....

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը`  Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը` Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով կիրակի, 15 օգոստոսին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ հաւաքուած ենք նշելու Աստուածամօր երկրաւոր կեանքի վախճանի յիշատակը, նաեւ յիշատակը անոր վերափոխման, այսինքն` երկինք փոխադրութեան: Առաջնորդ սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց Աստուամօր կեանքին, թէ...

Վատիկանի Եւ Հայաստանի Դեսպանները  Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին

Վատիկանի Եւ Հայաստանի Դեսպանները Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ուրբաթ, 13 օգոստոս 2021-ին, յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը եւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազենը: Հայաստանի դեսպանին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցեր: Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպանին հետ վեհափառ հայրապետին ունեցած հանդիպման առանցքը վերջերս Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս պապին ներկայութեան տեղի ունեցած Լիբանանի հոգեւոր...

Հաղորդագրութիւն  (Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի Հաղորդագրութիւնը` Թափօններու Թաղման Վայրին Մասին)

Հաղորդագրութիւն

Պուրճ Համուտի յարգելի՛ բնակիչներ, Լիբանանն ու իր ժողովուրդը վերջին տարիներուն կը դիմագրաւեն իրերայաջորդ տագնապներ ու դժուարութիւններ, որոնք վերջին ամիսներուն վատթարանալով ապրուստի տարրական անհրաժեշտութիւններու ապահովումը տառապալից մարտահրաւէր դարձուցին ժողովուրդին: Այս տագնապներէն նորագոյնը վերջին երկու օրերուն երկրին մէջ մազութի բաշխումի դադրեցումն էր, որուն հետեւանքները կը կրեն բոլոր բնագաւառները, ներառեալ սեփական ելեկտրածին շարժակները: Շրջանին մէջ գործող քարիւղային ընկերութիւնը` «Քորալ Օյլ», նախապէս հասկացողութիւն եւ...

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ-ին Կը Նուիրեն

Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-ԿԱՄՔ. Զգուշացման Կոչ

Վերջին օրերուն «Քորոնա» ժահրի տարածումը նոր թափ ստացած է եւ բազմապատկուած է «Քորոնա»-ով վարակումներու թիւը։ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ճգնաժամային իրավիճակը, դեղորայքի բացակայութիւնը, վառելանիւթի բացակայութեան պատճառով հիւանդանոցներու դիմագրաւած դժուարութիւնները մեզի յաւելեալ անել իրավիճակի առջեւ կը կանգնեցնեն։ Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք, որ նախազգուշական բոլոր միջոցները խստօրէն յարգուին։ Ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանելու կողքին, անհրաժեշտ է դիմակներ կրել եւ հականեխիչ նիւթեր աւելի յաճախակիօրէն օգտագործել։ Հաւաքական...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտ.  «Լիբանանի Հայութեան Վերականգնումի  Աշխատանքներուն Շարունակութիւնը  Մենք Կը Նկատենք Հրամայական»

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտ. «Լիբանանի Հայութեան Վերականգնումի Աշխատանքներուն Շարունակութիւնը Մենք Կը Նկատենք Հրամայական»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 11 օգոստոսին` առաւօտեան ժամը 10:30-ին այցելեց Պուրճ Համուտ եւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ հայ երեսփոխաններուն եւ նախարարի պաշտօնակատարին, լիբանանահայ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային իշխանութեան անդամներուն, պետական պաշտօնեաներուն, մշակութային, մարզական միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, մամուլի եւ տեղեկատուական մարզի գործիչներուն հետ, որոնց յայտնեց իր զօրակցութիւնը` գաղութին դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն դէմ յանդիման,...

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Անցնող երկու շաբաթներու ընթացքին, յաջորդական կերպով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը առցանց հանդիպումներ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն հետ: Հանդիպումներուն կաթողիկոսին կողքին մասնակցեցան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան համաատենապետները` Ստեփան Տէր Պետրոսեան (Լիբանան) եւ Գրիգոր Մահսերեճեան (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), ինչպէս նաեւ` կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան: Թեմերուն կողմէ մասնակցեցան առաջնորդ սրբազանին հետ Ազգ. վարչութեան ատենապետը եւ երբեմն` դիւանը: Իւրաքանչիւր...

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Երկրորդականի Ամավերջի Հանդէս 2020-2021

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Երկրորդականի Ամավերջի Հանդէս 2020-2021

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ  Շահէ արք. Փանոսեանի, ուրբաթ, 9 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ 2020-2021 տարեշրջանի 12-րդ կարգի ամավերջի հանդէսը, որ առցանց սփռուեցաւ վարժարանի Դիմատետրի էջով: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բարի գալուստի խօսք արտասանեց վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեանը` հաստատելով, որ այս տարեշրջանի նաւը ճեղքելով երկրի ընկերատնտեսական ալեկոծութիւններն ու...

Հովանաւորութեամբ Երեք Համայնքապետներուն.  Աղօթքի Հոգեւոր Արարողութիւն` Ի Յարգանս  Լիբանանի Եւ Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերուն

Հովանաւորութեամբ Երեք Համայնքապետներուն. Աղօթքի Հոգեւոր Արարողութիւն` Ի Յարգանս Լիբանանի Եւ Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերուն

Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին հրաւէրով եւ հովանաւորութեամբ երեք համայնքապետներուն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի առաջին տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ, Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կից գտնուող Ժաարայի աստիճաններուն վրայ: Արարողութեան հանդիսապետեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Ձեռնարկին ներկայ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Պէյրութի Նաւահանգիստի  Պայթումէն Տարի Մը Ետք Արդարութիւնը  Կը Շարունակէ Մնալ Անտեսուած»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն Տարի Մը Ետք Արդարութիւնը Կը Շարունակէ Մնալ Անտեսուած»

Այս խիստ բառերով իր ընդվզումը արտայայտեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Սիլիսիա Թի. Վի.»-ին, կիրակի, 1 օգոստոս 2021-ին Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու հոգիներուն համար կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք: Կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ շեշտեց. «Արդարութիւնը չի կրնար զոհը դառնալ քաղաքական նկատումներու ու անձնական հաշիւներու: Ինչ որ պատահեցաւ տարի մը առաջ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ, չի կրնար հեռու մնալ հաշուետուութենէ:...

«Լալան Ու Արան» Խաղերու Շարքին Նորութիւնը` «Թիւերու Աշխարհ»

«Լալան Ու Արան» Խաղերու Շարքին Նորութիւնը` «Թիւերու Աշխարհ»

Համազգայինի մանկավարժական բաժանմունքը հրապարակած էր «Լալան ու Արան» խաղերու շարքը` «Գոյներու աշխարհ», «Ձեւերու աշխարհ», «Գիրերու աշխարհ»: Ահաւասիկ անոնց եկաւ միանալու «Թիւերու աշխարհ»-ը, որ արդէն հրապարակուած է եւ կարելի է առցանց անվճար ներբեռնել iOS եւ android ամէն տեսակի գործիքներու վրայ` այցելելով մեր կայքէջը` www.lalanouaran.com «Թիւերու աշխարհ»-ի նիւթական ծախսերու հովանաւորներն են` Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը եւ Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութիւնը: Մեր սիրելի մանուկները,...

Page 132 of 365 1 … 131 132 133 … 365

Արխիւներ