ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով ուրբաթ, 28 յունուար 2022-ին տեղի ունեցաւ լիբանանեան ֆետերասիոններու ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ-անդամներու առաջին ժողովը:
Ժողովի ընթացքին ներկայացուեցան զեկուցումներ, տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում եւ քննարկում` միշտ նպատակ ունենալով ՀՄԸՄ-ը լաւագոյն պատկերով հրամցնել հանրութեան, լիբանանեան կեանքին մէջ ամրապնդել անոր դերակատարութիւնն ու ներկայութիւնը:
Ժողովին ներկայ էին` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ, սկաուտական ֆետերասիոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Հայկ Թապագեան,
Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի անդամ եւ փինկ-փոնկի ֆետերասիոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Մումջողլեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ, աթլեթի ֆետերասիոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Մարիա Գէորգեան, եռամարտի (թրիաթլոն) ֆետերասիոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Կարէն Արաբկիւլեան, հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Նազօ Հապիպեան,
ճատրակի ֆետերասիոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Էլի Հուլիշեան, ինչպէս նաեւ` Շրջանային վարչութեան անդամներ:
Հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ անդրադառնալու ընդհանրապէս ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն, ներկայ պայմաններուն մէջ տարուած գործունէութեան` տարբեր բնագաւառներու մէջ, ինչպէս նաեւ հեռանկար մը կազմել` ապագայի ծրագիրներուն մասին: