Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնը

February 26, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց պատմութեան ամէնէն ոգեւորիչ եւ հայկական ինքնութիւնը էապէս ներկայացնող դէպքերէն Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնը արժանավայել կերպով նշուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Արդարեւ, հինգշաբթի, 24 փետրուար 2022-ի առաւօտուն, մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տօնին նուիրուած Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ` կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբին երգեցողութեամբ: Ս. պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Մակար եպս. Աշգարեան: Սրբազանը իր քարոզին սկիզբը մէջբերեց Պօղոս առաքեալին եբրայեցիներուն ուղղած նամակին 12-րդ գլուխէն հատուած մը, ուր առաքեալը կը յորդորէ մէկ կողմ ձգել մեղքը եւ համբերատարութեամբ դիմադրել փորձութիւնները, մանաւանդ երբ բազմաթիւ վկաներով շրջապատուած ենք: Այս դիտանկիւնէն խօսելով Սրբոց Վարդանանց քաջութեան մասին` սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» մղուած ճակատամարտի տօնը նորոգեց հայուն կեանքը եւ տարբեր ուժականութեամբ ամրապնդեց անոր պայքարելու եւ գոյատեւելու կամքը: Սրբազանը ընդգծեց, որ առաքեալը այս հատուածով կը քաջալերէ հաւատացեալներուն չյուսահատիլ դժուարութիւններուն դիմաց, որովհետեւ չարին դէմ մեր մղած պատերազմները մեր սեփական պատերազմները չեն, այլ` Աստուծոյ, հետեւաբար առանց խախտելու մեր վստահութիւնը Ամենակալին հանդէպ, պէտք է համբերութեամբ պայքարիլ մեզի ներկայացող փորձութիւններուն դէմ: Այնպէս ինչպէս Քրիստոս, իբրեւ մարդ, աննկարագրելի չարչարանքներու ենթարկուեցաւ, բայց յաղթական դուրս եկաւ, նոյնպէս ալ Ղեւոնդեանք եւ Վարդանանք եւ բոլոր նահատակները, իրենց տառապանքը հաւատքով կրելով յաղթական դուրս եկան:

Ապա սրբազանը հաւատացեալները հրաւիրեց վերանորոգուելու Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօներուն խորհուրդով եւ լուսարձակի տակ առաւ երեք հիմնական պահանջներ` պայքարը մղելու պատրաստութիւն, մասնակցութիւն եւ յարատեւութիւն: Ասոնք կարիքը ունին ամէնօրեայ դրութեամբ աղօթքով մարզուելու, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի ընթերցումով, սուրբերու վարքին հաղորդակցելով եւ ինքնաքննութեամբ: Վերջապէս, քարոզիչ սրբազանը յորդորեց հեռանալ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը վտանգող բաներէ` հետեւելով Քրիստոսի օրինակին. «Ահա թէ ինչո՛ւ Վարդանանց սուրբ զօրավարները Քրիստոսը, Աւետարանն ու եկեղեցին դարձուցին իրենց հաւատքին առանցքը: Իրենց հայեացքը ուղղեցին յաւիտենական ճշմարտութեան, անկորնչելի գանձին եւ երկնային արքայութեան, որոնց շնորհիւ «մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է» նշանաբանով կրցան պայքարիլ ու նահատակուիլ վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց», եզրափակեց ան:

Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը Ս. պատարագին չկրցաւ մասնակցիլ` նկատի ունենալով, որ «Քորոնա» ժահրի նշաններ ցոյց տուած էր, եւ յետ քննութեան բժիշկները թելադրած էին, որ հանգիստի որոշ շրջան մը ունենայ:

 

 

Նախորդը

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնի Հանդիսաւոր Նշում` Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Սումկայիթի Ջարդերուն 34-Ամեակին Եւ Պաքուի Ջարդերուն 32-Ամեակին Առիթով Լիբանանեան Լրատուամիջոցներուն Յղեց Հաղորդագրութիւն Մը

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.