Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մամլոյ Գրասենեակի Աշխատակիցին Յայտարարութիւնը

Փետրուար 16, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հաղորդագրութիւն մը` ողջունելով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մամլոյ գրասենեակի աշխատակից Թոմաս Մալարտի յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերէր Ազրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քերիմովի 3 փետրուարին կատարած այն յայտարարութեան, թէ Ազրպէյճանի մէջ ձեւաւորուած է «տեղացի եւ օտարերկրացի մասնագէտներէ» կազմուած «աղուանական պատմութեան եւ ճարտարապետութեան մասնագէտներու աշխատանքային խումբ», որուն նպատակն է այսպէս կոչուած «աղուանական տաճարներէն» ջնջել «հայերու ձգած կեղծ արձանագրութիւնները»:

Մալարտ յայտարարեց. «Մշակութային ժառանգութիւնը եւ պատմութիւնը պէտք չէ քաղաքական որեւէ նպատակի համար գործիք դառնան: Մենք ամբողջ աշխարհի տարածքին մեր անդամ պետութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք յարգելու այս սկզբունքը»: Ան նաեւ յայտնեց, թէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կ՛աշխատի թեքնիք առաքելութիւն մը Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւեալ տարածքներ ուղարկելու ուղղութեամբ` աւելցնելով. «Յոյս ունինք, որ ատիկա շուտով կարելի պիտի ըլլայ, սակայն այս պահուն ատոր համար անհրաժեշտ պայմաններ չկան: Ուստի քննարկումները տակաւին կը շարունակուին»:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ողջունեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մամլոյ գրասենեակի աշխատակիցին կեցուածքը եւ յոյս յայտնեց, որ Ազրպէյճան կը դադրեցնէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի թեքնիք առաքելութեան Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւեալ տարածքներ այցելութեան խոչընդոտումը, եւ այդ այցելութիւնը շուտով տեղի կ՛ունենայ:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նաեւ յիշեցուց, որ Լա Հէյի Միջազգային արդարութեան դատարանը 7 դեկտեմբեր 2021-ին «Հայաստանն ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործով իր վճիռին մէջ Ազրպէյճանին հրամայած էր «բոլոր պէտք եղած քայլերը որդեգրել կանխարգիլելու եւ պատժելու համար հայկական մշակութային ժառանգութեան, ներառեալ, սակայն, ոչ միայն, եկեղեցիներու եւ պաշտամունքի այլ վայրերու, յուշակոթողներու, գերեզմանատուներու եւ մշակութային կոթողներու դէմ վանտալիզմի եւ սրբապղծման բոլոր արարքները», իբրեւ Ցեղային խտրականութեան ամէն ձեւերու ջնջման միջազգային հռչակագիրի գործադրման ծիրին մէջ նախնական քայլ:

 

Նախորդը

Լոյս Տեսաւ «Վէմ Մատենաշար»-ի Չորրորդ Կոթողային Աշխատութիւնը` «Ռոստոմի Անտիպ Նամակները» Հատորը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?