Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ալիեւի` Արցախի Բռնագրաւեալ Տարածքին Մէջ Մշակութային Ցեղասպանութիւն Գործելու Մտադրութեան Վերաբերեալ Նամակներ Յղեց Շարք Մը Երկիրներու Դեսպաններուն

February 9, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ, Եւրոպական Միութեան, Լեհաստանի, Շուէտի եւ Վատիկանի դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Պէյրութի մէջ գտնուող շրջանային գրասենեակի տնօրէնին յղեց նամակներ, որոնց մէջ  անդրադարձաւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ մշակոյթի նախարար Անար Քարիմովի կողմէ Արցախի բռնագրաւեալ տարածքներուն մէջ մշակութային ցեղասպանութիւն գործելու բացայայտ ու յստակ մտադրութեան եւ այդ ծրագրի գործադրութեան համար «աշխատանքային խմբակ» յառաջացնելու որոշումին:

«Յստակ Է, որ վերոնշեալ աշխատանքային խմբակը ստեղծելու նպատակը Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիներէն հայկական հետքերը ջնջելն է: Այս խմբակին առաքելութիւնը գործադրելն է ազրպէյճանական բռնատիրութեան` հայկական մշակութային ժառանգութենէն հայկական հետքերը ջնջելու որոշումը, այդպիսով փորձելով ոչնչացնել պատմամշակութային կոթողները, որոնք անհերքելի կերպով կը վկայեն, թէ Լեռնային Ղարաբաղը պատմականօրէն մաս կազմած է Հայաստանին, եւ մշակութային ցեղասպանութիւն գործել:

«Պաքուն իր գրաւած տարածքներէն հայկական մշակութային ժառանգութիւնները քանդելու եւ արմատախիլ ընելու հաստատ պատմութիւն մը ունի: 2005-2007 թուականին Ազրպէյճան արդէն քանդած էր Ջուղայի հայկական խաչքարերը, մինչ միջազգային ընտանիքը լուռ մնաց: Այսօր ան հրապարակաւ կը յայտարարէ, թէ նոյն քաղաքականութիւնը պիտի շարունակէ», նշեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը` աւելցնելով. «Ձեր կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` միջամտելու եւ մարդկութեան դէմ մշակութային վերանորոգ ցեղասպանութիւն մը կանխարգիլելու համար իր ազդեցութիւնը օգտագործելու»:

Նախորդը

Բագրատունի Ընդունեց Ճինէյ Քուլի Այցելութիւնը

Յաջորդը

Կարսի Նահանգապետը Եւ Թուրքիոյ Առեւտուրի Նախարարը Քննարկած Են Հայաստանի Հետ Սահմանի Բացումը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.