Երէկ երեկոյեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութենէն ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն եւ տարբեր կոմիտէութիւններէ կուսակցութեան շարքերը մուտքի դիմում կատարողներու 67 թեկնածուներ տուին դաշնակցականի իրենց երդումը եւ միացան ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն:
Օրուան կնքահայրը Տիգրան Ճինպաշեան բացատրեց Դաշնակցութեան կանոնագիրին, ծրագիրին, բարոյական սկզբունքներուն, գործելակերպին եւ աւանդութիւններուն կապուած խորհուրդները` շեշտելով, որ դաշնակցական դառնալով հայ անհատը յանձնառու կը դառնայ ծառայելու հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին:
Անդրադառնալով օրուան խորհուրդին փետրուարեան ապստամբութեան, կնքահայրը հաստատեց, որ ապստամբութիւնը յաջորդեց պարտութեան եւ պետականութեան յանձնումին, ապա խորհուրդը այժմէականացնելով նորագիրներու սերունդը անուանեց «Արցախի ազատագրութեան սերունդ»:


