Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 44-րդ Առցանց Լսարան. Ղազախստանը` Թուրանի Կարեւոր Երկիրներէն Մէկը

Փետրուար 16, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 44-րդ առցանց լսարանին նիւթն էր` «Ղազախստանը` թուրանական գարնան եւ ռուս-թրքական աքցանին մէջ», իսկ դասախօսը` Ղազախստանի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Վազգէն Գավլագեան: Առցանց լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դասախօսը նախ յստակացուց, որ ներկայացուելիք նիւթը գիտական բնոյթ չունի, այլ` քաղաքական-վերլուծական: Ինք այնտեղ դիւանագիտական ծառայութեան աւելի քան 10-ամեայ փորձառութիւն ունի, հետեւաբար ներկայացուելիք նիւթին մէջ ներառուած են նաեւ գործուղման ընթացքին տարբեր աշխատանքային հանդիպումներէ բխած ծանօթութիւններ եւ տեղեկութիւններ:

Դասախօսը նիւթը բաժնեց երեք հիմնական մասի. առաջին` Ղազախստան երկիրը յատկանշող հիմնական տեղեկութիւններ, երկրորդ` թուրանական շարժումն ու գաղափարախօսութիւնը, եւ երրորդ` Ղազախստանի վերջին իրադարձութիւնները:

Առաջին բաժինը ներառած էր` երկրի անուան ստուգաբանութիւնը, թիւերու եւ տուեալներու հիման վրայ երկրի հարստութիւնները, տարբեր ոլորտներու աղբիւրները, ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան հոլովոյթը, նախկին համայնավարական վարչակարգի քաղաքականութիւնը Ղազախստանի ուղղութեամբ:

Դեսպան Գավլագեան յատուկ լուսարձակ բացաւ Ղազախստանի մէջ կառուցուած կուլակներու վրայ, ապա անդրադարձաւ Չինաստանի համար Ղազախստանի ներկայացուցած կարեւորութեան:

Այս բաժինին մէջ նկատի առնուեցաւ նաեւ Արեւմուտքի հետաքրքրութիւնը յատկապէս ուժանիւթային պաշարներու շահարկման առաջադրանքներուն նկատմամբ:

Թուրանական շարժման եւ գաղափարախօսութեան ընդհանուր ծիրին մէջ դասախօսը տուեալներ ներկայացուց յատկապէս Թուրքիա-Ղազախստան յարաբերութիւններու զարգացման հոլովոյթին եւ Ղազախստանի թրքական-թուրանական աշխարհին մէջ կարեւոր երկիր ըլլալու հանգամանքներուն:

Հրատապ բաժինը կը վերաբերէր Ղազախստանի դէպքերուն, ուր դասախօսը կեդրոնացաւ շարժիչ գործօններուն, նպաստող ազդակներուն եւ միամտած երկիրներու տեսութիւններուն: «Գորշ գայլեր»-էն մինչեւ Կիւլենի շարժում, հասնելու համար ամերիկեան ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ`  ուղղակի կամ անուղղակի մասնակից դարձած են հարստապետական եւ փտած կարգերու դէմ բողոքի ժողովրդային շարժումի ծաւալման գործընթացին:

Դասախօսը այս բաժնով խօսեցաւ նաեւ ներղազախեան հակասութիւններուն, հարստապետական կարգերուն եւ երկրի հարստութեան փոքրամասնութեան մօտ կուտակումի փաստերուն մասին:

Դասախօսութեան հետեւեցաւ յատկապէս վերջին իրադարձութիւններու զարգացման լոյսին տակ տեսակէտներու եւ հարցումներու ճամբով քննարկում: Դասախօսը առարկայական պատասխաններ տուաւ հնչած հարցումներուն:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները. Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ` Անքնութեան Մասին

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?