Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրիստոսի Պայծառակերպութեան Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

July 14, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 11 յուլիս 2021-ի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, տօնախմբուեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի եւ հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն երրորդը` Պայծառակերպութեան կամ Այլակերպութեան տօնը:

Պայծառակերպութեան տօնին Ս. պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Շահան արք. Սարգիսեան: Սրբազանը քարոզի մեկնակէտ ունէր Պօղոս առաքեալի եփեսացիներուն ուղղուած նամակին 5-րդ գլխուն 14-րդ համարը: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ այլակերպութեան խորհուրդին` արթննալ մեղքի ու խաւարի աշխարհէն եւ Քրիստոսի լոյսով լուսաւորուիլ, պայծառակերպուիլ, նոր մարդ դառնալ եւ Իրմէ ճառագայթող երկնային լոյսը տարածել երկրի վրայ: «Այս տօնը հայկական աւանդութեան մէջ «Վարդավառ» կը կոչուի, որովհետեւ Տիրոջ լոյսը կ՛անձրեւէ մեր հոգիներուն, կեանքին ու հայրենիքին վրայ` մաքրելով մեզ մեր մեղքերէն եւ լուալով մեր հոգիներն ու մտքերը, որպէսզի նորոգուինք եւ լուսաւորուինք ազգովին: Սովորաբար մեր ժողովուրդի զաւակները ջուր կը սրսկեն իրարու վրայ եւ լաւագոյն բարեմաղթութիւններ կ՛ըսեն իրարու: Օրհնաբաշխ Վարդավառ կը մաղթենք մեր հայրենիքին ու ազգի զաւակներուն»,  իր քարոզը եզրափակեց սրբազան հայրը:

Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կարեւոր են եկեղեցական տաղաւարներու ու ընդհանրապէս բոլոր տօներու նշումն ու պահպանումը, որոնց յիշատակումով կ՛ուղղուինք եկեղեցի եւ Տիրոջ առջեւ կանգնելով կը վերանորոգենք մեր հաւատքի ուխտը:

Թող մեր եկեղեցւոյ ու ազգին օրերը ըլլան Տիրոջմով պայծառակերպուած եւ մեր մեղքերը Տիրոջ ներողամտութեան ջուրով սրսկուած:

Նախորդը

Վարդավառի Եւ Քրիստոսի Այլակերպութեան Կամ Պայծառակերպութեան Տօները Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Ռեճեփ Էրտողան Համաթուրանականութեան Ձգտող Եւ Իսլամը Շահագործող Պատեհապաշտ Մըն Է

RelatedPosts

Արաբական Բաց Համալսարանի Հետ Յուշագիրին  Հիմամբ 2026-2027 Տարեշրջանի Առաջին Կիսամեակին  23 Ուսանողներ Ստացան Կրթաթոշակի Յատուկ Զեղչեր
Գաղութային

Արաբական Բաց Համալսարանի Հետ Յուշագիրին Հիմամբ 2026-2027 Տարեշրջանի Առաջին Կիսամեակին 23 Ուսանողներ Ստացան Կրթաթոշակի Յատուկ Զեղչեր

November 13, 2026
«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Վաթսունամեակի Պաշտօնական Ընթրիքը` Համախմբման Եւ Երախտագիտութեան Առիթ
Գաղութային

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Վաթսունամեակի Պաշտօնական Ընթրիքը` Համախմբման Եւ Երախտագիտութեան Առիթ

November 12, 2026
Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին
Գաղութային

Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.