Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Նշում ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ

Փետրուար 17, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնութեան, շաբաթ, 12 փետրուար 2022-ին կեդրոնի 4-րդ յարկի «Թնճուկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի նշում:

Ձեռնարկին ներկայ էին` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կեդրոնի յանձնախումբի  անդամները, կեդրոնի բժիշկներն ու անձնակազմը: Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Եսայի աբղյ. Էօրտէքեան:

Կեդրոնի տնօրէն Նազելի Աւագեան բարի գալուստ մաղթեց  ներկաներուն եւ ըսաւ. «Մենք հաւաքուած ենք այս սրահէն ներս նշելու համար Տեառնընդառաջի տօնը: Թէեւ մեր կեդրոնը առողջապահական բնոյթ ունի, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ հեռու պիտի մնանք մեր հայկական աւանդութիւններէն ու չնշենք զանոնք: Այսօր օտար բարքեր, սովորութիւններ  ծաւալած են մեր շրջապատին մէջ, դեռ աւելին, ամէն օր ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու վրայ կը հանդիպինք մեր աւանդութիւնները խաթարող այնպիսի երեւոյթներու, որոնց դէմ պայքարելու եւ մեր ինքնութիւնը պահպանելու միակ ընտրանքը մեր ազգային աւանդութիւններու, կրօնական ծէսերու պահպանումին մէջ կը կայանայ»: Ապա Աւագեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայր սուրբին, որ ընդառաջեց հրաւէրին, եւ զայն հրաւիրեց օրուան  խորհուրդը փոխանցելու:

Եսայի աբղյ. Էօրտէքեան ներկայացուց Տեառնընդառաջ բառին իմաստն ու անոր դրուագը մանրամասնութիւններով եւ ըսաւ.          «Տեառնընդառաջը իր մէջ ունի վեհ խորհուրդ մը: Անիկա հայերուս համար նշանակելի է իր բովանդակութեամբ, որովհետեւ Տեառնընդառաջի խարոյկին լոյսը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի լոյսը, որ կը լուսաւորէ ամբողջ մարդկութիւնը: Աշխարհի վրայ համայն մարդկութիւնը մխրճուած է մեղքերու մէջ, եւ այս տօնը մեղքի ստրկութենէն ազատելու տօնն է»: Աւելցուց նաեւ. «Քրիստոս ինքզինք նուիրեց եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն եւ Ան աստուածութենէն մարդացաւ: Հետեւաբար մարդիկ պէտք է ապաւինին Աստուծոյ, ինչպէս նաեւ շնորհակալ ըլլան Անոր: Թէեւ մենք այսօր կ՛ապրինք վատ պայմաններու մէջ, եւ խաւարը կը տիրէ ամէն տեղ, սակայն Տեառնընդառաջի խորհուրդէն մեկնած` պէտք է Քրիստոսի լոյսով լեցնենք մեր հոգիները եւ խաւարը հեռացնենք մեր անձերէն»: Հայր սուրբը իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Դուք` որպէս առողջապահական կեդրոնի մէջ ծառայողներ, լաւ գիտէք Քրիստոսի զոհողութեան իմաստը, որովհետեւ ձեր աշխատանքին ընթացքին կ՛ընդունիք այնպիսի մարդիկ, որոնք ձեր կարիքը ունին: Դուք կը ծառայէք ձեր ազգին եւ Լիբանանի ժողովուրդին: Ձեր ծառայութիւնը օրհնուած է, որովհետեւ Աստուած ձեզի յենարան է»:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ուղղուեցան դէպի կեդրոնի մուտքը, ուր վառեցին Տեառնընդառաջի խարոյկը եւ Տէրունական աղօթքով փակեցին ձեռնարկը:

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

«Հայաստանի Իշխանութիւնները Բոլոր Առումներով Մեզ Վատ Անակնկալներու Առջեւ Դրին». Աշոտ Բագրատունի

RelatedPosts

«Սարգիս Կիրակոսեան» Արխիւային Բաժինի Բացում «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ
Գաղութային

«Սարգիս Կիրակոսեան» Արխիւային Բաժինի Բացում «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ

Օգոստոս 20, 2025
Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?