Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Նորոգեալ Եկեղեցւոյ Օրհնութեան Կարգ

August 2, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, շաբաթ, 31 յուլիս 2021-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Կիրակմուտքի ժամերգութիւն, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ նորոգեալ եկեղեցւոյ օրհնութեան կարգը:

Իր քարոզին սկիզբը առաջնորդ սրբազանը գոհունակութեամբ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ներկայ կեանքի արտասովոր պայմաններուն մէջ առիթ ստեղծեց, որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղականութեան հետ գործակցաբար վերանորոգեն եկեղեցին, որ տասնամեակներ շարունակ իր միջավայրին մէջ ապրող ժողովուրդին զաւակներուն համար եղած է եւ կը շարունակէ մնալ հաւատքի միջնաբերդ: Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ շէնքը եւ քարերը նորոգելը համեմատաբար դիւրին աշխատանք է` աւելցնելով, որ կարեւորը եւ դժուարինը իւրաքանչիւրին մէջ կառուցելն է հոգեւոր այն տաճարը, որուն անկասկած կարիքը կը զգանք բոլորս յատկապէս ներկայ ժամանակներուն:

«Պէտք է հոգիով ըլլանք մաքուր եւ զօրեղ, որպէսզի իբրեւ Աստուծոյ տաճար երկրաւոր այս կեանքի պայմաններուն մէջ մեր քայլերը մնան ուղիղ ու հաստատ եւ կեանքէն եկող դժուարութիւններն ու փոթորիկները չջնջեն եւ չխորտակեն մեզ», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ այդ սպասումով վերանորոգուած է այս սրբարանը, որպէսզի մեր ժողովուրդը կարենայ իր աղօթանուէր կեանքը շարունակել` իր աղօթքներն ու սրտի բաղձանքները վերառաքելով առ Աստուած, վստահ ըլլալով, որ Աստուած կը լսէ իւրաքանչիւրին սրտի իղձերն ու փափաքները եւ մեզ ալեկոծ մեր առօրեայ կեանքի պայմաններէն դուրս հանելով կ՛առաջնորդէ դէպի լուսաբաց հորիզոններ:

Առաջնորդ սրբազանը աղօթեց եւ մաղթեց, որ հայ եկեղեցիով շարունակաբար ըլլանք գիտակից եւ զօրեղ, հաւատարիմ` մեր նախնեաց օրինակին, որոնք անապատներէն դուրս ելլելէ ետք սփիւռքի մեր պայմաններուն մէջ նախ սրբարաններ հաստատեցին, որպէսզի մենք ալ մեր կեանքը սրբութեամբ առաջնորդենք: «Հետեւաբար, մեզ կանխող սերունդներու աւանդը մեր սրտերուն տանելով այսօր խնդրենք Աստուծմէ, որ իր սրբութիւնը առատացնէ այս տան, բայց նաեւ այս տունին շարունակութիւնը եղող մեր յարկերուն մէջ, որպէսզի ամէն տեղ եկեղեցւոյ սրբազան հաւատքով մենք մնանք զօրեղ, ըլլանք գիտակից, արժանի հետեւորդները մեզ կանխող սերունդներուն` քաջ գիտնալով, որ կեանքը վերստին մռայլն ու դժուարը թօթափելով կը վերադառնայ գեղեցիկին, որուն մէջ մենք մեր ընտիր ուժերը սերմանելով անկասկած դարձեալ բարիք կը քաղենք մեր շրջապատէն ու մեր առօրեայէն», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը եւ օրհնեց ժողովուրդն ու տաճարը` աղօթելով, որ սոյն եկեղեցին սրբութեան տուն մնայ եւ նուիրումի տաճար` բոլորին աղօթքներով:

 

Նախորդը

Մեր Օրերու Ցնդաբանութիւնը` Երբ Օտարը Պիտի Կերակրէ Ազգային Բանակը (Լիբանանեան Բանակի Օր)

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հրաւիրուած Է Քսաններու Խմբակի Ֆորումին` Իբրեւ Գլխաւոր Դասախօս

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.