Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

«Պուրճ Համուտ 2021-2031. Միասին` Վասն Աւելի Լաւ Ներկայի Եւ Ապագայի» Ծրագիր

Փետրուար 17, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Պուրճ Համուտ 2021-2031. միասին` վասն աւելի լաւ ներկայի ու ապագայի» ծրագիրի իրականացման քայլերու ծիրին մէջ ֆրանսական պատուիրակութիւն մը շաբաթասկիզբին այցելեց Պուրճ Համուտ: Արդարեւ, հարաւային Ֆրանսայի (Փրովանս, Ալփ, Քոթ Տ՛Ազիւր) շրջանի փոխնախագահ, Միջազգային գործակցութեան եւ ելեւմտական հարցերու յանձնակատար Ժան Փիեռ Քոլին, երկուշաբթի, 14 փետրուար 2022-ի առաւօտուն ժողով մը գումարեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ` ներկայութեամբ անոր ընկերացող պատուիրակութեան եւ «ԱՒԻԹԵՄ»-ի խորհուրդի անդամներուն: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ քաղաքապետ Պօղոսեան ներկայացուց ռազմավարական երկարաշունչ ծրագիրի կիրարկման դէմ ցցուող այն մարտահրաւէրները, զորս կը դիմակալէ երկիրը` ժողովուրդ թէ  հաստատութիւններ, իրերայաջորդ տագնապներու եւ պայմաններու լոյսին տակ: Առ այդ, քաղաքապետ Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ու բարձր գնահատեց Ֆրանսայի հարաւային շրջանի այս նախաձեռնութիւնը` Պուրճ Համուտի աջակցութեան եւ նշեալ ծրագիրի ամբողջացման ու գործադրութեան մեկնարկին գծով:

Իր կարգին, Ժան Փիեռ Քոլին, Ֆրանսայի եւ յատկապէս անոր հարաւային շրջանի ամբողջական պատրաստակամութիւնը յայտնեց, չզլանալու կարելի որեւէ  զօրակցութիւն օգնելու համար լիբանանցիներուն` յաղթահարելու այս տագնապը:

Ապա ներկաները պարզեցին ապակեդրոնացեալ գործակցութեան «Պուրճ Համուտ 2021-2031. միասին` վասն աւելի լաւ ներկայի ու ապագայի» խորագրեալ ծրագիրի ցարդ իրագործուած փուլերը:

Այս առիթով Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց ֆրանսական պատուիրակութեան նախագահ Ժան Փիեռ Քոլինը:

Աշխատանիստերու Բացում

Երեքշաբթի, 16 փետրուար 2022-ի առաւօտուն սկսաւ նշեալ ծրագիրի կիրարկման ծիրէն ներս կազմակերպուած աշխատանիստերու առաջին հանդիպումը, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Բացման նիստին ներկայ էին Ժտէյտէ-Պաուշրիէի քաղաքապետ Անթուան Ժպարա, պետական վարչամեքենայի կարգ մը գրասենեակներու պատասխանատուներ, ՄԱԿ-ի միաւորներու, կուսակցական, կղերական, ժողովրդային միութիւններու, քաղաքացիական ընկերութեան եւ շրջանի ներկայացուցիչներ:

Այս առիթով Պուրճ Համուտի քաղաքապետը ողջունելէ ետք ներկաները պարզեց շրջանի իրավիճակն ու անոր կրած անցեալի դառն պայմանները: Պօղոսեան յայտնեց, թէ անցեալին, տասնամեակներ շարունակ Պուրճ Համուտի շրջանը անտեսուած էր պետական հոգածութենէ եւ հաւասարակշռուած բարգաւաճման քայլերէ, իսկ գործադրուած բարեկարգման ծրագիրներուն մէջ զգալի էր ընկերային, կենսոլորտային եւ տնտեսական համապարփակ ուսումնասիրութեան հեռանկարի պակասը: «Սակայն ներկայ քաղաքապետութեան գործունէութեան ծիրին մէջ նախաձեռնեցինք բարեկարգման ծրագիրներու եւ գործարարներու ու յաճախորդներու ներգրաւման միջոցառումներու», շեշտեց Պօղոսեան` նշելով, որ Պուրճ Համուտը Լիբանանի բնակչութեան մանրանկարը կը պարզէ իր բազմատարր բնակիչներու համակեցութեամբ: Քաղաքապետ Պօղոսեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի հարաւային շրջանի պատկան մարմիններուն, որոնք կարճ, միջակ ու երկարատեւ ժամկէտներով ծրագիրներու նախաձեռնեցին` օժանդակելով Պուրճ Համուտի բարեկարգման եւ նորարարութեան քայլերու իրագործման:

Ապա խօսք առին նաեւ հարաւային Ֆրանսայի միջազգային գործակցութեան պատասխանատու  Էմիլիօ Փերեզ եւ «ԱՒԻԹԵՄ»-ի ներկայացուցիչ Մարի Պետուիլ: Փերեզ վերահաստատեց Ֆրանսայի յատկապէս հարաւային շրջանի յանձնառութիւնը` զօրակցելու Լիբանանին եւ Պուրճ Համուտին, վերականգնելու իրենց ճիգերուն մէջ: Պետուիլ պարզեց նշեալ ծրագիրի ծիրին մէջ նախատեսուող աշխատանքի քայլերը, որոնք պիտի կատարուին մէկ շաբթուան տեւողութեամբ: Իր կարգին, Մարի Պետուիլ վերահաստատեց Ֆրանսայի զօրակցութիւնը գործակցութեան եւ օժանդակութեան պատրաստակամութեան գծով:

Նշենք, որ «Պուրճ Համուտ 2021-2031. միասին` վասն աւելի լաւ ներկայի ու ապագայի» խորագրեալ ծրագիրը կը միտի նորարար ու բարգաւաճման ռազմավարական ծրագիրով օժանդակել քաղաքին: Այս աշխատանքի իրականացման իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի եւ Լիբանանեան համալսարանի պատկան մարմինները:

 

Նախորդը

«Հայաստանի Իշխանութիւնները Բոլոր Առումներով Մեզ Վատ Անակնկալներու Առջեւ Դրին». Աշոտ Բագրատունի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?